image

Վերջին ժամ. Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ բախումներ

Վերջին ժամ. Պէյրութի  կեդրոնական  հատուածին մէջ բախումներ

Անցնող  ժամերուն ընթացքին Պէյրութի  կեդրոնական հատուածին մէջ  բախումներ  կը գրանցուին։

Այս մասին  տեղեկութիւնը  հաղորդեց «Ալ Ժատիտ»  կայանը, նշելով, որ    քաղաքացիական  հասարակութեան  հարիւրաւոր անդամներ   հասած են  Պէյրութի  կեդրոնական մաս, կը փորձեն ներխուժել «Նըժմէ»  հրապարակ, ուր  կը գտնուի  երկրի խորհրդարանի  շէնքը։

Կը նշուի նաեւ, որ    այսօրուան բողոքի հաւաքին մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն եղած է.  քաղաքացիներ    անցնող օրերուն երկրին մէջ գրանցուած ծանր   միջադէպին, ինչպէս նաեւ  իրենց կարծիքով  քաղաքական իշխանութիւններուն   անհոգութեան   դէմ  բողոքելու նպատակով  իջած են փողոց եւ կը պահանջեն  կառավարութեան   հրաժարումը։

Ըստ նոյն աղբիւրին,   ապահովական  մարմիններ  կը փորձեն     փակուած  պահել  դէպի «Նըժմէ»  տանող ճանապարհները,  եւ այդ  հատուածներուն մէջ    բախումներ կը  գրանցուին։

Բախումներուն հետեւանքով կան տասնեակ  վիրաւորներ։