image

«Թոյլ մի տաք որ գաղթենք...» Լիբանանահայ Ռազմիկ Մինասեանի կոչը՝ Ազգային Ժողովի հարթակէն

«Թոյլ   մի տաք որ գաղթենք...» Լիբանանահայ Ռազմիկ Մինասեանի  կոչը՝  Ազգային  Ժողովի  հարթակէն

Ազգային  Ժողովի  բեմէն ելոյթ  ունենալով՝ լիբանանահայ  Ռազմիկ  Մինասեան   փորձած է ներկայացնել   հայրենադարձներու խնդիրները։ Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ     «Հայրենադարձներու ձայնը» խումբէն։

Մինասեան,  որ  վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է  Երեւանի  մէջ,  նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է  «Հայրենադարձներու  ձայն» ընդհանուր անուան  տակ։

Ան ՀՀ  Ազգային Ժողովի բեմէն իր ելոյթին  ընթացքին  խօսած է  վերջին ժամանակներուն,  մասնաւորապէս Լիբանանէն  Հայաստան   ներգաղթողներուն մասին ու այդ  առթիւ ալ    փորձած է   հայրենադարձներու խնդիրները  բարձրաձայնել։

Իր ելոյթի ընթացքին   Մինասեան  մասնաւորապէս  ըսած է,  թէ Մեծ եղեռնէն վերապրած ժողովուրդը, ի գին մեծ զոհողութիւններու պահպանած է իր ինքնութիւնը եւ իր երազը՝ վերընձիւղուելու հայրենիքի մէջ: Ան նշած է թէ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, սփիւռքահայը ոգեւորուելով նոր համակարգի ընծայած առիթներէն, որոշած է իր փորձը ի սպաս դնել լուսաւոր Հայաստանի զարգացման: «Միասնական ուժով, խմբային աշխատանքով եւ Յայաստանի հանրապետութեան նեցուկով միայն հայրենադարձը կրնայ կերտել փայլուն ապագայ բարգաւաճ Հայաստանի մէջ»,- ըսած է Մինասեան, ապա շարունակած.

«Թոյլ մի տաք որ գաղթենք, թոյլ մի տաք, որ վերադառնանք օտար ափեր մեր ապրուստը ապահովելու համար, ուր մեր ճակատագիրը անկասկած ձուլումն է»:

Ան անդրադառնալով պետական խոստումներուն հայրենադարձերուն, հարց բարձրացուցած է. «Եթէ ձեր ծրագրին մէջ չկայ այսօր հարենադարձներուն հարցը, ապա ե՞րբ պիտի ըլլայ»:

Մինասեան յատկապէս մատնանշած է, որ  հապճեպ եւ ժամանակաւոր լուծումներու կողքին կը պահանջուի նաեւ արմատական, հետեւողական եւ երկարատեւ լուծումներ,  հայրենադարձի դիմագրաւած հարցերուն: Ան ընդգծած է թէ հայրենադարձի բազմաթիւ խնդիրներուն գլխաւորն է դրամատան վարկային պատմութիւնն ու տոկոսները. «մենք եկած ենք Հայաստան, վարկային պատմութիւն չունինք, եթէ վարկ չտաք, ինչպէ՞ս պատմութիւն պիտի ունենանք»:

Ան անդրադարձած է նաեւ սուրիահայ գաղթականներուն նկատմամբ եղած թերացումներուն,   որոնց հետեւանքով  հայրենիքը այժմ զրկուած է արժէքաւոր մարդուժէ: Հայրենադարձներու նոր ալիքի մը ընդառաջ, ան պետական մարմիններուն ամփոփ ձեւով ներկայացուցած է հետեւեալ  պահանջները.


-Հայրենադարձութեան յատուկ օրինագծի մշակում, ուր կը ճշդուին պետական աջակցութեան նիւթական թէ բարոյական բնոյթն ու կանոնները: 


-Շտապ կարգով հանրակացարանային բնակարաններու ապահովում հայրենադարձներուն, իսկ հեռակայ կարգով բազմաբնակարանային համալիրի կառուցում, երկարաժամկէտ վարկային վճարումներու դիւրիւթիւններով:

-Արդար աշխատանքով ապրուստ ապահովելու կարելիութեան ընծայում, նոր աշխատետեղերու ստեղծումով, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու աջակցութիւն, գէթ դրամատնային վարկերու դիւրիւթիւններու ընծայումով, կամ տոկոսներու մեղմացումով, նաեւ ժամանակաւոր  հարկերէ ազատումով:

-Հայրենադարձը նաեւ մեծ դժուարութիւն ունի ձեռք բերելու վարորդական իրաւունք, հետեւաբար կ'առաջարկենք տեսական քննութիւնը կատարել արեւմտահայերէնով, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու բառեզրերով:

Մինասեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք առիթ տուած են հայրենադարձներուն ձայնը լսելի դարձնելու: