image

Պէյրութի պայթումի գործ. Ձերբակալուած է 16 պաշտօնեայ

Պէյրութի պայթումի գործ. Ձերբակալուած է 16 պաշտօնեայ

Պէյրութի մէջ պայթումի գործով ձերբակալուած է Լիբանանի մայրաքաղաքի նաւահանգիստի 16 աշխատակից: Այս մասին Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան յայտնած է ռազմական դատարանի ներկայացուցիչ, գործող դատաւոր Ֆատի Աքիքին:

«Զինուորական դատախազութիւնը կ'աւարտէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող 12-րդ պահեստանոց (հանկար) մէջ տեղի ունեցած մահացու պայթումի հետաքննութեան նախնական փուլը: Հարցաքննուած է աւելի քան 18 անձ` նաւահանգիստի վարչակազմէն եւ մաքսատան աշխատակազմէն, անոնցմէ, որոնք պահեստին մէջ վերանորոգում կը կատարէին եւ կը պահէին այնտեղ պայթուցիկ նիւթը: Այս պահի դրութեամբ ձերբակալուածներու թիւը 16 է»,- ըսած է Աքիքին:

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 2750 թոն ամոնիումի նայթրէյթ պայթած է, որուն հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 150 մարդ, վիրավորվել է մոտ 5000-ը: