image

««Քորոնա»ի խնդրով այսօր Սուրիոյ մէջ կայ դեղորայքի սուր տագնապ.Հալէպահայ բժիշկ

««Քորոնա»ի խնդրով այսօր Սուրիոյ մէջ կայ դեղորայքի սուր տագնապ.Հալէպահայ բժիշկ
  Մեզի կը մնայ յուսալ, որ շուտով այս մեծ աղէտը վերջ կը գտնէ եւ «Քորոնա» ժահրը մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ իբր սեւ էջ մը, որուն մէջէն անցաւ ամբողջ մարդկութիւնը. Հալէպահայ բժիշկ տոքթ. Սեպուհ Մալխասեան:
   

Բժիշկ Սեպուհ Մալխասեանը աւարտած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը՝ 1989-ին, որմէ ետք  աւարտած  է  իր  մասնագիտական ուսումը, վկայուելով՝ ներքին եւ սրտային հիւանդութիւններու մասնագէտ բժիշկ , 1993-ին: Հալէպի մէջ ունի  իր  սեփական քլինիքը  ու նաեւ կ'աշխատի, որպէս  մասնագէտ բժիշկ՝ պետական հիւանդանոցին մէջ։

 

 

Բժիշկ, Սուրիոյ մէջ սկիզբի շրջանը «Քորոնա» ժահրը չտարածուեցաւ, իսկ յետոյ անցաւ աշխոյժ շրջանի, պատճառը ի՞նչ էր:

 

2011Թուականէն սկսեալ Սուրիան  պատերազմական վիճակի մէջ է եւ աշխարհէն համարեա կտրուած վիճակի մէջ կ'ապրի եւ այդ մէկը շատ դրական ազդեց «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելու տեսանկիւնէն: Սակայն երբ օտար երկիրներու մէջ մնացած քաղաքացիներ Սուրիա վերադարձան, անոնք իրենց հետ ժահրը բերին եւ այդ պատճառով եղաւ տարածման բաւական մեծ ալիք, որուն զոհ գացին նաեւ հայեր:

 

-Ինչպիսի՞ հարցեր ունի Սուրիոյ պետութիւնը ժահրին դէմ պայքարի ծիրէն ներս:


Այստեղ ունինք թեսթաւորումը բաւարար կերպով ընելու լուրջ խնդիր։ Գիտէք, Սուրիան շրջափակման մէջ է եւ այդ շատ վատ կ'անդրադառնայ նիւթերու եւ դեղերու ապահովման տեսանկիւնէ։ Սուրիոյ գլխաւոր հիւանդանոցները պատերազմի պատճառով քանդուած են եւ մեծ թիւով բժիշկներ երկրէն գաղթած: Նոյնպէս կայ դեղորայքի սուր պակաս, եւ այս բոլորը բացասականօրէն կ'ազդեն ժահրին դէմ պայքարի ծիրէն ներս:

 

-Որպէս փորձառու բժիշկ, ձեր խորհուրդը ի՞նչ է:


Պէտք է մեծահասակները, քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդները շատ զգոյշ ըլլան եւ տունէն դուրս չգան, բացի խիստ անհրաժեշտութեան պարագաներուն:

Պէտք է կրեն դիմակներ, պահպանեն ընկերային 1,5 մեթրի հեռաւորութիւն, անձնական մաքրութեան ուշադրութիւն դարձնեն, ձեռքերը յաճախ ախտահանեն, որեւէ կասկածի պարագային բացարձակապէս չզբաղին ինքնաբուժումով եւ դիմեն բժիշկի օգնութեան եւ ծառայութեան:

Մեզի կը մնայ յուսալ, որ շուտով այս մեծ աղէտը վերջ կը գտնէ, երբ կը յայտնաբերուի համապատասխան պատուաստը եւ «Քորոնա» ժահրը մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ իբր սեւ էջ մը, որուն մէջէն անցաւ ամբողջ մարդկութիւնը: