image

Լիբանանի մէջ 4000 հայ ընտանիք դժուար կացութեան առջեւ է եւ այս թիւը կրնայ բարձրանալ. Յակոբ Լատոյեան

Լիբանանի  մէջ   4000 հայ ընտանիք  դժուար  կացութեան  առջեւ   է  եւ այս թիւը կրնայ  բարձրանալ. Յակոբ Լատոյեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանի մէջ գործող  «ԱՖՀԻԼ»  առողջապահական-ապահովագրական ընկերութեան տնօրէն՝ Յակոբ  Լատոյեանը։

 

-Ձեր աշխատանքին  բերումով,  երկար  ժամանակէ ի վեր ամենօրեայ շփումի մէջ էք լիբանանահայ համայնքի  տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց մէջ  քիչ թիւ չեն կազմեր ծանր վիճակներու մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները: Ինը ամիսներէ ի վեր Լիբանանը հարուածող տնտեսական տագնապը ի՞նչ վիճակի  հասցուց  այդ չքաւոր  խաւերը,  ի՞նչ կարող էք ըսել այդ մասին։


Անցնող տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը զանազան տեսակի մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է:

Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ ժողովրդային ընդվզումը եւ դրամատնային համակարգի փուլ գալը մեծապէս ազդեց երկրի կայունութեան վրայ: 

Բոլոր կառոյցներով, անձնական հաստատութիւններու, կրթական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու աշխատանքները հարցականի տակ առնուեցան:

Առաջին հերթին դրամատնային տագնապին յաջորդեց լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, կառավարութեան հրաժարականը, ընդհանուր ամերիկեան  եւ արաբական աշխարհի  խիստ միջոցառումները երկիրը տարին անորոշութեան եւ քաոսային մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Նուազագոյն աշխատավարձքը, որ հինգ հարիւր տոլար էր, իջաւ 100-ի եւ համատարած սղաճ եւ աշխատավարձերու արժեզրկում եղաւ:

Մարտին հասաւ նաեւ «Քորոնա»ն, որ աւելի ծանրացուց կացութիւնը:

 

 

-Գիտենք նաեւ, որ Լիբանանի հայկական գաղութը, ունենալով կեդրոնական դեր հայկական ընդհանուր օրակարգին  մէջ, ձեւով մը զօրաշարժի  ենթարկեց  սփիւռքի տարբեր  հայագաղութները։

Բաւարա՞ր էր  այդ աշխուժութիւնը եւ արդեօք այդ օժանդակութիւնները պիտի կարողանա՞ն մեղմել մեր հայրենակիցներուն ծանր  վիճակը։


Այսօր, ինչպէս միշտ, լիբանանահայութիւնը միասնական կը գործէ իր աւանդական կուսակցութիւններով եւ, նման պարագաներուն, բարեսիրական կառոյցներով:

«Քորոնա»ի օրերուն ստեղծուեցաւ շտապ մարմին մը ՀՅԴ  Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, որուն աշխատանքներուն միացան բոլոր համայնքները եւ կուսակցութիւնները:

Զանազան ձեւերով նպաստաբաշխումներ եղան, ըլլայ պետական, ըլլայ Ազգային  Առաջնորդարանի, ըլլայ շտապի,  ըլլայ Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքարանի թէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի կողմէ:

Այս բոլորի  կողքի  գաղութը ոտքի   եւ կենսունակ պահելու   նպատակով  համասփիւռքեան   մակարդակի վրայ   կարեւոր  նախաձեռնութիւններ   գործի   դրուեցան։

 

-Ընդհանրապէս ո՞ր խաւերուն բաժին կը հասնի նպաստներէն, ընդհանուր քանի՞ ընտանիք կարիքի եւ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:

 

«Քորոնա»ի օրերուն, անգործութեան մատնուած կարիքաւորներու թիւը բնականաբար աւելի բարձրացաւ եւ նպաստաբաշխումներու թիւը հասաւ 6800 ընտանիքի: 

Այսօր նոյնը չէ պարագան: Անմիջական նպաստի համար 4000 ընտանիքի մասին կը խօսուի: Սակայն նպաստէն անկախ՝ տան վարձքերու, դեղորայքի, աշխատանքի, անգործութեան, հիւանդութեան եւ այլ պարագաներու թիւը սկսած է աւելնալ:

 

 

-Համայնքի երիտասարդութիւնը  կարծես թէ  մտադիր է հեռանալ  Լիբանանէն,  աւելի   յստակ ձեւակերպելով, նկատել  տանք, որ  առնուազն  համայնքի  երիտասարդութեան   մեծամասնութիւնը մտադիր է վերջնականապէս  լքել  Լիբանանը:   Արդեօ՞ք այդ  միտումը ծանր  եւ մահացու հարուած  կրնայ տալ  կեդրոնական դեր ունեցող լիբանանահայ գաղութին։


Չեմ կարծեր, որ գաղութը չի կրնար դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը: Ընդհակառակը, նոր կամքով եւ կորովով բոլոր միութիւնները ձեռք ձեռքի տուած բոլորին հասնելու եւ օգնելու տրամադրութեան մէջ են:

Հակառակ ատոր, այսօր փաստօրէն երիտասարդութեան մօտ յուսահատական տրամադրութիւն մը կայ, մանաւանդ ուսեալ երիտասարդութեան հորիզոնը մութ է եւ գալիք օրերը անհամեմատօրէն անկանխատեսելի:

Այս պայմաններուն մէջ է լիբանանահայութիւնը, որ հակառակ կառոյցներու ճիգին,  հոգատարութեան պահանջքը եւ կարիքները շատ են եւ հոգեբանական անկումը՝ ճնշիչ:

Լիբանանահայութիւնը սակայն որոշած է տոկալ եւ դիմագրաւել, հակառակ մեր շուրջ տիրող ժխտական եւ յուսահատական մթնոլորտին: Ժողովուրդին առանձին չզգացնելու եւ ժողովուրդին կողքին մնալու վճռական որոշումը իր դրական ազդեցութիւնը ունի:

Սակայն, ինչպէս ամէն հանգրուանի, վստահ եմ որ այս հանգրուանին ալ արտագաղթի ալիք մը պիտի սկսի, մանաւանդ երիտասարդ ընտանիքներու մօտ:

Վերամուտին, որպէս կրթական կառոյցներ, պիտի ունենանք դպրոցական տագնապ, ինչպէս տոկալու եւ դիմագրաւելու հարցեր: Մթնոլորտ մըն ալ կայ արտագաղթի, որոշ համեմատութեամբ մը Հայաստան, մնացածը՝ ամերիկաներ:

 

-Ըստ երեւոյթին Մերձաւոր Արեւելքը  խաթարող  երեւոյթները  տակաւին երկար պիտի շարունակուին այս ընթացքով: Ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ լիբանանահայութիւնը եւ այս  պայմաններուն մէջ, ո՞րն է ճիշդ լուծումը եւ  ճիշդ  մօտեցումը։

 

Այսօր Լիբանանը համայնքային երկիր ըլլալով, մենք, իբրեւ լիբանանահայութիւն, կը հաւատանք, որ այս երկրի բարիքներէն շատ օգտուած ենք, ըլլայ կրթական, ըլլայ ազգային, ըլլայ կրօնական, եւ մանաւա՛նդ, հայակերտ սերունդներ պատրաստելու իմաստով:

Այս  առումով կարեւոր է լիբանանահայութեան պահպանումը եւ զօրացումը եւ այդ մէկը բոլորին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ: