Գիւմրիի մէջ կ'ընթանան նոր ու տիպային ծննդատան կառուցման աշխատանքները: Ծննդատան հիմնարկէքը դրուած էր 2019-ի օգոստոսին, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքեշի միջեւ ստորագրուած յուշագիրէն օրեր անց: Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ եղած է ինքը՝ հովանաւորը, իսկ այսօր անոր հիմնած հիմնադրամն ու ծննդատան շինարարութիւնը ստանձնող կազմակերպութիւնը կը հետեւին շինարարութեան ընթացքին: Նոր ծննդատան պիտի միաւորուի քաղաքին մէջ գործող երկու ծննդօգնութեան ծառայութիւնները՝ «Գիւմրու ծննդատուն» ՓԲԸ-ն (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն) եւ Մօր եւ մանկան աւստրիական հիւանդանոցի ծննդօգնութեան բաժանմունքը: Պատասխանատուներու խօսքով՝ կառուցուելիք տիպային ծննդատունը հնարավորութիւն կու տայ լուծել շարք մը հարցեր, առաջինը՝ ներհիւանդանոցային վարակներու հսկողութեան առումով, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ կը բարելաւուի բուժառումներու պայմանները, որ ժամանակակից առողջապահութեան հրամայականն է: Երկրաշարժէն ետք առաջին անգամ Գիւմրին վերջապէս կ'ունենայ ժամանակակից ծննդատան շէնք: