image

ՀԲԸՄ կանգնած է Հայաստանի կառավարութան եւ զինուած ուժերու թիկունքին. Յայտարարութիւն

ՀԲԸՄ կանգնած է Հայաստանի կառավարութան եւ զինուած ուժերու թիկունքին. Յայտարարութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 13 յուլիսին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

«Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը անհանգստութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրադադարի ռեժիմի կոպիտ խախտումներուն։ Մեր աշխարհասփիւռ անդամներով եւ համաշխարհային ցանցով հանդերձ` ՀԲԸՄ-ը կանգնած է Հայաստանի կառավարութեան եւ զինուած ուժերու ու Արցախի ժողովուրդի թիկունքին եւ կոչ կ'ընէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու Ատրպէյճանի անհիմն ռազմական յարձակումը, որ սպառնալիք է Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար»։