image

Պէյրութի մէջ. Լիբանանցի քաղաքացին ինքզինք հրկիզած է (Տեսանիւթ)

Պէյրութի մէջ. Լիբանանցի քաղաքացին ինքզինք հրկիզած է (Տեսանիւթ)

 Պէյրութի «Պիր  ալ հասան»  թաղամասին մէջ  արտակարգ պատահար մը գրանցուած է։ Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 Մեր տեղեկութիւններով քաղաքացի մը   առ ի բողոք  Լիբանանի  մէջ տիրող ընկերային  ծանր  պայմաններուն ինքզինք  փորձած է  հրկիզել։

 

 Քաղաքացիի   վիճակին մասին  յաւելեալ     տեղեկութիւններ  չեն հաղորդուիր,  իսկ համացանցին վրայ  տարածուած  տեսանիւթէն   երեւելի  կը   դառնայ, որ դէպքը  տեղի ունեցած  է  «Պիր  ալ  հասան»  շրջանի ընկերային ապահովագրման    կեդրոնատեղիի  շէնքին  մօտ։

 

 

  Յիշեցնենք, որ  անցնող     առնուազն   մէկ տարուան  ընթացքին բազմաթիւ  լիբանանցիներ, առ ի   բողոք  երկրին մէջ  տիրող  ծանրագոյն   պայմաններուն դիմած  են նման  յուսահատ քայլերու։