image

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը.Շուրջ 25 հազար ամն տոլար 49 Սփիւռքահայ ուսուցիչներու

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան  կարեւոր  նախաձեռնութիւնը.Շուրջ  25 հազար ամն տոլար  49 Սփիւռքահայ ուսուցիչներու

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած մրցանակ մը յայտարարեց Ապրիլ 2020-ին:

«Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին նպատակն էր քաջալերել Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ինքնամեկուսացումին պատճառաւ առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը ունեցող ուսուցիչներուն անհատական աշխատանքները:

Ուսուցիչները պէտք է դիմէին ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները, եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուած ուսուցողական տուեալ աշխատանքին ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը:  

Մրցանակը դիմումներ ընդունեց վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներուն արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթը հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ, եւ նկատի ունենալով հետեւեալ չափանիշերը.-

o   Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները:

o   Մանկավարժական մեթոդաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը։

o   Աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»-ի ազդակը։

o   Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը:

o   Ուրիշներուն կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։

Այս վեց շաբաթներուն ընթացքին, Հիմնարկութիւնը 13 երկիրներէ 106 դիմումներ ստացաւ՝ ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց տարբեր բնոյթի աշխատանքներով՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելով իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներուն միջին տարիքը 44-ն էր:

Հիմնուելով դիմողներու մեծ թիւին վրայ եւ հնարաւորին չափ շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով, նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակին փոխարէն Հիմնարկութիւնը տրամադրեց 500 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ 49 նպաստ, քաջալերելով դիմողներուն 46 տոկոսը:

«Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը փոխանցենք բոլոր մրցանակակիրներուն:  Դժբախտաբար, չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակիցներուն: Այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», նշեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին մրցանակակիրներուն անուանացանկին ծանօթանալու համար այցելել gulbenkian.pt/armenian-communities/