image

«Լիբանանը ինչքան աւելի լաւ տեղ կ'ըլլայ, եթէ բոլորս սորվինք Սըրսոքներու խոնարհութեամբ ապրիլ» Նաթալի Հալաճեանի գրառումը

«Լիբանանը ինչքան աւելի լաւ տեղ կ'ըլլայ, եթէ բոլորս սորվինք Սըրսոքներու խոնարհութեամբ ապրիլ» Նաթալի Հալաճեանի գրառումը

Պէյրութի աղէտալի պայթումին մասին շատ գրուեցաւ։ Պայթումը ստեղծեց խնդիրներ քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային հարթակներու վրայ. եղան հրապարակումներ պայթումին պատճառած վնասներուն եւ աւերիչ ազդեցութիւններուն մասին, մասնաւորապէս մայրաքաղաքի մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու, եկեղեցիներու եւ կեդրոններու վրայ։

 «Արեւելք»ի այս հրապարկումը կը պատմէ լիբանանահայ մեր հայրենակցուհի Նաթալի Հալաճեանի ապրած փորձառութեան մասին, որ պայթումէն կարճ միջոց մը առաջ իր ամուսնութիւնը կնքած էր դառնալով հիւրը ՝ Պէյրութի Սըրսոք պալատին։

Ստորեւ Նաթալի Հալաճեանի գրառումն ամբողջութեամբ.

 

Պէյրութի աղէտալի պայթումէն երեք շաբաթ առաջ, Սըրսոք ընտանիքը հիւրընկալեց մեզ, մեր հարսանիքը եղաւ Սըրսոքներու հրաշալը պալատին մէջ: Հարսի հագուստը փորձելէն, կամ ծաղիկները դասաւորելէն աւելի, կը սպասէի պարտէզներուն մէջ հմայիչ Ճեսիքային հետ մեր հանդիպումներուն, որ ինծի համար առիթ էր փախելու հարսանեկան պատրաստութեան խառնիճաղանճէն: Ամէն անգամ առիթը բաց չէի ձգեր անոր յիշեցնելու, թէ որքան բախտաւոր է ինք, աշխատելով Պէյրութ քաղաքի կեդրոնը գտնուող այսպիսի անաղարտ շրջանի մը մէջ, եւ ան այս ակնարկիս սովորաբար կը պատասխանէր անկեղծ լայն ժպիտով, շողացող ջերմ հայեացքով եւ գլուխով համաձանութեան նշան տալու շարժումով: Շատ անգամ ալ, Պէյրութի տաք արեւուն տակ, կը հանդիպէինք Պրն. Ռոտրիք Քոշրանին՝ իր նոր ամառնային գլխարկով, երբ ան շատ հաճոյական, միեւնոյն ատեն, խոհական կերպով շրջելով, կը ստուգէր իր թանկարժէք «արուեստի կտորը», եւ մտերմիկ «բարի լոյս» մը կը փոխանակէինք անոր հետ:

Մեր հարսանիքը երազ մըն էր: Մեր ընտանիքն այնտեղ էր: Սըրսոք ընտանիքը այնտեղ էր: Շատ լաւ խնամքով պահպանուած Սըրսոքի պալատը նոյնպէս այնտեղ էր: Մենք գիշերեցինք մասամբ լիբանանեան, մասամբ սիսիլիական պատմական այս յուշակոթողին մէջ: Արթնցանք լողալով այգիներու թրթռուն կանաչին մէջ: Նախաճաշի ժամանակ կը տեսնէի ինչպէս Պրն. Ռոտրիքը հովանոցով կը մօտենար մեր սեղանին, մեզի շուք ապահովելու համար: Տիկին Մերի Քոշրանը, պրն. Ռոտրիքի կինը, կը հարցնէր՝ սո՞ւրճը կը նախընտրենք կա՞մ թէյը: Ան հիացած էր իմ զգեստով եւ ուզեց լուսանկարել այն:

Ձեւով մը հպարտ էի...

Նման ազնիւ համեստութեամբ, անարատ սկզբունքներով եւ խոնարհ նրբագեղութեամբ շրջապատուած ըլլալը խորապէս տպաւորած էր զիս, աւելի, քան՝ Պալատի շքեղութիւնը: Ամուսինիս ըսի, Լիբանանը ինչքան աւելի լաւ տեղ կ'ըլլայ, եթէ բոլորս սորվինք այսպիսի արքայավայել խոնարհութեամբ ապրիլ:

Այնուամենայնիւ, մենք փոքր խնդրի մը հանդիպեցանք: Ես ննջարանէն դուրս գալու ժամանակ փակած էի դուռը, բանալին թողելով ներսի փականին (կողպէքին) վրայ, եւ չէի կրնար հաշտուիլ այն միտքին հետ, որ իմ սխալը շտկելու համար կրնար վնասուիլ կամ քերծուիլ ննջասենեակի դուռը, որ շատ լաւ պահպանուած պատմական դուռ էր: Խորապէս մտահոգուած լիբանանեան պատմական ժառանգութեան մաս կազմող այս մէկ դռան համար... վարանումով, այդ մասին սուրճի սեղանին շուրջ տեղեկացուցի տէր եւ տիկին Քոշրաններուն: Անոնք արձագանգեցին իրենց յատուկ բարեշնորհութեամբ եւ համեստութեամբ: Կղպանքին հարցը լուծեց ամուսինս՝ առանց վնասելու դուռը, ինչպէս ես կը ցանկայի:

Վերջին պտոյտ մը ըրինք պալատին մէջ, նախքան հեռանալը, չնայած տիկին Մերին խնդրեց մեզմէ քիչ մը աւելի երկար մնալ… Լէյտի Իւոն Քոշրանը, հագած էր պայծառ ֆուշիա գոյնով մարգարիտ վզնոց մը, նստած էր իր սովորական տեղը, փայլելով արեւի ճառագայթներուն ներքոյ, որ կ'անցնէին եռակի կամարաշարքի միջով, «l'Orient le jour»-ի վերջին թիւը իր ձեռքերուն: Ան թրթռուն ժպիտով մը բացականչեց, որ հարսանիքը շատ վայելուչ եւ շքեղ էր: Լէյտի Քոշրանը վայելած էր այն:

Նախքան մեկնիլս, նրբօրէն մշակուած փայտէ եւ արոյրէ դռան մօտ կանգնած, չկրցայ իմ մտավախութիւնները չյայտնել տիկին Մերիին: Արդեօք ապագայի ի՞նչ ծրագիր ունի անոնց ընտանիքը: Այս ամբողջ խառնաշփոթի լոյսին ներքոյ անոնք պիտի լքե՞ն Լիբանանը: Պիտի լքե՞ն պալատն ու այգիները: Արդեօ՞ք անոնք, որպէս շահաւէտ գործարք, այն պիտի վաճառէին, ինչպէս այլ կալուածատէր պէյրութցիներ կ'ընէին: Հաւատարիմ մնալով իր վայելչութեան՝ ան զիս կը հանգստացնէր, ըսելով, որ իրենք «գերժամանակակից» մարդիկ չեն, որ իրենք եւ այս Պալատը տեսած են բազմաթիւ պատերազմներ, աւերածութիւններ եւ վնասներ, եւ միշտ ալ վերականգնուած են...

Ես կը հաւատամ, որ անոնք երբեք պիտի չհեռանան, քանի որ այստեղէն աւելի լաւ տեղ չկայ ապրելու:

 

 «Արեւելք»ի համար անգլերէնէ  թարգմանեց ՝ Ա.Չ.