image

Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուած է քոյր Սոֆի Խոսրովեանը

Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուած է քոյր Սոֆի Խոսրովեանը

4 Օգոստոսին Պէյրութի պայթումէն զոհուածներու շարքին է նաեւ հայ միանձնուհի Սոֆի Խոսրովեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն. նշուած է, որ քոյր Սոֆին իրանահայ էր եւ որպէս մայրապետ կը ծառայէր Լիբանանի վանքերէն մէկուն մէջ: Ան Գթութեան քոյրերու միաբանութեան անդամ էր:  

Սոֆի Խոսրովեանը Պէյրութի պայթումէն մահացած 13 հայերէն մէկն է: Երէկ պարզ դարձաւ նաեւ զոհուած հայերէն մէկուն անունը՝ Արամ Սարգսեան: