image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի 1000 զինեալներ Ատրպէյճան մեկնած են. Սուրիացի լրագրող Այման Ապտըլ Նուր

Սուրիացի  1000 զինեալներ Ատրպէյճան մեկնած են. Սուրիացի  լրագրող  Այման Ապտըլ Նուր

 Սուրիացի լրագրող Այման Ապտըլ Նուր Թուիթըրեան իր էջով գրառում մը կատարած է անցնող օրերուն նաեւ հայկական համացանցին վրայ շրջանառուող եւ սուրիացի զինեալներու Ատրպէյճան մեկնելու վերաբերեալ։

 

 «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Ապտըլ Նուրի Թուիթըրի էջէն։ Ան մասնաւորապէս գրած է, թէ չորեքշաբթի օր 1000 սուրիացի զինեալներ Ատրպէյճան մեկնած են «ապահովական գործեր» իրականացնելու համար։

 Ըստ Ապտիլ Նուրի զինեալները պիտի ստանան 1800 ամն տոլար եւ անոնք Ատրպէյճան պիտի մնան 3 ամսուան ժամանակամիջոցի մը համար։

 

 Յիշեցնենք, որ նոյնպէս հայկական ցանցին վրայ եղան մէկէ աւելի օգտատէրեր, որոնք այս թեմային մասին գրառումներ կատարած են, յաճախ առանց որոշակի աղբիւրներ նշելու։

 

 Հակառակ անոր, որ Ապտըլ Նուր չէ նշած, թէ Սուրիոյ որ շրջանէն են զինեալները, սակայն եթէ հաշուի առնենք վերջին ամիսներու զարգացումները, ապա կ՚ենթադրուի, որ զինեալները Ատրպէյճան մեկնած կրնան ըլլալ Իտլիպ նահանգէն։

 

 «Արեւելք» այս լուրը կը հրապարակէ հասկնալի վերապահութիւններով, հաշուի առնելով մանաւանդ, որ վերջին ամիսներուն, եւ յատկապէս Տաւուշի դէպքերէն ետք առաջին անգամը չէ, որ նման լուրեր կը հրապարակուին։