image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Լարուած իրավիճակ Պէյրութի մէջ. Բախումներ երկու քրիստոնէական կուսակցութեանց համակիրներու միջեւ (Տեսանիւթ)

Վերջին ժամ. Լարուած իրավիճակ  Պէյրութի  մէջ. Բախումներ   երկու  քրիստոնէական  կուսակցութեանց  համակիրներու  միջեւ (Տեսանիւթ)

Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի «Միրնա շալուհի» անունով յայտնի թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի երկրի նախագահ զօր. Միշէլ  Աունի հիմնադրած  կուսակցութեան «Ազգային ազատ հոսանք»ի գլխաւոր  կեդրոնատեղին։

«Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն  ստացաւ  «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն,  որ  նշեց, թէ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ հասած են «Միրնա շալուհի» թաղամաս եւ վանկարկումներ հնչեցուցած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան  եւ   երկրի  նախագահի հասցէին։

Իրավիճակը բարդացած է, բան մը, որ ստիպած է բանակի հրամանատարութեան արագ քայլեր առնել՝ կանխելու համար հաւանական բախումներու հնարաւորութիւնը։

Կը նշուի նաեւ, որ «Լիբանանեան ուժեր»ու անդամներ այդ շրջանը հասած են Էշրէֆիյէէն, ուր տեղի կ՚ունենար Լիբանանի նախագահ Պէշիր Ժըմայէլի յիշատակին  (սպաննուած 38   տարի  առաջ,  զոհ  դառնալով  ահաբեկչական պայթումի մը)   տեղի  ունեցող  ոգեկոչման հաւաք մը։

Յիշեցնենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ «Ազգային ազատ հոսանք»ը եւ «Լիբանանեան ուժեր»ը քրիստոնէական կուսակցութիւններ են, որոնց ղեկավարները՝ Ժըպրան Պասիլ եւ Սամիր Ժաաժա վերջին շրջանին ունին լարուած յարաբերութիւններ եւ քաղաքական ֆոնի վրայ եղած անհամաձայնութիւններ, իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան  քրիստոնէական փողոցի երիտասարդական հատուածներուն վրայ։