image

Ինչ նշանակութիւն ունէր «Արիւնոտ լուացք» ներկայացումը. Կը պատմէ Մարիամ Մուղտուսեանը

Ինչ նշանակութիւն ունէր «Արիւնոտ լուացք» ներկայացումը. Կը պատմէ Մարիամ Մուղտուսեանը

Արիւնոտ լուացք՝ Թորոնթոյի փողոցներուն մէջ։ Արուեստի միջոցով իր բողոքը արտայայտած էր գանատահայ նկարիչ Մարիամ Մուղտուսեանը։ Անոր խօսքերով՝ արշաւը յատուկ խորհրդանիշ ունէր․ «Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ բոլոր մարդիկ գիտեն, թէ խաղաղ, արեւոտ օրերուն այդ գունաւոր լուացքներն ինչպէս դրօշներու պէս ծածանին։ Երբ անոնք արիւնոտ են, ուրեմն այդտեղ աղէտ եղած է, ուրեմն այդտեղ արդէն մարդիկ չկան, եւ, նայելով այդ հագուստներուն, կարելի է տեսնել, թէ ովքեր չկան արդէն։ Հիմնական գաղափարը այս էր»։

Մարիամը արուեստի միջոցով կը պատկերացնէ իր պայքարը։ Ըստ անոր՝ արշաւը այն մարդոց մասին էր, որոնք կը տուժեն տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններէն։