image

«Հայերուս ձեռագիրը չէ կրօնական կամ մշակութային կառոյցներ հարուածելը» Արծրուն Յովհաննիսեան

«Հայերուս  ձեռագիրը չէ  կրօնական կամ մշակութային   կառոյցներ  հարուածելը» Արծրուն Յովհաննիսեան

Պատասխանելով ռուս լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրթիռակոծութենէն ետք, հայկական զինուժի կողմէն համարժէք պատասխան տեղի պիտի ունենա՞յ, Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ եթէ խօսքը կը վերաբերի մշակութային որեւէ կառոյց հարուածելուն, ապա, ի հարկէ, ոչ։

Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ Արցախեան ազատամարտի ժամանակ Ստեփանակերտի վրայ 21 հազար արկ նետուած է, եւ անոնք պահուած են Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ բակը դրուած էր «Կրատը», ու այդտեղէն կը հրետակոծէին Ստեփանակերտը։ Ատրպէյճանցիները լաւ գիտեն, որ հայերու ձեռագիրը այդպիսին չէ, մենք չենք կրնար մշակութային կամ հոգեւոր կառոյցի մը հարուած հասցնել։

Յովհաննիսեանի խօսքով` Սուրբ Ղազանչեցոցի հրթիռակոծութիւնը երկու պատճառ ունի։ Առաջին հերթին այդ ատրպէյճանական պարտութիւններու յուսահատութեան հետեւանքն է, եւ երկրորդը, որ մեր սրբավայրերը միշտ կը թիրախաւորուին` անկախ թէ ուր կը գտնուին։

«Ըլլայ այդ հրետանային հարուած, պայթեցում, թէ մուրճով ջարդել»,– ըսաւ Յովհաննիսեան։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը տեղեկացուց, որ Շուշին, Ստեփանակերտը, Հատրութն ու Մարտունին հարուածներու կ'ենթարկուին հրթիռային տարբեր միջոցներով` «Սմերչ», «Քասիրկա», «LAR 160» համակարգերով, երբեմն` իսրայէլական LORA պալիստթական հրթիռներով:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը 8 հոկտեմբերի առաւօտեան հրթիռակոծած էր Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցող եկեղեցին, այդ պահուն ներսը երեխաներ եղած էին։ Բարեբախտաբար, ոչ ոք տուժած էր։

Անկէ ետք հրթիռակոծութեան հետեւանքները լուսաբանելու համար եկեղեցի գացած էին Արցախ աշխատող տեղական ու միջազգային լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրկին հրթիռակոծած էին եկեղեցին, եւ լրագրողները վնասուածքներ ստացած էին այդ հարուածներէն։