image

«Ճիշդ է, որ բոլոր կանխազգուշացման քայլերը կ՚առնենք, սակայն ստած կ՚ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ չենք վախնար այս վարակէն» Լիբանանահայ հիւանդապահ

«Ճիշդ է, որ բոլոր կանխազգուշացման քայլերը կ՚առնենք, սակայն ստած կ՚ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ չենք վախնար այս վարակէն» Լիբանանահայ  հիւանդապահ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հիւանդանոցի աշխատակից, հիւանդապահ՝ Գէորգ Տաղլեան.


-«Քորոնա» ժահրի տարածումէն ի վեր, այս օրերուն ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ:


Ամբողջ աշխարհով տարածուած «Քորոնա» ժահրը մտահոգիչ է, յատկապէս Լիբանանի պարագային ա՛լ աւելի, որովհետեւ նկատի առնելով վերջին երկու երեք ամիսներու Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմանները, այս հիւանդութեամբ ժողովուրդին մօտ աւելի մեծ  մտահոգութիւններ առաջացան։ Չնայած սկիզբը, առաջին մէկ երկու օրերուն, որոշ չափով  քիչ մը շինծու  խուճապի վիճակ կար, սակայն երբ, հետզհետէ պարագաները աւելի շատցան, ժողովուրդին մօտ աւելի լուրջ մտահոգութիւն մը տիրեց:

 

-Դուք որպէս հիւանդապահ՝ հիւանդանոցի աշխատակից, ինչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ այս «Քորոնա» վարակի երեւումէն ի վեր: 


Ուրեմն իւրաքանչիւր հիւանդանոց ունի իր փրոթոքոլը (կարգուձեւը) հիւանդի հետ վարուելու եւ հիւանդ մը ընդունելու վերաբերեալ: Անկեղծ ըլլալու համար, մենք որպէս հիւանդապահներ, այդ մէկը իւրաքանչիւր հիւանդապահի կամ պաշտօնեայի մը համար, մտահոգիչ է, բայց բարեբախտաբար տակաւին, մեր հիւանդանոցին մէջ, չունեցանք պարագայ մը որ կը տառապի «Քորոնա»ի վարակով։


-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այն հիւանդանոցին մէջ, ուր կ'աշխատիք. արդեօք խուճապ կամ վախ կա՞յ:  


Ինչ կը վերաբերի մտահոգութեան, մեր աշխատած հիւանդանոցը նման է Լիբանանի կամ աշխարհի վրայ գործող բոլոր հիւանդանոցներուն: Որովհետեւ այսօրուայ դրութեամբ որեւէ հիւանդանոց, նոյնիսկ լաւագոյն հիւանդանոցը, կրնայ որեւէ մէկ անձ, որեւէ մէկ  վարակի   ենթարկուիլ եւ անոր համար  ալ բոլորս կանխազգուշացման կարեւորագոյն  քայլերը  կ՚առնենք: Նոյնիսկ այցելողներէն զգոյշ ենք եւ  օրուայ  ընթացքին միայն  որոշակի ժամեր յատկացուցած ենք հիւանդներու այցելութեան կամ   իւրաքանչիւր հիւանդի քով մէկ հոգիի մօտենալու  արտօնութիւն կու տանք։  

Իւրաքանչիւր անձ, որ կը մտնէ հիւանդի մը քով, անունը կը դրուի մինչեւ ետ դուրս ելլէ, որպէսզի յաջորդ անձը նոյն հիւանդին քով մտնէ: Այսինքն, մտահոգութիւնը բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ կայ, եւ ի միջի այլոց ըսեմ, որ բարեբախտաբար, մեր աշխատած հիւանդանոցին մէջ, եկան շատ մը պարագաներ, որոնք կը կասակածէին, թէ «Քորոնա» վարակով բռնուած են, սակայն բարեբախտաբար անոնց բոլորին քննութեան արդիւնքները բացասական  դուրս եկան։


- «Քորոնա» ժահրով հայ վարակակիրներ կա՞ն Լիբանանի մէջ:  Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիս:


Մինչեւ օրեր առաջ իր մահկանացուն կնքած լիբանանահայ երիտասարդ  Պետիկ Օղկասեանի պարագայէն բացի մինչեւ այս պահը նոր պարագաներու մասին տեղեկութիւններ չկան։ Առաջիկայ օրերուն  մասին, ոչինչ կրնամ  ըսել մանաւանդ, որ Լիբանանի մէջ վարակը շատ մեծ տարածում   սկսած է  ունենալ եւ այդ մէկն անշուշտ մտահոգիչ է։


-Գալով  հայկական համայնքին,   ի՞նչ կարգադրութիւններ կ'առնուին, աշխատանքներ կա՞ն այս վարակին դէմ պայքարելու համար: 


Համայնքի պատկան մարմինները, ստանալով Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներն ու տուեալները, իւրաքանչիւրն իր միութեան անդամներուն,  իր հովանիի ներքոյ գործող հաստատութիւններուն, ակումբներուն զգուշացուցին հետեւիլ պետութեան կողմէ կատարուած թելադրանքներուն, եւ անշուշտ  համայնքի անդամներն ալ  շատ արագ արձագանգեցին ու հիմա ալ կը հետեւին պատկան մարմիններու խիստ կարեւոր թելադրանքներուն։


-Դուք անձնապէս ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք այս վարակէն, ի՞նչ կ'ըսէք այս վարակի տարածման մասին: Մտահոգ է՞ք կամ արդեօք յուսաբեկուած է՞ք։


Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր անձ, կը վախնայ իր անձին վրայ, կը վախնայ նաեւ իր շրջապատին վրայ, բայց որքան ալ որ զգոյշ ըլլանք, այո կը վախցուի. ես ալ անոնց շարքին կրնամ ըսել որ կը վախնամ, որովհետեւ գործի բերումով, մենք ճիշդ է որ զգոյշ կ'ըլլանք բայց ստիպուած ենք ամէն օր գործի երթալ: Առողջապահութեան  ոլորտին մէջ աշխատողներս, չենք նմանիր, այն ընկերութիւններուն, որոնց աշխատողները իրենց բնակարանէն կ'աշխատին եւ կարող  են իրենց  գործերը կատարել... մեր պարագան լրիւ  տարբեր է: Կը մնայ որ չյուսահատինք, ամէն հիւանդութիւն որ կու գայ ի վերջոյ պիտի գտնուի անոր ճարը որպէսզի մարդիկ բուժուին: Իսկ յատկապէս այս «Քորոնա»-ի պարագային, եթէ քիչ մը շեղինք նիւթէն, որոշ չափով այլ տեսանկիւնէ, կարծես թէ քաղաքական բնոյթ ալ ունի ...  Իմ համեստ կարծիքով  այսօր ստեղծուած վիճակին մէջ կարծես որոշ պատգամներ կան Ամերիկայի, որ վերջին տարիներուն բաւական ժխտական դեր ունեցաւ, ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլ աշխարհի տարբեր «թէժ կէտեր»ուն մէջ։