image
Հրատապ լուրեր:

Համաճարակը աւելի ծանր, քան պատերազմի տասը տարիները. Երան Զէյթունցեան

Համաճարակը աւելի ծանր,  քան պատերազմի  տասը տարիները. Երան Զէյթունցեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ կրթական   գործիչ ՝ Երան Զէյթունցեանը.

 

-Հալէպը վերջին շրջանին ամբողջապէս ազատագրուեցաւ:  Ի՞նչ  փոխուած է  Հալէպի մէջ ազատագրումէն  ասդին։


Պատկերացուցէք պահ մը տասը երկար տարիներ ապրիլ երազելով, թէ երբ պիտի գայ այն օրը, երբ հեռատեսիլը պիտի միացնես եւ տեսնես պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը կը յայտարարէ Հալէպի ազատագրումը։ Իւրաքանչիւրս երբ պատմութեան գիրք մը կը կարդայինք կամ ռազմական ֆիլմ մը կը դիտէինք, կը զարմանայինք, թէ մարդիկ ինչպէս դիմացած են այդ սարսափելի պատերազմ կոչուածին։ Կը կարծէինք, որ եթէ նոյն իրավիճակին մէջ մենք գտնուէինք, երբեք պիտի չդիմանայինք։ Յետադարձ ակնարկով մը այս բոլորը արդէն մղձաւանջ կ՚երեւին, երբեմն ալ մարդկային ուղեղը կրնայ զարմանալ, որ շատ մը ապրուած դժուարութիւններ խնդալով կը պատմենք։

Այդ սպասուած ազատագրման յայտարարութեան օրը եկաւ։ Սակայն ցաւ ի սիրտ ուրախութիւնը ամբողջական չեղաւ։ Չհասանք վայելել այդ ուրախութիւնը,  որովհետեւ վրայ հասաւ «Քորոնա»ի համաճարակը եւ ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ․ ուրախութիւնը «փորերնիս մնաց»։ Վերադառնալով  ձեր  հարցին, թէ ինչ փոխուած է ազատագրումէն ասդին, ապա պիտի  ըսեմ,  որ մարդիկ ապագային նկատմամբ քիչ մը աւելի լաւատես էին, արդէն շատ մը արհեստանոցներ սկսած  էին վերաբացուիլ, բայց ամէն ինչ անգամ մը եւս կանգնեցաւ, մինչեւ երբ, Աստուած գիտէ։ Բայց մենք արդէն սպասելու վարժ ենք։

 

-Ի՞նչ  են  հալէպահայութեան գլխաւոր  խնդիրներն  այս օրերուն։


Բացի տնտեսական պայմաններու ծանրութենէն դժուար էր նաեւ ականատես ըլլալ մայր գաղութի նօսրացման։ Իւրաքանչիւր գաղթող հայու հետ, կամ իւրաքանչիւր իր մէկ դասարանին դռները փակող հայկական դպրոցի մը հետ մեր գաղութի պատմութեան մէկ էջն ալ կը փակուէր։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Սուրիոյ պատմութեան ընթացքին քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով գաղութը գաղթեր տեսած է, բայց այս անգամ ցաւը աւելի մեծ էր։ Մենք, որպէս կազմակերպուած գաղութ, արդէն ձուլումի վտանգը թօթափած՝ մշակութային ամէն մէկ գործունէութիւնը կը կազմակերպէինք այնպիսի բծախնդրութեամբ եւ հոգատարութեամբ, որ հիմնական նպատակը կ՚ըլլար ո՛չ թէ զուտ հայապահպանումը, այլ նաեւ ձեռք բերել արուեստի որոշ մակարդակ եւ որակ։ Մենք այլեւս մտահոգուած չէինք համատարած երեւոյթ դարձած օտար ամուսնութիւններով, օտար դպրոց յաճախող եւ հայերէն գրել կարդալ չգիտցող հայ երեխաներով։ Հալէպահայ գաղութը վեր էր այս խնդիրներէն։ Ցաւալին այն է, որ հազիւ կը զգաս, որ ամէն ինչ տեղին է ու կարծես տարիներով փայփայած եւ տեղ հասցուցած ծրագիրներուդ արգասիքը պէտք է վայելէիր ու ահա նոր փոթորիկ մը կու գայ խառնելու ամէն ինչ։

 

-Հարց տալով «Քովիտ- 19» համաճարակին մասին, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ այս վտանգաւոր համաճարակը հալէպահայութեան վրայ եւ ի՞նչ են մտավախութիւնները։


Շատ մը մարդիկ ինծի հետ համաձայն չեն այս կարծիքին, բայց եւ այնպէս ես համոզուած եմ իմ տեսակէտով։ Համաճարակը աւելի ծանր էր մեզի համար քան պատերազմական տասը տարիները։

Պատերազմի տարիներուն, երբ դուրս հաստատուած մեր բարեկամները յաճախ կը զանգէին ստուգելու մեր իրավիճակը ինկած հրթիռէ մը կամ պայթումէ մը ետք եւ մենք ալ երբ կը պատասխանէինք, որ մենք այս պահուս թատերական ներկայացման ենք, կամ տակաւին կը շարունակենք հայկական դպրոցներէն ներս ընդհանուր զարգացման մրցում մը․ մեզ խենթեր կ՚անուանէին։ Բայց այդ խենթութեան պատճառով մենք շարունակեցինք ոչ միայն գոյատեւել, այլ ապրիլ որպէս սովորական առօրեայ ունեցող մարդ։ Քորոնա համաճարակը եկաւ մեզ տունը «բանտարկելու»։ Մենք, որ պատերազմի ամէնէն ահաւոր օրերուն իսկ մեր գործերուն էինք, ստուիպուեցանք տունը մնալ։ Սակայն, տագնապը բոլոր աշխարհին է։ Հակառակ անոր հայկական բարեսիրական միութիւնները տակաւին կը շարունակեն իրենց բարեսիրական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առցանց կը շարունակուի բոլոր միութիւններուն եւ դպրոցներուն գործունէութիւնը։ Հիմա դուք ըսէք։ Ի՞նչ բան մեզ կրնայ ընկճել։ Մենք՝ հալէպցիներս եւ ի մասնաւորի հալէպահայերս աշխատասէր եւ գործունեայ մարդիկ ենք։ Կը սիրենք աշխատիլ եւ ամէնէն կարեւորը՝ յարմարիլ իւրաքանչիւր մեր առջեւ դրուած դժուարին պայմաններուն եւ անպայման ելք մը գտնել։ 

 

-Ձեր կարծիքով հալէպահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել  եւ ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասուի, որպէս «մայր գաղութ» ճանչցուած հալէպահայութեան համար։


Երեք տարի առաջ հրաւիրուեցայ դասաւանդելու Գահիրէի հայկական միակ վարժարանին մէջ որպէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի։ Այս հրաւէրը ինծի համար առիթ էր մօտիկէն շփուելու վաղեմի հարուստ եգիպտահայ գաղութին հետ։ Միշտ ցաւով կը նայէի, թէ ինչու այսպէս պէտք է ըլլար մեր գաղութներուն ճակատագիրը եւ սարսափ կ՚ապրէի, երբ պահ մը անգամ մտածէի, որ մենք ալ նոյն ճակատագրին արժանի պիտի ըլլանք։

Չեմ կրնար պատկերացնել, որ հալէպահայ գաղութը իր բեղուն գործունէութեամբ, իր հայկական տասնեակ վարժարաններով, հազարաւոր հայ աշակերտներով, ակումբներով եւ եկեղեցիներով օր մը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Բայց գիտէք, մենք ինչու այդպէս չենք ըլլար։ Հալէպ վերադառնալով հասկցայ, որ այնքան ժամանակ որ ոգին կայ, ուրեմն դեռ կը շարունակենք գոյատեւել։ Ասոր փաստն ալ մեր յամառ աշխատանքն է՝ պահելու մեր դպրոցները եւ մեր մշակութային գործունէութիւնը՝ ի գին ամէն դժուարութեան։ Որպէս օրինակ յիշեմ վերջերս մեր եւ «Աղուոր Բաներ» կայքէջին համագործակցութեամբ պատրաստուող մանկական կարճ տեսաերիզներու ծրագիրը։ Մեր աշխատանքին արդիւնքը շուտով կը հրապարակուի նոյն կայքէջին վրայ եւ դուք կը տեսնէք, թէ Հալէպը տակաւին ունի միջոցները նման աշխատանքներ յաջողցնելու։ Եթէ մեր գլխուն թափող հրթիռները չդադրեցուցին մեզ գործելէ, ապա եւ ոչ մէկ բան կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ։ Սակայն եթէ նախքան պատերազմը հանգիստ էինք, թէ մեզ ձուլուելու վտանգը չի պարուրեր, այսօր իւրաքանչիւր սուրիահայ եւ յատկապէս ղեկավարութիւնը պէտք է աւելի զգօն ըլլայ։ Ես հաւատացած եմ, որ ինչպէս երէկ, այսօր ալ կայ ոգի ունեցող երիտասարդութիւն, պարզապէս գիտակից ղեկավարներ պէտք են, որոնք հասկնան նոր հրամայականները եւ այս գաղութը ղեկավարելու ռազմավարութիւնը փոխեն, պահելու համար այն ինչ, որ  մնաց։