image

Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ աշակերտը զրկել իր ինքնութիւնը ճանչնալու առաքինութենէն. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան

Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ աշակերտը զրկել իր ինքնութիւնը ճանչնալու  առաքինութենէն. Տ. Արմաշ   եպս. Նալպանտեան

 

 Սխալ  որոշո՞ւմ.«Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթի    հանուիլը կը շարունակէ   մեծ  հարցականներ ստեղծել։

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Դամասկոսի Թեմի  Հայոց Առաջնորդ ՝ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան  

 

 -Սրբազան  Հայր, որեւէ վտանգ կը տեսնէ՞ք Հայաստանի կրթական համակարգէն «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը հանելու վերաբերեալ. Եւ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք խնդիրը։

 

Միանշանակ վտանգ կայ, եթէ «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւն» դասանիւթը չմատուցուի հայ աշակերտին: Կը ցաւիմ, որ հայրենի պետութեան պատասխանատու այրեր՝ նախարար եւ կրթական տեսչութեան պատասխանատուներ մինչեւ հիմա  չեն գիտակցա, թէ ինչ խորքային  կարեւորութիւն կը  ներկայացնէ «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւն» առարկան։ Իրական վտանգը հոս է: Մնացածը անտեղի պատճառաբանութիւններ են: Հայուն ինքնութեան եւ ազգային նկարագիրին հիմնական սիւներէն մէկն է քրիստոնէութիւնն ու Հայաստանեայց  Առաքելական Եկեղեցին: Ոմանք կրնան պատմութեան եւ Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութեան որոշ բացթողումներուն հետ խնդիրներ ունենալ, պատմական բոլոր եղելութիւնները մշտական քննութեան եւ վերաքննութեան կարիքն ունին եւ պիտի ունենան: Ուստի  «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւն» դասանիւթին մատուցումը հայ աշակերտին՝ ազգային եւ հոգեւոր ինքնակերտման եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան համար անհրաժեշտութիւն մըն է: Յաճախ կը լսենք, թէ Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւնը Հայ Ժողովուրդի պատմութենէն անբաժանելի մաս է: Նոյնիսկ ՀՀ Վարչապետը յայտարարեց այս մասին: Միանշանակ համաձայն եմ: Այո, եւ ԱՅՈ՛: Սակայն ո՞վ ըսաւ, թէ կարելի է բաժնել:  Այստեղ սակայն խօսքը կը վերաբերի դասաւանդման ուսումնակարգին, որովհետեւ «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւն» դասանիւթը սոսկ պատմութիւն մը չէ, այլ աւելին: Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան կը դասաւանդէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը, աւանդութիւնները, քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ այլն: Այս չի կրնար եւ պէտք չէ ձուլուի այլ առարկայի մը հետ, նոյնիսկ հայ ժողովուրդի պատմութիւն առարկային հետ: Անոնք գիտութեան տարբեր դաշտեր են: Կարեւորութեան պարզ շեշտադրումով մը պէտք է հաստատուի, օրինակ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը պատմական  դէ՞մք  է միայն, թէ՞ նաեւ Հայ Ժողովուրդի Սուրբ Հայրապետն է: Եղիշէի պատմութիւնը միայն վարդանանց ճակատամարտին պատմութի՞ւնն է, թէ՞ նաեւ Սուրբ Վարդանանց վարքաբանութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութիւնը» միջնադարեան գրականութեան գոհա՞ր է միայն, թէ՞ նաեւ աղօթագիրք: Եւ դեռ կարելի է այսպէս շարունակել:   

 

 

-Այս մօտեցումները ձեզի ինչ որ չափով կը յուշե՞ն, որ  այսօր Հայաստանի  մէջ  մեր եկեղեցին կ՚ենթարկուի լուրջ անտեսման եւ նոյնիսկ գրոհներու։

 

Դժբախտաբար, վերջին շրջանին անընդհատ եւ յաճախակի հարցականի տակ կը դրուին Հայաստանեայց  Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու քրիստոնէական սկզբունքային արժէքները: Արդէն կրնամ հաստատել, թէ եկեղեցին անտեսելու երեւոյթներ կան, մանաւանդ ԿԳՍՄ Նախարար՝ տիար Արայիկ Յարութիւնեանի հեռատեսիլի վերջին հարցազրոյցին լոյսին տակ: Ան խնդրին բուն նիւթը թողելով, սկսաւ բնովել եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն գործունէութիւնը: Հիմնականօրէն եկեղեցւոյ նկատմամբ անտեսումը կը կայանայ անոր մէջ, որ Հայ Եկեղեցին կրթական չափորոշիչներու քննարկումներէն դուրս մնացած է: Այս մասին պատասխանատու Միքայէլ արք. Աջապահեանն ու Քրիստոնէութեան դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Զաքարիա ծ. վրդ. Զաքարեանը քանիցս յայտնած են արդէն: Այսքանէն վերջ նախարարին կողմէ կրկին քննարկումներու պատրաստակամութիւն յայտնելը այլեւս պատասխանատու կեցուածք մը չէ: Ի վերջոյ, Հայ Եկեղեցւոյ օրէնսդրական եւ սահմանադրական իրաւունքը խափանուած է եւ՝ անտեսուած: Իբրեւ կառավարութեան նախարար, ան առնուազն յարգանք պիտի ունենար անցեալ տարի Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ, այլ խօսքով, Վարչապետի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջեւ հաստատուած պայմանաւորուածութեան հանդէպ: Դեռ ուշ չէ: Հետեւաբար պէտք է կրկին վերադառնալ քննարկումներու դաշտ:

