image

Թաւշեայի քողը ինկա՞ւ ...

Թաւշեայի քողը ինկա՞ւ ...

Անկախ անկէ, թէ ինչ տեսակի գործունէութիւն կը տանի Հայաստանի կառավարութիւնը, մեր ականջներուն վրայ եղած օղ է, որ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ իշխանութեան հասած եւ «թաւշեայ» սկզբունքներով իշխանութիւնը իր ձեռքը վերցուցած այս կառավարութեան համար ամենակարւոր գործօնը ժողովուրդէն ընտրուած ըլլալու   փաստն է։

 

Շատերուն համար անհաւատալի, բայց եւ այնպէս քաղաքական ու աւելին ընկերային հիմքով (նախկիններուն հանդէպ առկայ ատելութիւնը քաղաքական միաւորի վերածելով) խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւնը իր ձեռքերուն վերցուցած իշխանութիւնը այսօր կանգնած է լուրջ խնդրի առջեւ։

Խնդիրը միայն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի անհասկնալի «վարք»ը չէ, ոչ ալ հանրակրթական ընդհանուր ծրագրին մէջ անոր որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ հանրութեան կարեւոր տոկոսին կողմէ այսօր կ՚ընկալուի, որպէս հակ-ազգային քաղաքականութիւն մը, այլ աւելին։

Աւելին, որովհետեւ երբ կը խօսինք ամբողջ ժողովուրդի անունով, կամ ամբողջ ժողովուրդի նեցուկով իշխանութեան հասնելու դրուածքի մը մասին, ապա գործ ունինք «ամբողջական նեցուկ» մը փայփայելու երջանիկ մօտեցումին հետ, որ այսօր ըստ երեւոյթին արդէն իսկ բզիկ-բզիկ դարձած է ...

Բզիկ-բզիկ, որովհետեւ ո՛չ Արայիկ Յարութիւնեանը, ո՛չ ալ յեղափոխութեան «լիտէր»ն ու գլխաւոր ղեկավարը հասկցած են, որ ազգային արժէքներուն հետ խաղալը ,   կրակի  հետ խաղալու կը նմանի ...

Ի հարկէ կան վարկածներ, որ Փաշինեան այդքան ալ «յառաջապահ» դիրքերու վրայ չէ, ազգային արժէքները «հարուածելու» գործին մէջ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը խորհի, որ եթէ տեղի տայ եւ «զոհէ» Արայիկ Յարութիւնեանը, ապա այդ  «ճակատագրական»  քայլը պիտի ունենայ «տոմինո»ի հետեւանքներ...

 

Այս բոլորը մէկդի դնելով անշուշտ հարկ է նշել, որ մասնաւորապէս «թաւշեայ, ոչ բռնի», կամ նոյնիսկ «սիրոյ եւ համերաշխութեան» «մաքուր» սկզբունքներով իշխանութիւնը  վերցուցած  «Իմ քայլ»ի մեր բարեկամները յաճախ կը մոռնան, կամ միտումնաւոր կերպով մէկդի կը դնեն այդ սկզբունքները, որոնց օգնութեամբ հասան իշխանութեան։

Ըսել կ՚ուզեմ, երբ խօսքը «սիրոյ յեղափոխութեան»  ժողովրդային ձեռքերուն վրայ իշխանութեան հասնելու փաստին մասին է,  ապա նոյն իշխանաւորները պարտաւոր են ամէն գնով հաշուի առնել ամբողջ ժողովուրդին կարծիքը։

Ճիշդ է, որ կարող են պահել իրենց աթոռները, դարձեալ ճիշդ է, որ ինչ-ինչ միջոցներով կարող են գործի դնել իրենց ականջներուն լսցուած հակա-ազգային ծրագիրներու իրականացումը, ու ճիշդ է նաեւ, որ ինչպէս միւս բոլոր իշխանութիւնները,  կրնան  բանի տեղ չդնել փողոց իջած եւ պահանջներ ունեցող ժողովուրդին բողոքի ձայնը, բայց եւ այնպէս այս ընթացքով կը կորսնցնեն «ժողովուրդին նեցուկը» ունենալու ամենակարեւոր գործօնը, որ վերջին երկու տարիներուն դարձած էր այս իշխանութեան գլխաւոր դրօշակը։

 

Իշխանութիւն վերցնելը հեշտ է, հեշտ է նաեւ իշխանութիւն ձեւաւորելը, մարդ հաւաքելը, գործունէութիւնը տանիլը եւ «ասֆալտ» կամ «աստֆալթ»ին փռելը. Կարեւորը սակայն տէր կանգնիլն է այն սկզբունքներուն, որոնց շնորհիւ է, որ մեր բարեկամները հասան իշխանութեան։

Իսկ եթէ իրենց համար այդ սկզբունքները անիմաստ են ու ժամականավրէպ, ապա գոնէ քաջութիւնն ունենան անկեղծութեամբ ըսելու, որ «իշխանութիւնը, ոչ միայն մեր կեանքի մակարդակը փոխեց, այլ  նաեւ մեզ ալ փոխեց...»։