image
Հրատապ լուրեր:

«Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատիժները, այո՛ նպաստեցին համավարակի արագ տարածման» Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան

«Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատիժները, այո՛ նպաստեցին համավարակի արագ տարածման» Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան.

 

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Հալէպի մէջ, յատկապէս «Քովիտ19»ի մոլեգնումէն ետք:


Այս օրերուն համաճարակը ահռելի եւ արագընթաց ձեւով կը տարածուի Հալէպի մէջ։ Ինքնամփոփ Հալէպը երկիւղ կը քաշէ եւ կ՛ողբայ իր մեռելները, մինչ միջազգային  լրատուական   գործակալութիւնները, իրենց ոսպնեակները ուղղած են տառապեալ Լիբանանի ծանր կացութեան:  Հալէպը իր ապրած  դժնդակ  ինը տարիներու պատերազմէն ետք անգամ մը եւս կը մնայ անպաշտպան՝ ժահրին տարածումը դիմակայելու իր մարտունակութեան մէջ: Գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ վարակուած մը կայ եւ այս մեծ ցաւ եւ դժբախտութիւն է մեզի համար իբրեւ սուրիահայ համայնք։ Իսկութեան մէջ Սուրիոյ մէջ առողջապահական ու նախազգուշական պայմաններու անլուրջ մօտեցումն ու տգիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ անհրաժեշտ հաւաքներու եւ համախմբումներու կազմակերպումը հիմնական պատճառները եղան, որ ժահրը այսքան արագ  տարածուի:

Ցաւալի իրականութիւն է այսօր, որ օրական դրութեամբ մեծ թիւով մարդիկ կը մահանան եւ դժբախտաբար հիւանդանոցներու մէջ անհրաժեշտ դեղորայք  չկայ եւ նոյնիսկ բժշկական անձնակազմի յստակ բացակայութիւնը նշմարելի է։

 

-Ինչպիսի՞ն է վիճակը հայկական համայնքին մէջ, ի՞նչ են հիմնական խնդիրները: Ընդհանրապէս այս առումով համայնքը շտապ մարմին մը ստեղծելու նախաձեռնութեան մէ՞ջ է արդեօք, կա՞յ ատոր անհրաժեշտութիւնը:


Իսկութեան մէջ վերջին քանի մը օրերուն հայ համայնքին մէջ եղան մեծաթիւ վարակուողներ եւ գուցէ մահացողներ՝ երիտասարդներ եւ չափահասներ: Իբրեւ հայ համայնք մեծ է մեր մտահոգութիւնը համաճարակին ստեղծած խուճապով: Կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել մեր ժողովուրդին հասնելու, մեր կարելիութեան սեղմ սահմաններուն մէջ: Կը խորհիմ, թէ շուտով շտապ մարմին մը ստեղծուելու է հասնելու համար հիւանդներուն, որոնք թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս պէտք ունին աջակցութեան:

 

-Լուրեր տարածուեցան, որ հալէպահայ համայնքը կարիք ունի դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարենային ապրանքներու: Արդեօք ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տեղեկութիւնը:


Այո, հալէպահայ համայնքը իսկապէս կարիքը ունի դեղորայքի, որովհետեւ Հալէպի մէջ պատկերացուցէք Vitamin C անգամ չկայ եւ անմիջական կարեւոր Antibiotic-ներ, որ  վարակին բուժման կը նպաստեն։ Ահա այս ալ կը համարուի կարեւորագոյն պատճառներէն, որ մարդիկ իրենց կեանքերը կը կորսնցնեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի պարենին, ապա պարէնը կը նկատուի անհրաժեշտ, որովհետեւ գաղութը իրապէս կարիքը ունի աջակցութեան, սակայն այս հանգրուանին նախապատւութիւնն ու առաջնահերթութիւնը ժահրով վարակուած հիւանդներուն  օգնութեան փութալն է։

 

-Հալէպը պատերազմական փուլին դժուար օրեր տեսաւ, այսօր ալ կարծես ուրիշ պատերազմ մըն է որ կը մղուի:  Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօ՞ք միջազգային շրջափակումը իր ծանր հետեւանքը կ'ունենայ նաեւ «Քովիտ19»ին առաջքը առնելու առումով:


Հալէպը բաւականին տագնապալից օրեր ապրեցաւ պատերազմի օրերուն եւ ահա ճիշդ ինչպէս որ սահմանեցիք սոյն համաճարակը նաեւ տարբեր տեսակի պատերազմ մը կը համարուի: Կը խորհիմ որ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած պատիժները նաեւ իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան տնտեսական իմաստով, նամանաւանդ համաճարակի պարագային անհրաժեշտ դեղորայքի ապահովման մեծ դժուարութիւն մը ստեղծելով։