 

 

-Դասանիւթին մասին գնահատականներ տալ փորձողներ կ՚առարկեն, որ «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան ոչինչով օգտակար կ՚ըլլայ հայ քրիստոնեայ մարդու    դաստիարակութեան կարեւոր գործին մէջ. ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

 

Առիթով մը արտայայտած էի միտքս, հիմա ալ նոյնը կը կրկնեմ: Արդարեւ, այստեղ կը փափաքիմ անձնական վկայութիւն մը մէջբերել: Տարիներ շարունակ (Սուրիոյ պատերազմէն առաջ) Սուրիա եւ Դամասկոս այցելած են Հայաստանցի պատանիներ եւ երիտասարդներ՝  Դամասկոսի պետական  համալսարանի Արեւելեան    հիմնարկին  (ինստիտուտ) մէջ ուսանելու արաբերէն լեզու եւ գրականութիւն: Ուսանողները ամէն առիթ օգտագործած են նաեւ այցելելու տեղի հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին: Ես յաճախ առիթը ունեցած եմ հանդիպելու իրենց հետ եւ մտերմիկ զրոյցներ ունենալու: Մեր զրոյցներուն ընթացքին նկատած եմ, թէ ինչպէս աւագ երիտասարդները խեղճանալով ակնապիշ եւ ականջալուր կը մնային, երբ կը զգային, թէ տկար են իրենց ազգային եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեան եւ հոգեւոր քրիստոնէական գիտելիքներով: Մինչ մատղաշ երիտասարդները հպարտութեամբ եւ իրենց գիտելիքներով աւելի դիւրին կը շաղախուէին տեղի հայ երիտասարդներուն հետ: Դեռ աւելին, տեղացի երիտասարդներ կը զարմանային, թէ ինչպէ՞ս  հայրենիք Հայաստանէն եկող երիտասարդներ այսպիսի կարեւոր գիտելիքներու չեն տիրապետեր: Պատճառը պարզ է. Աւագ երիտասարդները առիթը չէին ունեցած դպրոցական իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ծանօթանալու: Ահաւասիկ հոս կը կայանայ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան իմացութեան կարեւորութիւնը հայ երիտասարդին համար: Ուստի կը հաստատեմ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան իմացութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայ դպրոցականին կամրջող ամենակարեւոր  օղակ-գրաւականներէն մին է:

 

Սփիւռքի եւ Հայաստանի մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հանդիպումները վառ ապացոյց կրնան հանդիսանալ, թէ իչնքա՜ն կարեւոր է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան իմացութիւնը:

 

Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկային դասաւանդումը հայ աշակերտը կը կապէ իր անցեալի աւանդութեան, մշակոյթին եւ իր սփիւռքի հայրենակիցին հետ:

 

 

-Տրուած ըլլալով, որ կը գործէք սփիւռքի մէջ, եւ որպէս Թեմակալ Առաջնորդ կը հովուէք Դամասկոսի հայոց թեմը, ձեր կարծիքով նման քայլեր իրենց ժխտական անդրադարձը կրնա՞ն ունենալ սփիւռքահայութեան վրայ։ Մանաւանդ, որ  սփիւռքի մէջ եկեղեցին ոչ միայն իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի, այլ հոգեւորէն անդին կը համարուի ազգային միացնող եւ առաջնորդող կառոյց։

 

Արեւելքի մէջ, ի մասնաւորի Սուրիոյ մէջ, կան հայկական դպրոցներ եւ վարժարաններ: Ինչպէս պետական դպրոցներէն ներս, այնպէս ալ Հայկական դպրոցներէն ներս կը դասաւանդուին Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած առարկաները: Եթէ դպրոցական գիտելիքներու ուսուցումը ընդհանրապէս կ'ապահովուի պետական դպրոցներէն ներս, ապա ինչո՞ւ յաւելեալ ճիգերով հայկական դպրոցներ կը  պահենք: Արդ, երբ ահռելի ջանք եւ նիւթական միջոցներ ի գործ կը դրուին հայկական վարժարաններուն դռները բաց պահելու համար, որպէսզի գէթ մէկ դասաժամ աւելցնելով հայ աշակերտին տրուի հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դասաւանդումը, արդեօք ուրիշ ինչի՞ն մէջ կը կայանայ հայ դպրոցին կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Միայն մէկ բանի մէջ: Հայ մանուկը կրթել հայեցի, եւ օժտել հայոց լեզուի  ու պատմութեան եւ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեան եւ հայ կրօնի գիտելիքներով: Այս կապակցութեամբ Սուրիոյ Պետութիւնը եւ Կրթութեան Նախարարութիւնը կը տրամադրեն իրենց կարելի բոլոր օժանդակութիւնները:

 

Ուստի հայ դպրոցը միայն մարդակերտումի օճախ չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ քրիստոնեայ հայակերտումի օճախ է: Եթէ Սուրիոյ մէջ այսպէս է, ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ալ այսպէս պիտի չ'ըլլայ:

 

Այս բոլորէն յետոյ, ինչո՞ւ զրկել հայ աշակերտը իր ազգային եւ կրօնական եւ նաեւ քրիստոնէական ինքնութիւնն ու նկարագիրը    ճանչնալու կարելիութենէն: Մենք այդ իրաւունքը ունի՞նք արդեօք: