image
Հրատապ լուրեր:

«Աւետարանչական»ի նոր նախաձեռնութիւնը՝ «Տէր կանգնինք Արցախի մանուկներուն»(Տեսանիւթ)

«Աւետարանչական»ի նոր նախաձեռնութիւնը՝ «Տէր  կանգնինք  Արցախի մանուկներուն»(Տեսանիւթ)

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը  (AMMA-ԱՀԱԸ)օրերս որոշում կայացուցած է նոր դրամահաւաք մը սկսիլ հասնելու համար Արցախի պատերազմին հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած ընտանիքներուն։

 

 «Արեւելք»ի աղբիւրներուն համաձայն կայանալիք դրամահաւաքի ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի ընտանիքներուն եւ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի պատերազմին հետեւանքով դժուար վիճակներու մէջ յայտնուած Արցախի մանուկներուն։

  Այս առթիւ ալ ընկերակցութիւնը պատրաստած ու հանրութեան ներկայացուցած է յատուկ տեսանիւթ մը, որուն միջոցաւ ալ ԱՀԱԸ կը դիմէ իր լայն շրջանակներուն անոնցմէ խնդրելով մասնակցութիւն բերել ընթացք առած նուիրահաւաքին։

 

 Նշենք, որ այս առաջին նախաձեռնութիւնը չէ, որուն կը դիմէ ԱՀԱԸ-ն եւ վստահօրէն այս առումով ալ պիտի շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը։