image

«Լիբանանահայութեան մօտ երկրէն հեռանալու լուրջ միտումներ կան». Պէյրութի պայթումէն փրկուած Սէրլի Սամուէլեան

«Լիբանանահայութեան մօտ  երկրէն  հեռանալու  լուրջ միտումներ կան».  Պէյրութի պայթումէն  փրկուած  Սէրլի  Սամուէլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Սէրլի Սամուէլեան.

 

-Պայթումի պահուն ո՞ւր էիք եւ առաջին անդրադարձը ինչպիսի՞ն էր, ի՞նչ զգացիք, ի՞նչպէս  շարժեցաք։ 


Պայթումի պահուն     նաւահանգիստի մօտ եղող  Մար Մըխայէլ շրջանն էի, կ'երթայի օդակայան, դիմաւորելու քրոջս, որ կը վերադառնար հայրենիքէն: Մար Մխայէլը երկու վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Պէյրութի նաւահանգիստէն (10 վայրկեան քալելով): Նախքան պայթումը տեղի ունենալը, լսեցի զօրաւոր ձայներ, բայց կարծեցի կրակոցի ձայներ են: Շուրջս բոլորը երկինք կը նայէին ուրկէ զօրաւոր մոխրագոյն ծուխ կը բարձրանար եւ ես ինծի սկսայ հայց տալ թէ ի՞նչ կը պատահի:

Մօտաւոր 10-20 երկվայրկեան ապշած մնալէ ետք, դարձեալ զօրաւոր պայթումի ձայն ելաւ, անմիջապէս երկինք նայեցայ եւ տեսայ մոխրագոյն ծուխը, ականջս ճնշուեցաւ տաս երկվայրկեան մը, դիմացս նայեցայ... բոլոր խանութները փլատակ, մարդիկ կը փորձէին պահուըտիլ քարերուն տակ:

Առաջին մտածումս որ եղաւ, իջնե՞մ ինքնաշարժէն, թէ՞ մնամ, նորէն պայթում պիտի ըլլա՞յ կամ այս եղածը արդէն վերջինն էր...: Երբ տեսայ ժողովուրդը կը փախչի, առի քրոջս համար վերցուցած ծաղկեփունջը, պայուսակս եւ իջայ ինքնաշարժէն: Առաջին խօսքերը որ լսեցի, կնոջ մը ձայնն էր, որ կը պոռար «Աղջիկս կ'ուզեմ, ո՞ւր է աղջիկս»: Այդ վայրկեանին էր որ ինքզինքս մինակ զգացի, կարծես բոլոր սիրելիներս ինծի ձգած ու գացած էին  այս աշխարհէն: Չորս կողմս նայեցայ, բոլոր ինքնաշարժներուն ապակիները կտրուած կամ ճաթած էին, իսկ շէնքերը՝ փլատակ, ամէն կողմէ պոռչտուքներ, բացագանչութիւններ եւ լացի ձայներ կը լսէինք: Աջ կողմս տարիքոտ մարդ մը արիւնլուայ կը կաղար, իսկ ձախ կողմս երիտասարդ աղջիկներ արիւնլուայ կու լային ու կը պոռային, ուրիշներ իրենց վիրաւոր ընկերները շալկած կը փորձէին հիւանդանոց հասնիլ: Մթերքի խանութի բանջարեղէնները գետին ինկած էին՝ ձմեռուկները կէսէն կտրուած, խնձորները գլտորած  ճամբայ հասած: Ես լալով սկսայ վազել, միայն մտածելով ինքզինքս ազատելու եւ այդ թաղէն դուրս գալու մասին:

 

-Ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց այս պայթումը ձեր հոգեբանութեան եւ միջավարի վրայ:


Այս պայթումէն ետք, երբ տուն վերադարձայ, դեռ ցնցումի մէջ էի, չէի հաւատար ինչպէս ողջ ու առողջ դուրս ելայ այդ շրջանէն: 4 Օգոստոս 2020, ժամը 6:07-էն անցած է 10 օր, բայց դեռ վախ ու յուսայատութիւն կայ մէջս: Երկու օր անքուն մնացի ու երրորդ գիշերը հազիւ կարողացայ աչքերս փակել ու քնանալ, կէս գիշերին՝ առաւօտեան ժամը 4:00-ին մղձաւանջ    մը  ապրեցայ ունեցայ եւ քունիս մէջ պայթումի պահերը տեսայ.. անքուն մնացի:

Լիբանանցին 4 Օգոստոս 2020-էն առաջ շատ աւելի տարբեր էր, այս թուականէն ետք՝ տարբեր: Ամէն մարդու մէջ վախ մը ծնաւ, որ անկարելի է մոռնայ կամ բուժուի անկէ: Օրինակ ես՝ նոյնիսկ պայթումէնօ օրեր  ետք, շատ մեծ վախ ունիմ այդ շրջանը երթալէ կամ հոնկէ անցնելէ: Շատ դժուար է  առանձինն  մնալ կամ  մինակ տեղ մը նստիլ: Ամէն անգամ որ առանձին կը մնամ, կը սկսիմ երեւակայել եւ վերյիշել այդ բոլոր տեսարանները: Եթէ մէկը բարձր ձայնով խօսի կամ  հեռատեսիլ/ձայնասփիւռ  բանայ՝  նեղութիւն կը զգամ: Սկսայ նոյնիսկ անգիտակցաբար տարականոն վարուելակերպ ունենալ չորս կողմիններուս հետ:

 

-Կ'ըսուի, որ այս պայթումը քաղաքական, ընկերային ապահովական նոր շրջան մը պիտի բանայ Լիբանանի համար, դուք ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:


Այս ահաւոր պայթումէն ետք, ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը աւելի ուժեղ ձեւով այս կառավարութեան դէմ ելաւ: Արդէն 4 օր յետոյ, հազարաւոր քաղաքացիներ ցոյցի իջան մայրաքաղաքին մէջ: Այս վիճակը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ  երկրի  քաղաքական   վերնախաւն ամբողջութեամբ հեռանայ  եւ  քաղաքական  գործիչներ հրաժարին...։ Իսկ երբ բոլորը հրաժարին, նոր ընտրութիւններ պիտի ըլլան եւ ժողովուրդի ջանքերով  երկրի   վիճակը պիտի փոխուի:

Գալով ապահովական  դրութեան,  ապա  իմ կարծիքով   այն պիտի մնայ անկայուն: Ամէնէն պարզ օրինակը՝ պայթումէն ետք շատ մը տուներ եւ խանութներ մնացին առանց ապակիներու եւ դռներու, եւ այս  վիճակին առ  ի հետեւանք, եղան շատ մը գողութեան  դէպքեր արձանագրուեցան։

 

-Այս պայթումին ընթացքին Լիբանանի քաղաքացիներուն վերաբերմունքի ինչպէ՞ս էր իրար հանդէպ: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ երեւոյթը:


Այս դէպքէն ետք, ամբողջ ժողովուրդը իրար աջակցեցաւ, իրար օգնեցին, միասնաբար Պէյրութը վերականգնելու յոյսով: Երիտասարդութիւնը՝ տարբեր կրօնի, ուսման մակարդակի, տնտեսական դասակարգի, աւելներ, սրբիչներ եւ ակիշներ առնելով իջան փողոց, վնասուած շրջանները եւ ծանօթ-անծանօթի վնասուած տուները մաքրելու եւ կոկկելու: Անոնք նաեւ ժողովուրդէն բխած նուիրատւութիւններ հաւաքեցին:

Լիբանանի մէջ, դժբախտաբար, միայն քաղաքացին է, որ կը հասնի իր եղբայր/քոյր քաղաքացիին: Ճամբան ոեւէ մէկ կառավարական պաշտօնեայ չտեսանք, ոչ ալ՝ ղեկավարներու կողմէ դրամական աջակցութիւն:

 

-Այս դէպքը լիբանանահայութեան համար ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ, ի՞նչ նոր ընթացքներ կրնայ ըլլալ լիբանանահայութեան համար՝ ապագայի առումով:


Լիբանանահայութիւնը, նախքան այս ահաւոր պայթումը, արդէն հասած էր յուսահատութեան գագաթնակէտին: Յեղափոխութիւն, դրամատուներու արգելափակում, ահռելի  սղաճ եւ անգործութիւն մեր առօրեայ կենաքին մէկ մասն էր: Իսկ այս պայթումը մեր ապրած վերջին ցնցումն էր:

Ինքնաշարժս Մար Մըխայէլ էր, օտարներ ինծի հասցուցին Պուրճ Համուտ՝ հայութեան կեդրոն: Վիճակը ցաւալի եւ ահաւոր էր, գետինը միայն ապակիներ կը տեսնէինք, ինքնաշարժ քշելը անկարելի էր: Հայ տղաքը կեդրոններուն առջեւ պատրաստ էին՝ ինքնաշարժերով կամ մոթոսիքլէթներով (ինքնաթիռ), վիրաւորները հիւանդանոց հասցընելու: Խանութներուն դռները, տուներու ու ճաշարաններու ապակիները վնասուած էին:

Մարդիկ նոյնիսկ ստիպուած գիշերը իրենց խանութներուն առջեւ արթուն մնացին, որովհետեւ առանց դուռի ու ապակիի մնացած էին:


Լիբանանահայութիւնը սփիւռքի հիմնական, աշխոյժ եւ հայրենիքի կողքին եղող մասնիկն է: Այսօր մահաքունի մէջ է: Այլեւս հայը անկարող է հանգիստ ապրիլ այս երկրին մէջ: Բոլոր այն անձերը, որ կարողութիւն ունին, որոշած են գաղթել դէպի Հայաստան: Ոեւէ մէկ բարեկամի հետ որ խօսիմ, նոյն խօսքերը կը լսեմ, «Հոս բան մը չմնաց, պէտք է ելլենք այս երկրէն»,  այլ խօսքով   Լիբանանահայութեան  կարեւոր մէկ խաւին մօտ   երկիրը լքելու լուրջ  միտումներ կան։


Պէտք է շեշտել նաեւ, որ «Զոքաք էլ Պլաթ»ի, Հայաշէնի եւ Հաճընի հայութիւնն ալ կրեց ահաւոր կորուստներ: Քանդուեցան տուներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, որոնց վերաշինութեան համար սփիւռքը արդէն իր աջակցութիւնը կը բերէ: