image

Ժահրը իր պատերազմը դեռ պիտի շարունակէ եւ անոր գլխաւոր թիրախը՝ «Ծեր Եւրոպա»ն է. Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

Ժահրը իր պատերազմը դեռ պիտի շարունակէ եւ անոր գլխաւոր թիրախը՝ «Ծեր Եւրոպա»ն  է. Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ բժիշկ Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան:


-Հաշուի առնելով «Քորոնա»ի ստեղծած  իրավիճակը, արդեօ՞ք շատերու  կողմէ   եղածը  «Մանրէաբանական պատերազմ» (Bacteriological war) համարելը  սնապաշտութիւն կը համարուի։


Կրնայ ըլլալ որ «Մանրէաբանական պատերազմ» է եւ կրնայ ըլլալ որ՝ չէ, բայց, որպէս փաստի արձանագրում, հետեւեալը կրնամ ըսել, որ ճիշդ շաբաթ   մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու   մօտ  Չինաստանի դեսպանը շատ վտանգաւոր յայտարարութիւն մը   կատարեց, ըսելով, որ CIA-ի գործակալներ գործուղուած էին Ուհան, ուր COVID-19 վիրուսը  «բաց թողած» են, նպատակ ունենալով Չինաստանը ծունկի բերել: Դեսպանը իր այս խօսքերուն համար կանչուեցաւ  ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ հարցաքննութեան, իսկ Չինական կառավարութիւնը որեւէ արձագանգ  չունեցաւ, եւ դեսպանը իր ձեռքերը թօթուելով  դարձեալ   դեսպանատուն  վերադարձաւ:

Արագ անդրադարձ մը ընելով, յիշեցնեմ, որ  մինչեւ 24 փետրուար 2020, Չինաստանի մէջ     «Քորոնա»ան   տագնապալի   վիճակ ստեղծած էր,  թէ վարակուածներու եւ  թէ ալ  հիւանդներու մահացութեան թիւի  առումով: Իսկ 27 փետրուարէն սկսեալ ամբողջ աշխարհը գրանցեց Չինաստանի   ունեցած  թիւերէն    շատ աւելի  բարձր թիւեր, իսկ  անցնող  10 մարտին, Չինաստանի նախագահ Շի ճինկփինկ յայտարարեց, որ «Քորոնա»ն արդէն պարփակուած է Հուպի նահանգին մէջ, որ կը նկատուի այս վարակին ծննդավայրը, եւ չմոռնանք, որ նոյն թուականին՝ 10 մարտին, ԱՄՆ-ի մօտ  չին  դեսպանը  վերոնշեալ յայտարարութիւնը  կատարած էր: 

Այսօր սակայն Չինաստանը յաղթահարած է այս ահաւոր, առանց զէնքի կամ ռումբերու, սակայն երկիր փլուզող պատերազմը, եւ առաջ անցած է. Ինչպէ՞ս: Նախ, Չինաստանը ունի կեդրոնացուած կառավարական  համակարգ մը, եւ չմոռնանք, որ հոն իշխող ռեժիմը համայնավարական ռեժիմ  է, երկրորդ՝ երբ  Չինաստանի  մէջ Արտակարգ   Դրութիւն յայտարարուեցաւ, 60 միլիոնէ աւելի մարդ տնային կալանքի տակ առնուեցան, առանց բողոքելու, երրորդ՝ 10 օրուան մրցանակային ժամանակի մէջ չինացիք  կարողացան  հիւանդանոցներ կառուցել, եւ  եղածը  իրաւամբ  խելքի մօտիկ  բան մը չէր: Հոս ի յայտ եկաւ, որ Չինաստանի զարգացած արհեստագիտութիւնը՝ ընդդէմ քորոնային, շահեցաւ: Պարզուեցաւ, որ Չինաստանը ունի բժշկական ռոպոթներ, առաքումի ռոպոթներ, ունի     այդ վիճակներուն համար   կարեւոր  գործ ընող  անօդաչու  թռչող սարքեր, ունի    մաքրող եւ հականեխող ռոպոթներ, որոնք ճանապարհները կը մաքրեն, ունի  շրջիկ ռոպոթներ, որոնք ոստիկաններու կողքին հսկիչ գործառոյթ կը կատարեն,  ունի  արդիական  սարքերով  ոստիկանական     յատուկ ջոկատ, որոնք  կարող էին  մինչեւ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ մարդոց ջերմութիւնը չափել  եւ այս բոլորը գործի դրուեցան ընդդէմ «Քորոնա»ին:

