image

Բոլորիս համար այսօր գերագոյն խնդիրը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումն է. Գէորգ Հալէպլեան

Բոլորիս համար այսօր գերագոյն  խնդիրը  Հայաստանի  եւ Արցախի անվտանգութեան  ապահովումն է. Գէորգ Հալէպլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ամերիկահայ  հասարակական գործիչ, ՌԱԿ անդամ՝ Գէորգ Հալէպլեան:

-Արցախեան պատերազմի աւարտին եղած «համաձայնութիւն»ը ծանր պարտութիւն էր հայ ժողովուրդին համար: Դուրսէն դիտուած, ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Հայաստանի իրավիճակը:

Այո՛, կորուստը շատ ծանր է, ինչպէս գիտենք, ոչ վաղ անցեալին՝ 100 տարի առաջ, մենք կորսնցուցինք հայրենիքի տարածքներ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, դժբախտաբար, այսօր նոյնն է վիճակը. այս վիշտը, հայրենիքի կորուստի զգացումը եւ պարտութեան այս վիճակը տակաւին կրնայ շատ երկար մնալ մեր յիշողութիւններուն եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Սփիւռքը անշուշտ իր բոլոր հնարաւորութիւններով օգնեց, որպէսզի այս վիշտը եւ ցաւը թեթեւնայ: Անշուշտ չպէտք է մոռնանք, որ մենք յաղթանակներ կերտած ժողովուրդ ենք, ինչպէս 1992-1994-ին արձանագրուած յաղթանակները Ղարաբաղեան ճակատին վրայ, ի վերջոյ, պարտութիւնը եւ յաղթանակը բոլոր ժողովուրդներուն համար են: Այս հանգրուանին, առաջնային պէտք է նախ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական ծանր վիճակը թեթեւցնել եւ ինչքան հնարաւոր է մարդասիրական, բարոյական, բժշկական, տնտեսական տարբեր տեսակի օգնութիւններ հասցընել՝ Հայաստան եւ Արցախ։ 

 

-Այսօր մենք կ'ապրինք ներքին քաղաքական տագնապ: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ են այն մեքենականութիւնները, որոնք գործի պէտք է դրուին՝ դուրս բերելու համար երկիրը այս տագնապալի վիճակէն:

Նախ ըսեմ, որ այս հարցի հանգուցալուծումը նոյնինքն այսօրուան իշխանութիւններուն ձեռքն է: Այսօրուան իշխանութիւնները պարտաւոր են ի մի բերել ընդդիմադիր կեցուածք որդեգրաղ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական բոլոր ուժերը եւ համախմբուելով, միասնաբար ճանապարհային քարտէզ մը մշակել ապահովելու համար անել վիճակէն դուրս գալու միջոցները։Այլեւս պէտք է վերացնել՝ հիներու եւ նորերու, սեւերու եւ սպիտակներու, իշխանամէտներու եւ հակաիշխանականներու բաժանարար գիծերը, որովհետեւ հիմա բոլորս ունինք միայն ու միայն մէկ հիմնահարց, որն է հայրենիքի անվտանգութեան ապահվման հիմնահարցը։ Միայն ազգային միասնութեան կամ ազգային համաձայնութեան գաղափարին շուրջ է որ բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է հաւաքուին, եւ, դարձեալ կը կրկնեմ, ասիկա պէտք է ըլլայ իշխանութեան նախաձեռնութեամբ, համաձայնեցուած ճանապարհային քարտէզ մը գծուի երկիրը ճիշդ հունի վրայ դնելու համար:

 

-Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը պահանջեն վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Դուք համաձա՞յն էք այդ մօտեցման հետ: Կը խօսուի նաեւ ազգային համաձայնական կառավարութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, արդեօք այդ մէկը իրագործելի՞ է այս պայմաններուն մէջ:

Այսօր անմիջապէս վարչապետի հրաժարականը կրնայ երկիրը աւելի քաոսի մատնել: Ժողովուրդի ցասումը եւ բողոքը ինչ որ տեղ կը հասկնանք, սակայն աւելի վտանգաւոր է երկիրը անորոշութեան տանիլ։Հիմա մեղաւորներ եւ անմեղներ կամ դաւաճաններ փնտռելու ժամանակը չէ, նախ պէտք է երկիրը դուրս բերել բարոյահոգեբանական ծանր վիճակէն՝ իշխանութեան նախաձեռնութեամբ եւ անշուշտ մասնակցութեամբ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն, եւ վերջ ի վերջոյ գոյացնել միացեալ համաձայնական յանձնախումբ մը, որ պիտի վայելէ ամբողջ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ այդ յանձնախումբի միջոցաւ կազմակերպել եւ ճանապարհային քարտէզ մը կազմել հասնելու համար խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու, որուն միջոցաւ ալ արդէն յայտնի կ'ըլլայ, թէ որ քաղաքական ուժն է, որ կը վայելէ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը, որպէսզի վերցնէ այս ծանր բեռը իր վրայ, այս ճակատագրական պահերուն: 

 

-Համաշխարհային պայմաններու ընդհանուր պատկերին մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէք Արցախի այսօրուան կարգավիճակը: Ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը ի վերջոյ ինչ որ դրական նշանակութիւն ունի՞ ձեզի համար:

Նկատի ունենալով վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին եղած զարգացումները, դժբախտաբար, շատ լաւատես չեմ Ղարաբաղի կարգավիճակի ապագայի նկատմամբ: Ըստ երեւոյթին, 20 տարուան այդ բանակցութիւններուն մէջ երբ տեղ մը գոնէ խօսք մը կար Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին, թէկուզ անյայտ ապագայի համար, այսօր, դժբախտաբար, այս պատերազմէն ետք, ինչպէս յայտնի դարձաւ 10 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրին մէջ նշուած 9 կէտերուն մէջ, որոնք իմ կարծիքով շատ ստորացնող եւ ամօթալի են մեր պետականութեան համար Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը կը մնայ մշուշոտ, չըսելու համար՝ անլուծելի:

Մենք նախ պիտի շնորհակալ ըլլանք Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան, վերջին վայրկեանին ռազմական գետնի վրայ միջամուխ ըլլալուն համար, որուն շնորհիւ փրկուեցաւ մեր հայրենիքէն գոնէ մաս մը, ինչպէս նաեւ մեր հետագայ ապահովութիւը եւ անվտանգութիւնը իր վրայ վերցնելուն համար:

Ինչպէս կը տեսնենք, ե՛ւ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յայտարարութիւններուն մէջ Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին առայժմս խօսք չկայ: Հակառակ անոր, որ Ֆրանսան իր սենատով Ճանչցաւ Արցախը, սակայն ատիկա բարոյական խօսքէն անդին չանցնիր. բնականաբար Ֆրանսան, որպէս Մինսքի խումբի համանախագահող անդամ եւ որպէս չէզոք պետութիւն, պիտի չճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, ինչքան ալ որ իր օրէնսդիր մարմիններէն մէկը ընդունած ըլլայ. ատիկա մեզի համար միայն բարոյական յաղթանակ կը սեպուի:

Այստեղ ես կ'ուզեմ կարեւոր մէջբերում մը ընել: Պատմութենէն դասեր քաղելով, կը տեսնենք, որ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք. ինչպէս 100 տարի առաջ մենք կորսնցուցինք Կարս, Արտահանը, Սուրմալուն, Արարատ լեռով, որովհետեւ մենք որպէս ռէալ փոլիթիք չկրցանք գետնի վրայ ռազմաքաղաքական իրավիճակը ճիշդ գնահատել եւ ինչ որ երազային Սեւրի պայմանագիր, Արեւմուտքէն եկած այսպէս մշուշոտ, երազային պայմանարներու հաւատացինք, այն ինչ, պէտք է միշտ նկատի առնէինք տարածաշրջանին մէջ եղող ռազմաքաղաքական իրավիճակը: Կը բաւէ այլեւս մոլորուինք օտար կամ, այսպէս, մեզի բարեկամ ձեւացող երկիրներէն յոյսեր տեսնենք, մենք պէտք է գետնի վրայի իրավիճակը ճիշդ գնահատենք եւ տեսնենք որն է մեզի համար ամենաընդունելին եւ նուազ կորուստներովը: Հիմա պէտք է այս հանգրուանէն աւելի քիչ կորուստներով դուրս գալու ճկունութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը ունենանք:

 

-Վերջին օրերու զարգացումները նաեւ ցոյց տուին, որ Թուրքիան, որ տարբեր շրջաններու մէջ կը վարէ սանձարձակ եւ անզսպելի քաղաքականութիւն մը, լուրջ սպառնալիք է Հայաստանի համար: Դուք կը կիսէ՞ք այդ կարծիքը, եթէ այո, ապա ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստանը ինքզինք պահելու համար այդ համաթուրանական մեծ յորձանուտին առջեւ:

Ինչ որ պատահեցաւ այս վերջին երկու ամիսներուն, այո՛, դուք ճիշդ էք, այդ համաթուրանական մեծ ծրագրի մէկ մասն է. Թուրքիան միշտ ալ խոչընդոտ նկատած է ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը՝ Թուրքիայէն դէպի Միջին Ասիա ուղղուող իր նպատակներու իրականացման: Այսօր ալ տարբեր չէ. Թուրքիան առիթը յարմար տեսնելով, միջամտեց Անդրկովկասի մէջ, օգնելով Ատրպէյճանին, որպէսզի այս պատերազմը յաջողութեան հասնի:

Ինչպէս գիտենք, դարաւոր հակամարտութիւն գոյութիւն ունի ռուս եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ. պատմութեան ընթացքին 13 պատերազմներ մղած են այս երկու ժողովուրդները: Ռուսաստանի մուտքը շատ կարեւոր էր տարածաշրջան՝ Արդրկովկաս, ոչ միայն իր աշխարհաքաղաքական շահերէն բխած, այլեւ մեր ֆիզիքական եւ պետական անվտանգութեան շահերէն ելլելով: Այնուամենայնիւ, Թուրքիան տակաւին, դժբախտաբար, մեր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Ռուսիոյ հետ իր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները ունի, անոր կողքին կը հետապնդէ նաեւ իր համաթուրանական մեծ ծրագիրը, Ռուսաստանն ալ լաւ գիտէ այդ մէկը: 

Ես կ'ուզեմ յայտարարել հետեւեալը, որ հաւանաբար տարօրինակ թուի կարգ մը հայրենակիցներու կամ քաղաքական շրջանակներու, պատմագէտներու համար: Հակառակ երթալով մեր վեհ գաղափարին՝ ինքնիշխանութեան, անկախ Հայաստանին, պիտի ըսեմ, որ եթէ Ղարաբաղէն մնացած մասն ու Մայր Հայաստանը Ռուսաստանի հետ մէկ միասնական պետութեան մէջ չներգրաւուինք, ապա իմ կարծիքով մեր ֆիզիքական ապահովութիւնը որպէս ազգ եւ պետութիւն վտանգուած է: Ես կ'ուզեմ որ մեր քաղաքական շրջանակները, մտաւորականները, հասարակական կազմակերպութիւնները մտածեն, քննարկեն այս մասին, որովհետեւ փանթուրքիզմի վտանգը ներկայ էր երէկ, ներկայ է այսօր եւ ներկայ պիտի ըլլայ վաղը: Հետեւաբար մեր միակ փրկութիւնը, ուզենք կամ ոչ, Ռուսաստանի հետ միասնական պետութեան մէջն է, անկախ անկէ, թէ Ռուսաստանը ինչ վարչաձեւ, ինչ հասարակակարգ ունենայ. ժամանակին ձարական էր, յետոյ եղաւ սովետական, իսկ այժմ արդէն դաշնային եւ անկախ Ռուսաստան, կարեւորը այստեղ ռուս ժողովուրդին բարեկամութիւնն է եւ մենք իրենց համար որպէս վստահութիւն ներշնչող ազգ, այդ իմաստն է որ պէտք է գերադասենք, եւ ոչ թէ գործող վարչաձեւը կամ հասարակարգը: