image

«Քաղաքական վիճակը խառն է եւ ժողովուրդին մօտ վրէժխնդրութեան միտում կայ»Եղիա Թաշճեան

«Քաղաքական  վիճակը խառն է եւ ժողովուրդին մօտ վրէժխնդրութեան   միտում կայ»Եղիա Թաշճեան

 «Արեւելք» ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ  վերլուծաբան ՝ Եղիա Թաշճեան

- Մինչեւ հիմա մենք գիտէինք, որ Լիբանանը կ'անցնէր տնտեսական տագնապի փուլէն, ճիշդ է կային քաղաքական մեծ տարակարծութիւններ, բայց խնդիրը կը մնար տնտեսականը. այս պայթումը ի՞նչ փոխեց  Լիբանանի առօրեայ կեանքին մէջ:

Տնտեսական ճգնաժամը, որ սկիզբ  առաւ  հոկտեմբեր 2019-ին, աւելի սաստկացաւ, մանաւանդ վերջին երկու ամիսներուն. յունիսի սկիզբը լիբանանեան թղթոսկին գրեթէ արժէք չունէր, տէրութեան մէջ եթէ պիտի համեմատէինք ամերիկեան տոլարին հետ 1500 ոսկի էր, բայց սեւ շուկային մէջ մինչեւ 13000-15000-ի հասաւ: Այսօր  Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլար   կարելի է գնել շուրջ  8500 լիբանանեան ոսկիի, բայց կը կարծեմ որ  այս  սակը շատ աւելի պիտի բարձրանայ, մանաւանդ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք: Տնտեսական տագնապէն անդին, պէտք չէ  մոռնանք, որ վերջին շաբաթներուն Պէյրութի եւ նաեւ արուարձաններուն մէջ, կարելի է ըսել գրեթէ  ամբողջ Լիբանանը մութի մէջ էր,  իմ բնակած շրջանիս մէջ օրինակ, մօտաւոր 18 ժամ ելեկդրականութիւն չկայ: Շատ ցաւալի է, նախ գործարանները չեն կրնար աշխատիլ, յետոյ կայ հոգեկան ճնշումը (psychology stress), ոչ կրնաս տունէն դուրս  գալ «Քորոնա»ի պատճառով, ոչ կրնաս գործ մը ձեռնարկել։ Պիտի չխօսիմ քաղաքական վերնախաւի, ընդդիմութեան, կամ պետական ուժերուն մասին. այսօր   քաղաքական  ամբողջ  վերնախաւը նոյնացած է  ժողովուրդի  աչքին, մարդիկ նոյնիսկ կ'ըսեն, որ այս բոլոր վերնախաւը կախաղան պէտք է հանուի: Այսպէս է այսօր մթնոլորտը, չեմ գիտեր եթէ ցոյցերը աւելի պիտի սաստկանան ապագային, բայց իսկապէս ժողովուրդին մէջ վրէժխնդրութեան  միտում  մը  կայ։Մարդոց տուները քանդուած են, անոնք փողոցները ելլելով  թիրախ   կը դարձնեն նախագահն   ու վարչապետը, նախարարները  եւ պետական  աւագանին։ Թիրախ են   նոյնիսկ  զինուորական  պատասխանտուները, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստի այս պայթումին մէջ որոշ չափով բանակը ինքը նաեւ պատասխանատւութիւն  մը ունի, բանակը պատասխանատու է երկրի ապահովութեան, նաւահանգիստի ապահովման: Այդ պայթուցիկ նիւթերու գոյութեան մասին չէինք գիտեր, մեզի համար գաղտնիք էր, եւ պետութիւնը  պարտաւոր էր ժողովուրդին ըսելու, որ այսպիսի բան մը կայ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Վերադառնալով պայթումի խնդրին,  ապա  ըսեմ,  որ մինչեւ հիմա   ոչ ոք   ճշգրիտ տուեալ  կամ տեղեկութիւն ունի եղածին  վերաբերեալ.եղածը   արդեօ՞ք իսրայէլեան հարուած մըն էր,  այս է  գլխաւոր հարցումը մանաւանդ, որ  Լիբանանի  պետութիւնն ալ  պաշտօնական տեսակէտ մը չյայտարարեց։Քաղաքական ճգնաժամը շատ վատ է եւ եթէ պետութիւնը տպաւորիչ պատասխան մը չտայ ժողովուրդին, ես կը կարծեմ որ իրավիճակը  շատ աւելի պիտի բարդանայ :   

- Պայթումին հետեւանքով անկախ եղած աւերածութենէն, պիտի ըլլան նաեւ տնտեսական շատ ծանր եւ ազդեցիկ հետեւանքներ, ձեր կարծիքով ի՞նչ են այդ հետեւանքները կարճաժամկէտ ժամանակով եւ ինչքանո՞վ լուրջ սպառնալիք են Լիբանանի համար:

Եթէ նայինք մօտիկ ապագայի տնտեսական ազդեցութեան, ես չեմ կարծեր որ մէկ ամսուայ ընթացքին հսկայ ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ, բայց օգոստոսէն ետք՝  շատ  հաւանաբար, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսութեան՝ մօտ 80 առ  հարիւրը  Պէյրութի նաւահանգիստին միջոցով տեղի կ'ունենայ, պիտի տեսնենք, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ դեղերու մուտքը Լիբանան, նաեւ ցորենի մուտքը, երկաթեղէնի, նոյնիսկ   նաւթի  նաւերը, որոնք կու գան եւ կը կանգնին նաւահանգիստին մէջ, երկրին, ելեկդրականութիւն հայթայթելու համար։ Շատ դժուար կացութեան մը պիտի մատնուի երկիրը, չեմ կրնար ըսել, որ Թրիփոլիի նաւահանգիստը, ինչպէս որ այսօր կը խօսուի, պիտի կարենայ Պէյրութի նաւահանգիստի դերը խաղալ:

Կը խօսուի հինգ միլիառ տոլարի  վնասի մասին, պետութիւնը այդ գումարը չունի նաւահանգիստը վերակառուցելու,  եւ հսկայ նեցուկներու պէտք ունի։Արդեօ՞ք արաբական աշխարհը պատրաստ է այդ մէկը ընելու, որովհետեւ կարգ մը երկիրներու շահէն չի բխիր, որ Պէյրութի նաւահանգիստը ունենայ իր նախկին դերն ու  ազդեցութիւնը: Իսկ Իսրայէլի հաշւոյն երբեք չի գար, մանաւանդ որ Հայֆայի նաւահանգիստը միշտ մրցակցութեան մէջ է Պէյրութի նաւահանգիստին հետ: Գալիք ամսուն, վստահ եմ որ Լիբանանեան թղթոսկին իր արժէքը շատ աւելի պիտի կորսնցնէ, թերեւս քաղաքական որոշ բարդ իրավիճակներ ստեղծուին, նախարարներ կամ պատգամաւորներ հրաժարին եւ այլն,  եւ  այս բոլորը  կտրուկ ազդեցութիւն  ունենայ  երկրի տնտեսութեան վրայ։Կարեւոր է նաեւ որ կառավարութիւնը, որ  մինչեւ հիմա գետնի վրայ հեռու է քաղաքական իրականութենէն, շատ արագ միջոցառումներու դիմէ, որպէսզի  մեծ պետութիւններու տնտեսական ներդրումը ապահովէ, եւ  եթէ այս մէկը չկատարուի գալիք ժամերուն (չեմ ըսեր ամիսներուն որովհետեւ այնքան  խորն էճգնաժամը), անկարելի պիտի ըլլայ, որ երկիրը կարողանայ ոտքի կանգնիլ գալիք տարիներուն... Երկրի մը տնտեսութիւնը քանդելը շատ դիւրիւն է, բայց այդ տնտեսութիւնը վերականգնելը շատ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի եւ բարդ ու դժուար  գործ է։  

- Այս պայթումը որեւէ կերպ առընչութիւն ունի Լիբանանի նահատակ վարչապետ՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործի դատավճռի յայտարարութեան հետ, որեւէ կապ կը գտնէ՞ք այս պայթումին եւ այդ վճիռին միջեւ, մէկդի դնելով անշուշտ  դաւադրական վարկածները. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

Ես մինչեւ հիմա որեւէ կապ մը չեմ գտներ: «Հըզպալլա»ն ալ յայտարարած է քանի անգամ, որ իրենք որեւէ կապ չունին դատավճռին հետ, նոյնիսկ եթէ դատավճիռը զիրենք ամբաստանէ: Ես չեմ գտներ այդ կապը նաեւ, որովհետեւ ի՞նչ որ  մինչեւ հիմա կը խօսուի, կ՚ըսուի  որ   եղածին   հիմնական  պատճառը փտածութիւնն էր։ Անշուշտ կայ այլ տեսակէտ ալ, որ կ'ըսէ թէ եղածը  իսրայէլեան ռմբակոծում էր, ես կրնամ ըսել երկուքը միասին են. չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ, հարցումի մը, որ իսկապէս դժուար է: Դատավճիռի որոշումը ինչ որ ալ ըլլար, չեմ կարծեր որ հսկայ ցնցում մը պիտի ընէր երկրին մէջ, որովհետեւ արդէն իսկ ժողովուրդը ընկղմած է իր տնտեսական  եւ առօրեայ  մեծ  հոգերուն մէջ։