image

«Պէյրութի պայթումը ոչ միայն շէնքեր քանդեց կամ մարդու կեանք խլեց, այլ լիբանանցիներուն յոյսը սպաննեց». Ճորճ Տափակեան

«Պէյրութի  պայթումը ոչ  միայն շէնքեր  քանդեց կամ մարդու կեանք խլեց, այլ  լիբանանցիներուն  յոյսը սպաննեց». Ճորճ Տափակեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ հայրենադարձ Ճորճ Տաբակեան, որ վերջերս, այցելած էր իր ծննդավայրը՝ Պէյրութ: 

 

-Երկար բացակայութենէ ետք, աղիտալի պայթումէն յետոյ Պէյրութ գացիք եւ ականատես եղաք ձեր ծննդավայրի աւերակուած վիճակին, ի՞նչ էր ձեր առաջին զգացումը, տպաւորութիւնը:


Ես մէկ տարիէ ի վեր չէի եղած Լիբանան, այս մէկ տարուան ընթացքին շատ բան փոխուած էր: Նախքան պայթումը, տնտեսական վիճակը արդէն շատ վատ էր, տոլարի խնդիրը կար, մարդիկ չէին կրնար դրամատուներէն իրենց աւանդները ստանալ։ Իսկ անցնող փետրուարէն սկսեալ ալ վրայ հասաւ «Քորոնա» ժահրը, որ աւելի վատացուց վիճակը, ընկերութիւններ փակուեցան, զբօսաշրջիկներու հոսքը դադրեցաւ եւ 4 Օգոստոսին գրանցուեցաւ չարաբաստիկ պայթումը, որ աննախադէպ էր, ոչ միայն Միջին Արեւելեան կտրուածքով, այլ ամբողջ աշխարհին համար։ Ոչ, ոք կը պատկերացնէր, որ այդպիսի պայթում մը կրնար տեղի ունենալ՝ պատճառ դառնալով այդքան մեծ տարողութեամբ վնասներ ու աւերածութիւններու։

Իրականութեան մէջ, վիտէօներով եւ նկարներով մեր տեսածը շատ տարբեր է իսկական պատկերէն, մեր տեսածը իրականութեան միայն 5-10 տոկոսն է. մարդ մինչեւ Պէյրութ չերթայ եւ աչքով չտեսնէ, չի կրնար պատկերացնել եղածը: Դժբախտաբար մեր տունն ալ այդ շրջանն էր՝ նաւահանգիստին դիմաց եւ բաւական մեծ վնասներ կան:

Սակայն պէտք է ըսեմ նաեւ, որ պայթումէն ընդամէնը մէկ ամիս յետոյ պայթումի տարածքը ամբողջ մաքրուած է, պետութիւն, հասարակական կառոյցներ եւ ընդհանրապէս ժողովուրդը միասնական ջանքերով նաւահանգիստը մաքրած են, շատ հետաքրքրական էր այս փաստը։

 

-Պէյրութ եղած ատենդ վստահաբար խօսեցար ժողովուրդին հետ, ինչպիսի՞ն է անոնց հոգեվիճակը, ի՞նչ խնդիրներ եւ մտահոգութիւններ ունին:


Ժողովուրդէն շատեր կը մտածեն երկրէն դուրս ելլելու մասին, բայց այնպիսի վիճակի մէջ են, որ արդէն կարողութիւն չունին այդ առումով որեւէ լուրջ քայլեր առնելու։ Անոնք կամ դրամ չունին, կամ իրենց ունեցած դրամներուն չեն կրնար տիրանալ։ Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ իրենց բնակարաններէն զրկուածներուն վիճակն ալ բաւական դժուար է, որովհետեւ տուն նորոգելու համար ալ մեծ գումարներու կարիքը կայ ...։ Իսկ իրենց տուները նորոգել ուզողներէն շատեր կը մտածեն այն մասին, թէ նորոգելէն ետք արդեօք յարմար գիներով պիտի կարողանա՞ն  տուները վաճառել։

Իսկապէս մեծ օգնութիւն պէտք է պէյրութցիներուն, սնունդէն մինչեւ շինանիւթ, որովհետեւ քանդումի ծաւալը շատ մեծ է։ Ամենատարրական ապակիէն մինչեւ պատուհաններու շրջանակներ, մինչեւ կահոյք, անգամ տան տարբեր սենեակներու համար նախտեսուած սարքեր, այդ բոլորին կարիքն ունին պէյրութցիները, ու տխուրն այն է, որ սովորական քաղաքացին շատ ալ վստահ չէ, թէ պետական մարմիններ պիտի կարողանա՞ն հասնիլ աղէտի մէջ յայտնուած պէյրութցիներու ծով կարիքներուն, կամ՝ ոչ...

 

-Ինչպէ՞ս գտաք հայկական համայնքը, եւ ինչպէս կ՚ընթանային վերականգնումի աշխատանքները։


Լիբանանահայ համայնքը, դժբախտաբար, եւս մեծ վնասներ կրած է, որովհետեւ հիմնական շրջանները, որ պայթումէն վնասուած են՝ Քարանթինան, Մար Մխայէլը, Հաճընը, Պուրճ Համուտը, հայահոծ շրջաններ են: Մինչեւ իմ երթալը ունէինք 15 զոհ եւ 300-է աւելի վիրաւոր, բարեբախտաբար վիրաւորներու մեծ մասը արդէն ապաքինուած էր:

Խօսելով ներկայ իրավիճակին մասին, նախ ըսեմ, որ հայկական թաղամասերը արդէն շատ արագ մաքրուած են, շատ արագ խումբեր կազմակերպուած են այդ գործին համար, որոնք մաքրած են փողոցները։ Ամենամեծ վնասները, անշուշտ բացի հոգիներու կորուստէն, ապակիի, պատուհաններու, խանութներու ցուցափեղկերու քանդումներն են եւ անշուշտ՝ տան կահոյքի։ Քարանթինա շրջանին մէջ կան շէնքեր, որոնք հայապատկան են, եւ հիմայատակ քանդուած: 

Ինչ կը վերաբերի օգնութիւններուն, ըսեմ, որ կան տարբեր կազմակերպութիւններ, որ կ'օգնեն, կան կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը, որ տարբեր տեղեր տուներ արդէն կը վերանորոգէ, կայ սնունդի առաքում՝ տարբեր հասարակական կառոյցներէ, բայց տակաւին շատ մեծ աշխատանք եւ օգնութիւն պէտք է, ոչ միայն հայերուն, այլ ամբողջ այդ տարածքին, որովհետեւ բաւականին մեծ ծաւալի է եղած վնասը:

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ այս պայթումին հետեւանքով լիբանանցիներուն աւելի լաւ երկիր մ՚ունենալու յոյսն է, որ թիրախ դարձաւ... ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։


Շատ ճիշդ նկատառում է, այո՛, լիբանանահայը եւ լիբանանցիք, տարբեր ժամանակներու ընթացքին, ունենալով տարբեր խնդիրներ, միշտ լաւատեսութեամբ եւ յոյսով ապրած են։ Այս անգամ սակայն եղածը այլ տարողութիւն ունէր եւ տարբեր էր։ Երբ դրացիներուս, ընկերներուս հետ հանդիպեցայ, նկատեցի, որ անոնց մէջ յոյսը այլեւս կորսուած է, այսինքն այս պայթումը ոչ թէ շէնք քանդեց կամ մարդու կեանք խլեց, այլ յոյսը սպաննեց, որովհետեւ մարդիկ ականատես եղան, թէ ինչպէս մի քանի վայրկեանուան ընթացքին, շատ արագ եւ ամբողջ Պէյրութը քարուքանդ եղաւ, շուրջ 6500 վիրաւոր գրանցուեցաւ, եւ մարդիկ այդ ամէնը նկատելով, նաեւ հաշուի առնելով առկա  տնտեսական խնդիրները, տոլարի հարցը, քաղաքական խնդիրը, որ դեռ չէ լուծուած, «Քորոնա»ն, արդէն յուսալքուած են։ Դժբախտաբար այսօր Պէյրութի մէջ շատ է թիւը անոնց, որոնք յուսալքուած են։

 

-Ի՞նչ մտորումներով վերադարձաք Հայաստան, եւ ի՞նչ կը մտածէք ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան  եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մասին, որ մինչեւ վերջերս կը համարուէր սփիւռքի հայութեան սիրտը եւ ամենամեծ կեդրոնը:


Տարբեր առիթներով ըսած եմ եւ այսօր ալ կը կրկնեմ, որ դժբախտաբար այլեւս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, հայութեան ապագան բաւականին մութ է, վկայ՝ անցնող 10-20 տարիներուն ստեղծուած վիճակն ու նախ իրաքահայութեան եւ աւելի ուշ սուրիահայութեան ընդհանուր վիճակը: Ցաւօք այսօր լիբանանահայը նոյն իրավիճակին առջեւ է...

Հայաստան հասնելով միայն մէկ դրական միտք կար, որ՝ փառք Աստուծոյ, որ մենք այս այս երկիրը ունինք եւ վերադարձած ենք հայրենիք, ուրիշ բան կարելի չէր մտածել, անշուշտ նաեւ աղօթենք մեր այն հայրենակիցերուն համար, որ այսօր դժուար եւ ծանր վիճակի մէջ են: