image
Հրատապ լուրեր:

«Եղբայրս ոչ մէկ քրոնիկ հիւանդութիւն ունէր». Պետիկ Օղկասեանի եղբայրը խօսած է «Ալ Նահար»ին

«Եղբայրս ոչ մէկ քրոնիկ   հիւանդութիւն ունէր». Պետիկ Օղկասեանի  եղբայրը խօսած է  «Ալ Նահար»ին

Լիբանանեան  «Ալ Նահար» պարբերականէն կը կարդանք.

 

«Քորոնա» ժահրին   հետեւանքով  ունեցանք  զոհ մը եւս: Լիբանանի «Ռաֆիք  Հարիրի»ի   անուան  հիւանդանոցին մէջ իր վերջին շունչը փչեց Պետիկ Օղկասեանը, քանի մը օր տառապելէ ետք: Պետիկն ու անոր հարազատները  ենթադրած էին,  որ ան   կ՚անցընէ սովորական կրիփէ,  սակայն հետազօտութիւններէն ետք, ի յայտ եկած է, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Պայքարելէ ետք հիւանդութեան դէմ, ան իր մահկանացուն կնքեց  ետին ձգելով երկու անչափահաս զաւակներ:

26 Մարտ, 2020-ին Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը իր ամէն օրուայ զեկուցման մէջ , յայտարարեց,   որ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած դէպքերը հասած են 368-ի,  այդպիսով  ընդհանուր թիւին վրայ  աւելցնելով   35 նոր դէպք  նախորդ օրերու  ընդհանուր  պատկերին։ Ինչպէս նաեւ արձանագրուած է երկու մահուան դէպք, որոնք ունէին ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ, մէկը յիսուն տարեկան «Ռաֆիք  Հարիրի»ի   անուան  հիւանդանոցին մէջ, իսկ միւսը՝ եօթանասուն տարեկան , «Սայիտէ Ալ Մաունաթ» հիւանդանոցէն ներս:

Անհիմն տարաձայնութիւններ

Ըստ Պետիկի եղբօր՝ Գրիգորին, Պետիկ երբեք չէր տառապած քրոնիկ հիւանդութենէ, ինչպէս որ լրատուամիջոզներով տարածուած էր. Գրիգոր  կ՚ափսոսար, որ այդ լրատուամիջոցները չէին ստուգած լուրերը:  Պետիկ չունէր ո՛չ սրտի հարց, ո՛չ քաղցկեղ եւ ոչ իսկ շաքարախտ, ան առողջ էր,  եւ   ունէր միայն արեան ճնշումի հարց։ Գրիգոր, որ   խօսած էր «Ալ Նահար» թերթի  լրագրող ՝  Ասրար Շպարոյին մասնաւորապէս     ըսած էր, թէ «Ջերմութիւնը բարձրանալէն առաջ, ան լաւ էր, զանգեց ինծի ըսելու, որ բժիշկին հետ կապ հաստատելէ ետք, վեջինս  յանձնարարած է, երթալ «Ռաֆիք Հարիրի»ի հիւանդանոց եւ ենթարկուիլ «Քորոնա»յի յատուկ քննութեան: Եւ այդպէս ալ եղաւ»:

Արագ վատթարացում

Պետիկ (46 տարեկան) ենթարկուեցաւ «Քորոնա»յի քննութեան ու վերադարձաւ Անթիլիաս  գտնուող  իր տունը: «Յաջորդ օր ստացաւ լուրը, թէ արդիւնքը դրական էր, եւ պէտք է հիւանդանոց երթալ, այս անցեալ Կիրակի օրն էր: Երկուշաբթի մտաւ հիւանդանոց, երբ հեռաձայնեցի, ըսաւ թէ կը լաւանայ: Բայց յաջորդ օրը բժիշկները տեղեկացուցին թէ վիճակը կը վատանայ, իսկ    մէկ օր  անց    ան   յաւերժին մէջ փակեց իր  աչքերը».-ըսաւ Գրիգոր, ապա աւելցուց.- «Եղբօրս ընտանիքը ենթարկուեցաւ «Քորոնա»յի յատուկ քննութեան, եւ կը սպասենք արդիւնքներուն, կը յուսանք, որ բացասական պիտի  ըլլայ  արդիւնքը, մանաւանդ որ որեւէ ախտանիշներ չունին»: Ան նշեց, թէ տնային արգելափակման պայմաններուն պատճառով, վերջին անգամ եղբօրը տեսած էր 17 օր առաջ, երբ հիւանդութեան որեւէ նշաններ չունէր: Իսկ այն հարցումին թէ արդեօք գիտէ որմէ կրնայ վարակուած ըլլալ, ան պատասխանեց « ոչ»:

Այսօր Պետիկ յանձնուեցաւ հողին, կարճ կեանք մը ապրելէ ետք, ան աշխատած էր  քարշիչ  սարքերու  ծառայութիւն  մատուցելով ՝ Պուրճ Համուտի շրջանին  մէջ: Անոր միակ նպատակն էր, հանգիստ կեանք մը ապահովել իր ընտանիքին: Եւ ահա յանկարծ, չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս յայտնուած ժահր մը, որ  վերջակէտ դրաւ  Պետիկի կեանքին։

 

Թարգմանութիւնը ՝ Թ.Գ. -«Արեւելք»

Աղբիւրը՝ «Ալ-Նահար»