Այսօր Չինասատնի մէջ գոյութիւն ունի 300 միլիոն,  CC TVներ, որոնք ունին դէմքը ճանչնալու, զգացական վիճակդ կարդալու կարողութիւն, այդպիսով կրնան գիտնալ թէ անձը ով է, անմիջապէս կրնայ մտնել անձնագրիդ մէջ եւ «առողջապահական   արխիւ»դ կազմել, ինչպէս նաեւ գործիդ,  գտնուած  վայրերուդ , շփման շրջանակիդ ամբողջ տեղեկատւութեան ցանցը   մէջտեղ հանել. Այսպիսով ամէն անձ ունի իր QR քոտը եւ այդ QR քոտին վրայ պետութիւնը «Քորոնա»ին համար յատուկ՝ կարմիր, կանաչ կամ դեղին վիճակներ ստեղծած է, ան որուն   մօտ   «իրավիճակ»ը  կանաչ է, կրնայ ազատ տեղաշարժիլ, դեղինը՝ կասկածանքի առարկայ է, որոշ տեղեր չի կրնար  մուտք գործել, իսկ կարմիրը ոչ մէկ տեղ կրնայ  այցելել , անմիջապէս կ'արգելափակուի եւ կը բուժուի:

 

-Մինչ վարակը կը շարունակէ  աւերներ գործել ոչ միայն առողջապահական ոլորտին, այլեւ ընկերային-տնտեսական գետիններու վրայ, անդին երեւելի կը դառնայ քաղաքական սուր պայքարներու նոր փուլի ուրուագիծը. Այդպէ՞ս է, եւ այս ընթացքով դէպի ուր կ'երթանք։


Հիմա բոլորիս համար պարզ է, որ առողջապահական վիճակը շատ վատթարացած է, բոլոր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ մաշուած է: Նախքան ընկերա-տնտեսական (socioeconomic) վիճակին անդրադառնալը, նշեմ, որ ըստ դաւադրական վարկածին (conspiracy theory), նոյնիսկ կ'ըսուի, որ «Քորոնա» ժահրը աշխարհի բնակչութեան 10-35 տոկոսը պիտի պակսեցնէ, եւ այսօրուան իրականութեան մէջ,  մահացողները աշխարհի որոշ շրջաններու մէջ երիտասարդներն են, որոշ շրջաններու մէջ ալ՝ ծեր մարդիկ. Մեծահասակներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի Եւրոպա, յատկապէս Իտալիա. Եւ ըսեմ, որ յետքորոնայի առաջին երեւոյթը պիտի ըլլայ ծեր մարդոց վերացումը, կամ երկարակեացութիւն չունենալը:

Այլ երեւոյթներ եւս պիտի փոխուին յետքորոնայի փուլին մէջ. նախ եւ առաջ մենք գիտենք, որ այսօր նաւթը ահաւոր անկում կ'արձանագրէ, սակարանները բոլորը անկման մէջ են, ԱՄՆ  իր սակարանները փակեց, վաճառանիւթերու (commodity), մետաղներ, ոսկի եւ այլն, գիները սկսան իյնալ, եւ ուտելիքներու փոխարժէքները սկսան ահաւոր աճ արձանագրել:

Հոս կ'ուզեմ անդրադարձ մըն ալ  կատարել, թէ ընդհանրապէս որեւէ մեծ ընկերա-տնտեսական (socioeconomic) քաոսէ ետք ինչ տեղի կ'ունենայ:  Մենք գիտենք, որ դրամատիրական համակարգը հիմնուած է երեք սիւներու վրայ՝ դրամարկու (investor), դրամատուն (bank) եւ փոխառնող (loaner): Դրամարկուները դրամագլուխներու հսկաներն են, որոնք իրենց դրամները դրած են   դրամատուներու մէջ, որոնք իրենց հերթին այդ դրամները օգտագործելով կու տան փոխառնողներուն, այսինքն, անոնց, որոնք կ'աշխատին, պարտքով դրամ կ'առնեն եւ իրենց գործունէութեամբ երկիրները կը զարգացնեն եւ առաջ կերթան:  Հիմա, յետքորոնային հանգրուանին այս սիւները պիտի տատանին, որմէ հիմնական տուժողը պիտի ըլլան փոխառնողները, որոնք ժողովուրդին մեծամասնութիւնն են: Մինչ դրամարկուները իրենց դրամները պիտի ուզեն դրամատուներէն եւ դրամատուները նոր դրամանիշ տպելով իրենց հարցը պիտի լուծեն, անդին  փոխառողները ինչպէս պիտի կարենան գլուխ հանել, ճիշդ հոս է հարցը:

 

-Միացեալ Նահանգներու  ղեկավարութիւնը, օրեր առաջ վարակի տարածման մասին     դրական շեշտեր պարունակող յայտարարութիւններ  կատարեց, բայց  եւ այնպէս  վերջին ժամերուն  ԱՄՆ պատասխանատուներ հանդէս եկան  բաւական ժխտական  ձեւակերպումներով։ Ի՞նչ կը կատարուի ԱՄՆ-ի  ճակատին վրայ։

 

Անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի    յայտարարութեան,  որ  տեղի ունեցաւ «Քորոնա»ի երեւումէն  անմիջապէս  ետք,  ապա կրնամ  ըսել, որ  անոր խօսքին մէջ  որոշ լաւատեսութիւն մը  կար: Թրամբ կ'ըսէր,    որ  վարակը    շատ հաւանաբար   պիտի աւարտի մինչեւ  առաջիկայ յունիս ամիսը եւ ԱՄՆ պատրաստ է «ձեռք մեկնելու» Չինաստանին եւ Իրանին, սակայն  աւելի  ուշ  Թրամբ  բոլորովին  այլ հակառակ յայտարարութիւն մը կ'ընէր, ըսելով,   որ ԱՄՆ կը փակէ իր սահմանները բոլոր երկիրներուն հետ, եւ աւելի վտանգաւորը, որ այս ժահրը կրնայ տեւել մինչեւ 2021 թուական: Անշուշտ  այս  խօսակցութիւններուն լոյսին տակ ալ ԱՄՆ-ի մէջ արտակարգ դրութիւն կը  յայտարարուէր: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ  ընդամէնը  մէկ շաբթուան  ընթացքին    աշխարհի գերիշխան պետութեան նախագահին յայտարարութիւններուն մէջ  այդքան հակասական   մօտեցումներ  երեւան ելան:  Այստեղ  ուրիշ պահուած բան մը կայ, որ   ըստ իս  հետեւեալն է. Այսօր մենք գիտենք, որ Չինաստանի սոֆթուէրը, պիկ տաթան, ի հանդիման եկաւ IOS-ին եւ Մայքրոսոֆթին, եւ  զանոնք գերազանցեց, 5G-ին շահեցաւ պատերազմը 4G-ի դէմ  եւ  Չինաստանի մէջ մարդիկ արդէն սկսած են 6G-ին գործածել եւ կատարելագործել. ասկէ ետք պատերազմը պիտի ըլլայ ուղեղներու եւ թէքնոլոճիի պատերազմ, նոր զէնքեր պիտի օգտագործուին, որոնք պիտի ըլլան տաթաները, եւ ոչ թէ օդանաւեր, նաւատորմիղներ եւ այլն.  ու տեսնենք, թէ ինչի պիտի յանգի:

Բնականաբար, երբ որեւէ երկիր  կը սնանկանայ, ոտքի ելլելու համար կը նայի, թէ ինչ ունի. այս առումով, Չինաստանը յաղթողն է, ան ունի ե՛ւ մարդուժը, ե՛ւ թէքնոլոճին, եւ թօթափած է իր վրայէն հիւանդութիւնը: Երկրորդ յաղթող պետութիւնը պիտի ըլլայ Ռուսաստանը, քանի որ ան ալ կեդրոնացած կառավարութիւն ունի,  այնտեղ համայնավարական ռեժիմի  հիմքերը  տակաւին  առկայ  են, ինքը երկիրը անծայրածիր է, շատ հարստութիւններ ունի, եւ չմոռնանք, որ նախագահ Փութին երկու տարի է տոլարէն ձերբազատուելու քաղաքականութեամբ կը զբաղի, իսկ երբ նոր դրամական համակարգ պիտի ստեղծես, դրամ պիտի տպես, դիմացը ոսկի պէտք է  ունենաս, եւ Ռուսաստանը ունի՛ այդ ոսկին:  Այս բոլորը կրնան դանդաղ կերպով իրականացուիլ  հասնելով մինչեւ Պրիքսի երկիրները. հոս Հնդկաստանի վրայ պիտի կեդրոնանամ, որ իր հերթին ունի անծայրածիր մարդուժ եւ լաւ առաջացող տնտեսութիւն, եւ Պրիքսի միջոցով ան ձեռք պիտի մեկնէ նաեւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանին: Այս եռեակը, արդէն աւելի զօրացած, պիտի ապաւինին յաջորդ վաճառանիւթով զօրաւոր երկրին, որ Հարաւային Ափրիկէն է, որ ոսկիներու եւ հանքերու ամբարտակ մըն է: Հինգերորդը, որ չնայած քաղաքականօրէն որոշ չափով տկարացած էր, եւ վաղը ետ պիտի  ոտքի  կանգնի  Պրիքսի գիրկը՝ Պրազիլն է, եւ այս նոր ուժերը որոնք պիտի կազմուին, մարդկութեան պատմութեան մէջ նոր էջ կամ դրամական նոր դրութիւն մը պիտի ստեղծեն, եւ ԱՄՆ-ին ալ պիտի ստիպեն իրենց թելադրած խաղի կանոններով շարժիլ:

 

-Ինչով պիտի ազդուի Մերձաւոր Արեւելքը «Քորոնա»  վարակի  տարածումէն ետք. Վտանգները մեծ ե՞ն։


Մենք շատ լաւ գիտենք, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Ծոցի երկիրները հարուստ երկիրներ են, բայց եւ այնպէս, այս մէկ շաբթուան ընթացքին նաւթի գիները ահաւոր անկում ապրեցան: Ուրեմն, յաջորդ երեւոյթը յետքորոնայի շրջանին պիտի ըլլայ այն, որ նաւթը այդքան ալ պէտքական պիտի չըլլայ: Մենք Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Ծոցի երկիրներու մէջ պիտի տեսնենք յեղաշրջումներ, այն վերնախաւը,  որ  ցարդ  կ'իշխէր ժողովուրդներուն վրայ կրնայ վերանալ: Նաւթային պետութիւնները անկում պիտի ապրին եւ առաջ պիտի գան նոր պետութիւններ: Հոս Լիբանանի աւագանին եթէ «խելքը գլուխը հաւաքէ» եւ կարենայ  առկայ  հարցերը լուծել, շատ մեծ ապագայ կրնայ ունենալ, քանի որ կազի իրենց հանքերը կրնան շատ դրականօրէն օգտագործել, ունինք նաեւ Իսրայէլը, Եգիպտոսը, Լիպիան, Սուրիան. Չմոռնանք, որ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ պատերազմները կարծես իրենց լրումին սկսած են հասնիլ:

 

-Հայաստանի իշխանութիւնները  «Արտակարգ դրութիւն»  հաստատեցին, որուն հիմքով ալ  որոշ կտրուածքով սահմանափակումներ  դրուեցան: Եթէ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը շարունակէ աճ գրանցել, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմեն ՀՀ  իշխանութիւնները:


Հայաստանի վարչապետին առած քայլերուն անդրադառնալով, որպէս բժիշկ իմ գնահատականս տալով, կրնամ ըեսլ, որ առաջին օրէն շատ ճիշդ շարժեցաւ՝ կեդրոնացում, շրջաններու պարփակում (լաքտաուըն), ուրուագծում (թրաքինկ) եւ այլն, անոնք չինական փորձառութեամբ զինուած սկսան հետեւիլ իրավիճակին, 14-օրեայ ինքնամեկուսացում պահանջեցին եւ այլն: Ուրիշ բան մը եւս, որ իսկապէս գնահատելի է, ամբողջ հայ ազգը եւ իր բարերարները փութացին Հայաստանին օգնելու, այն ինչ որ մենք Լիբանանի մէջ չտեսանք, նամանաւանդ իշխող աւագանիէն:

«Քորոնա»ի դէմ պայքարի առումով ես լաւատես եմ Հայաստանի երեսակով, նաեւ լաւատես եմ Պրիքսի երկիրներու նկատմամբ: Սակայն ըսեմ, որ ժահրը իր պատերազմը դեռ պիտի շարունակէ, թէ ինչքան մարդկային կեանք պիտի հնձէ իր ճամբուն վրայ, յառաջիկայ ամիսներուն կը տեսնենք, մանաւանդ «ծեր Եւրոպա»ի մէջ: Այսօր շէնկէնը գոյութիւն չունի, ամէն մէկ երկիր իր սահմանը փակեց միւսին դիմաց, այսինքն Պրէքսիթը, Պրէքսիթով չվերջացաւ, Եուրէքսիթով վերջացաւ: