image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Համավարակի հետեւանքով դրուած սահմանափակումները հանուեցան

Լիբանան. Համավարակի հետեւանքով դրուած սահմանափակումները հանուեցան

Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է երկուշաբթի՝ 1 յունիսէն սահմանափակումներու մեծ մասը հանելու մասին, որոնք մարտին մտցուած էին «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարի պատճառով համընդհանուր սահմանափակումներու ռեժիմի շրջածիրէն ներս:

Իրաւապահ գերատեսչութեան կիրակի տարածած կարգադրութեան մէջ նշուած է, որ իշխանութիւնները 5 ժամով կրճատած են պարէտային ժամը, որ հիմա պիտի գործէ 00.00-էն մինչեւ առաւօտեան 05.00: Ամբողջական ծաւալով կը վերսկսի պետական հաստատութիւններու աշխատանքը, կը բացուին թանգարանները, առեւտուրի կեդրոնները, հիւրանոցները, ճաշարանները, սրճարանները եւ խաղատուները: Շուրջօրեայ աշխատանքային ժամանակացոյցի կ'անցնին լցակայանները, գործարանները, հանրախանութները եւ հրուշակարանները, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ-ը: 

ՆԳՆ կարգադրութեան համաձայն՝ յունիսի սկիզբէն պիտի շարունակեն փակ մնալ հանրային այգիները, մարզադաշտերը, մարմնամարզութեան դահլիճները, զուարճութիւններու կեդրոնները եւ գիշերային ակումբները: Կարգադրուած է առողջահամաճարակաբանական նորմերուն խստագոյնս հետեւիլ՝ աւազաններու եւ մասնաւոր լողափերու տէրերուն:

Իշխանութիւնները ուժի մէջ ձգած են 29 մայիսէն մտցուած հաստատութիւններու, փողոցներու եւ հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ պարտադիր դիմակային ռեժիմը, խախտողները կը տուգանուին 30 տոլարով:

Լիբանանի կառավարութիւնը 27 ապրիլէն սկսած էր երկամսեայ ընդհատումէն ետք տնտեսական աշխոյժութեան վերականգնման ծրագրի իրականացումը, սակայն մայիսի կէսէն իշխանութիւնները ստիպուած էին անոր կատարումը ընդհատել «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճի պատճառով:

Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ Լիբանանի մէջ շաբաթավերջին վարակուածներու թիւը աճած է 29 մարդով եւ հասած 1 220-ի: Մէկ օրուան մէջ մահացած է 1 հիւանդ, եւս երեքը տեղափոխած են վերակենդանացման բաժանմունք: Մարտի վերջէն հաստատուած է  «Քորոնա» ժահրէն 712 մարդու ապաքինումը: