image

Էրտողանի նեցուկը վայելող թերթը թոյն կը թափէ Երջանկայիշատակ Տ. Շնորհք Պատրիարքին վրայ

Էրտողանի  նեցուկը  վայելող  թերթը      թոյն կը  թափէ Երջանկայիշատակ   Տ. Շնորհք  Պատրիարքին վրայ

Թրքական Gerçek Hayat ամսագիրը հրապարակած է 176 էջանի յատուկ թիւ, որ թիրախ դարձուցած է Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները: Ամսագրի յատուկ հրապարակման վերնագիրն է․ «FETO. ո՞վ է գլխաւոր ահաբեկիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնը: Ամենադաժան ահաբեկչական կազմակերպութեան 100-ամեայ պատմութիւնը»։

Ամսագրի յատուկ թիւը, որ, ինչպէս կը սպասուի, մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը շրջանառութեան մէջ պիտի մնայ, կը պնդէ, որ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդները FETO-ի յանցակիցներ են։ Հրապարակուած են նաեւ այդ առաջնորդներու լուսանկարները:

Յօդուածը կը պնդէ, որ  Յունաց Տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոսը օգնած է FETO-ին կազմակերպելու 2016-ի պետական յեղաշրջման փորձը: Թիրախ դարձած են նաեւ Հրէից   համայնքի գլխաւոր ռապպին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց  նախկին Շնորհք  պատրիարքը եւ Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը:

Gerçek Hayat-ը կապուած է Albayrak Holding-ի հետ, որ յայտնի է, որպէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ սերտ կապ ունեցող հսկայ ընկերութիւն: Անոնք ԶԼՄ-ներուն   ճամբով  սատար կը կանգնին արմատական իսլամներուն եւ յաճախ ալ  կը հետապնդեն քրիստոնեաները՝ ատելութեան խօսքի ճամբով։

 

Սոյն թեմային «Արեւելք»   պիտի անդրադառնայ  աւելի ուշ։