image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան Շնորհք Պատրիարքին դէմ ընթացք առած արշաւի խնդիրը Թուրքիոյ Խորհրդարան տարաւ

Կարօ Փայլան Շնորհք Պատրիարքին դէմ ընթացք առած արշաւի խնդիրը Թուրքիոյ Խորհրդարան տարաւ

Օրերս Թուրքիոյ նախագահին մօտիկ «Կերչէք Հայաթ» ամսագիրը 176 էջերէ բաղկացած յատուկ թիւ մը պատրաստած էր Էրտողանի եւ իր շրջանակին երբեմնի լաւագոյն բարեկամ, ապա երկրին թիւ 1 թշնամին յորջորջուած Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ անոր գլխաւորած ««Ֆեթօ» ահաբեկչական խմբաւորման» մասին:

Կան պնդումներ, որ «Ֆեթօ»ի կառոյցը ջուր կրած է հայկական լոպիի ջաղացքը եւ կ՛ըսուի, որ Կիւլեն գաղտնօրէն կամ բացէ ի բաց դաշինք կնքած է այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք Թուրքիոյ դէմ գործունէութիւն կը ծաւալէին արտասահմանի մէջ եւ որոնք չէին քաշուիր վնասաբեր քայլեր առնելէ Թուրքիոյ դէմ: Տարօրինակ եւ անհիմն պնդումներ կան նաեւ Կիւլենի կողմէ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքին 1965ին ուղղեալ նամակին եւ անոր պատասխանին մասին: Զրպարտութիւններ կան նաեւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու մասին։

Պոլսոյ պատրիարքարանը ցաւ յայտնեց Շնորհք պատրիարքին ուղղեալ յերիւրածոյ զրպարտութիւններուն համար:

Իր կարգին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փալան հարցը տեղափոխեց երկրին խորհրդարանը։ Ան խորհրդարանին միջոցաւ գրաւոր հարցումներ յղեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային։

Փայլան հարցուց, թէ «Թուրքիոյ նախագահին մօտիկ լրատուամիջոցներու կողմէ պարբերաբար օգտագործուող ատելութեան խօսքերը չե՞ն կրնար ատելութեան հիմքով նոր ոճիրներու յանգեցնել»՝ տալով Հրանդ Տինքի, կաթողիկէ հոգեւորական Անտրքա Սանթորոյի սպանութիւններուն եւ «Զիրվէ» հրատարակչատան վրայ կատարուած յարձակումին օրինակը։

Ան յիշեցուց, թէ օրին կառավարութեան բազմաթիւ անդամներ, որոնք Էրտողանի առաջնորդութեամբ Կիւլենը «պատուաւոր հոգեւոր ուսուցիչ» կ՛անուանէին, մասնակցած են Կիւլեկի համայնքի միջոցառումներուն, սակայն ամսագիրը միայն փոքրամասնութիւնները մեղադրած է այս գծով։