image

«Ես որբ եմ, բոլորին հայրը ...» Լիբանանի մէջ հայ համայնքի իրաւունքներու հարցը կը շարունակէ մնալ կիզակէտի վրայ

«Ես  որբ եմ,  բոլորին հայրը ...» Լիբանանի մէջ հայ  համայնքի  իրաւունքներու հարցը  կը շարունակէ մնալ  կիզակէտի վրայ

Լիբանանի մէջ    հայ  համայնքի       իրաւունքներու հարցը,  մասնաւորապէս երկրի պետական  մարմիններուն մէջ     պաշտօն եւ աշխատանք   ունենալու  առընթեր  կը  շարունակէ մնալ  կիզակէտի վրայ։

Երկրին մէջ  կան  հարիւրաւոր   պետական պաշտօններ, որոնց մէջ  ալ, ըստ Լիբանանի համայնքային դրութեան,  զբաղեցնելու կարեւոր   իրաւունք  ունի երկրի  7-րդ կարեւոր  համայնք  համարուող  լիբանանահայութիւնը։

Այս խնդրի  առումով   «Արեւելք»  իր ընթերցողներու ուշադրութեան կը  յանձնէ  լիբանանահայ   հասարակական գործիչ՝   Նազարէթ Անտէքեանի  գրութիւնը,  որ լոյս   տեսած է  «Ալ Ռայի»  պարբերականին մէջ. ճիշդ է՝ գրութիւնը լոյս տեսած է   2018 թուականին, սակայն  ցայսօր ալ կը շարունակէ   պահել իր այժմէականութիւնը։

 

Լիբանանի Այնճար  հայկական  աւանի փոխքաղաքապետ՝ փաստաբան Նազարէթ Անտէքեան անարդարութեան  կոչ մը բարձրացուցած է, ուր ներկայացուցած է հայ համայնքի կրած անարադարութիւնն ու զրկանքները,  պետական պաշտօններ չստանձնելու առումով, որովհետեւ, իր  ըսելով,  երկրի կարգ մը կուսակցութիւնները  իւրացուցած են հայերուն տրամադրուած երեսփոխանական  կարգ  մը աթոռները:

Անտէքեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է.

 

«Ես որբ եմ,  բոլորին հայրը.

 

Անկասկած որ հայ համայնքը հիասթափութիւն պիտի ապրի, ի մասնաւորի հայութեան մտաւորական,   խաւը երբ ենթարկուի անտեսուելու ճակատագրին։ Խնդիրն այն է, որ  Լիբանանի   քաղաքական   տարբեր մարմիններ,  որոնք հայ համայնքը կը   յիշեն  միայն    ընտրութիւններու    ատեն,  կ՚անտեսեն եւ նոյնիսկ կ՚իւրացնեն   հայերուն  պատկանող   պետական տարբեր մակարդակի     պաշտօնները։

 

Այս երեւոյթին դիմաց  մենք կը նկատենք,  որ    կան  հազարաւոր   հայ վաճառականներ, արհեստաւորներ եւ գործարարներ, որոնք կը համարուին   այս երկրի      հարկատուներու ցուցակներու   մաս կազմող   կարեւոր  հանրութիւն մը։

 

Էական հարցը որ կը պարտադրէ ինքզինք այստեղ, արդեօ՞ք հայ նախարար մը  երբեւէ  հրաժարած է   համայնաքային  հաւասարութեան  «անգիր կանոն»ը  խախտելով,  հայ   պատասխանատուներ   դարձնել  իր    պահպանումը, ինչպէս  յաճախ կ'ընեն միւս համայնքներու ներկայացուցիչները: Անշուշտ ոչ:

 

Արդեօ՞ք հայ կուսակցութիւն մը    երբեւէ առաջարկած է ոչ հայ լիբանանցիի մը թեկնածութիւնը,  այն շրջաններուն  մէջ  ուր հայերու քուէները մեծամասնութիւն կը կազմեն.պատասխանը անշուշտ ոչ։

 

 Այս    բոլորը գրեցի,  որովհետեւ  ես չեմ  ուզեր  գաղթել ու լքել հայրենիքս: Կ'ուզեմ ապրիլ Լիբանանի մէջ համահաւասար իրաւունքներով իմ հայրենակից  բոլոր քաղաքացիներուն հետ» գրած է Անտէքեան։

 

Իր  գրառման  վերջին  բաժնով   Նազարէթ Անտէքեան թուարկած է   Լիբանանի  պետական    այն մարմիններուն անունները, ուր     երկրի  հայազգի  քաղաքացիները իրաւունք ունին պաշտօնավարելու, սակայն ինչ-ինչ պայմաններու կամ  պատճառաբանութիւններու  բերումով  զրկուած են    այդ պաշտօններէն։

 

Ո՜վ ականջ ունի լուիցէ։

 

Յ.Գ.  Նշենք, որ լիբանանցիներու  մեծ մասին համար երկրի նախագահ զօր.  Միշէլ Աուն, մասնաւորապէս իր նախագահ  ընտրուելէն ետք,  համարուեցաւ  «բոլորին հայր»ը։