image

Հալէպը Ամբողջ Դար Մը Մեր Երգն Ու Բերքն Էր. Զաւէն Խանճեան

Հալէպը  Ամբողջ Դար Մը  Մեր  Երգն Ու Բերքն Էր.  Զաւէն Խանճեան

 «Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը  օրհնութիւն  է եւ պիտի նպաստէ մեր երազած հայրենադարձութեան գործին» «Արեւելք»ին յայտնեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Պրն.  Զաւէն Խանճեան:  Խանճեան զրոյցի ընթացքին խօսելով Հայ Աւետարանչական Համայնքի աշխատանքներու մասին նշեց, որ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութեան դաշտը եղած է բազմածաւալ եւ երկարած 24 երկիրներու վրայ, սակայն 1991-2 թ.էն սկսեալ Հայաստանի անկախացումէն ետք անոնց մատուցած ծառայութիւններու  կարեւորագոյն  բաժինը տրամադրուած է հայրենիքին: Խօսելով հայրենիքի հանդէպ ազգովին ունեցած մտահոգութեան եւ հոգատարութեան շուրջ ան ըսաւ. «Ինծի համար հայրենիք այցելելը տուն այցելելու նման է: Բնականաբար երբ տուն գաս, կ'ուզես վստահ ըլլալ, թէ տնեցիներուդ ընդհանրական վիճակը լաւ եւ բարւոք է, նոյնն է պարագան երբ մարդ իր հայրենիքը կ'այցելէ», նշելով, որ Աւետարանչական համայնքն ալ իր հերթին  այդ մտահոգութիւններէն մեկնելով, կը մտածէ, կը կշռէ եւ կը գնահատէ վիճակը մշակելու համար իր մատուցելիք օժանդակութեան ձեւը: Յայտնելով զինք մտահոգող ամենամեծ դժուարութեան մասին, զորս կը դիմագրաւէ Հայաստանը, ան ըսաւ «Պէտք է ըսել որ, որոշ չափով ամէն այցելութեան բարելաւում մը կը տեսնենք, սակայն անշուշտ չենք կրնար ըսել, որ երկրին մէջ դժուարութիւններ չկան եւ որոնց գլխաւորը հայրենիքի «արիւնահոսութիւնն է», բոլորիս ծանօթ՝ հայաթափումն է»: Այս ուղղութեամբ ան յայտնեց, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հայաթափման հարցի յաղթահարման նպատակով իր աշխատանքի ծիրէն ներս  կը կեդրոնանայ երկու գլխաւոր խնդիրու վրայ, առաջինը՝ ջանալ ստեղծել գործի առիթներ գործազուրկներուն համար, ըլլան անոնք տեղացիներ, կամ այսօր Միջին Արեւելքի տագնապներէն հեռացած հայրենիք հաստատուած սուրիահայերը,  իսկ երկրորդը՝ կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնն է եւ գործնական- աշխատանքային կեանքը: Խանճեան նաեւ կը յայտնէ, որ կրթութեամբ զբաղուելու կարելիութիւնը հայրենիքի մէջ կարեւոր կը սեպէ, որուն  միջոցաւ միայն կարելի պիտի դառնայ լուծել աշխատանքի հարցը, որ արտագաղթման հիմնական պատճառն է:

Այնուհետեւ խօսելով օրըստօրէ թուլացող հաւատքի վերաբերեալ հայ մարդու դիմագրաւած հարցերու, հայ անհատի օտարման, իր եկեղեցիէն, բոյնէն ու ընտանիքէն հեռանալու հարցերուն շուրջ, Խանճեան յայտնեց, որ այդ ուղղութեամբ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր ծնունդէն ի վեր, շարունակելով քրիստոնէական աւանդութիւնը եւ քրիստոնեական հաւատքի վարդապետութիւնը, կարեւորագոյն ուսումունքի առարկայ կը դարձնէ հայ ընտանիքը եւ անկէ ծնած զաւակներն ու մանուկները, ուր անոնք մեկնելով «Կրթէ՛ մանուկին, ճամբան սկսած ատենը»  կարգախօսէն, փոքր տարիքէն կը հետեւին անոնց Աստուծաշունչի ուսուցման, «երբ այդ ընտանիքը եւ էութիւնը կարելի ըլլայ առողջ պահել եւ առողջ զարգացնել ու մեծցնել, մենք մնացեալ բոլոր փորձութիւններէն հեռու մնալու հաւանականութիւն կ'ունենանք» ըսաւ  ան,  նշելով, որ իրենք գիտակից են տակաւ զարգացող բոլոր փորձութիւններուն, մոլութիւններուն եւ ազատամտութեան     հետեւանքով ծայրայեղական  մօտեցումներու  զարգացման  մասին,  «որոնց վնասները կը ծաւալին  թէ մարդ էակին, թէ անոր ընտանեկան միաւորին եւ թէ ազգին վրայ, որովհետեւ անոր հիմքը կը կազմէ նիւթապաշտութիւնը,ինքնասիրութիւնը եւ ինքնակեդրոնացումը»: Խանճեան նշեց, որ Աւետարանչական եկեղեցին կրօնական դաստիարակութեամբ, հաւատքի ճամբով եւ քրիստոնեական վարդապետութեան ներմուծումով կը ջանայ առողջ պահել  սերունդը  եւ անդրադարձնել, թէ հոգեւոր  արժէնքներն են մնայունը, որոնք մարդ արարածին հետ կը մնան նոյնիսկ յետ մահու եւ կ'արժանացնեն փրկութեան:

Այնուհետեւ Խանճեան իր խօսքը մասնաւորելով Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիահայ համայնքի շուրջ, նշեց, որ , ինք երեք բառերու մէջ կը խտացնէ եւ կ'արտայայտէ սուրիահայութեան հանդէպ իր համայնքի ունեցած դիրքի ու առաքելութեան խորհուրդը, որոնք են՝ Երգ, Բերք եւ Վէրք: Մեկնաբանելով իր միտքը, ան յայտնեց, որ նախքան սուրիահայութեան մասին խօսիլը պէտք է լաւ ծանօթ ըլլալ սուրիահայ գաղութի Մայր գաղութ ըլլալու հանգամանքին եւ անոր մարդկային արժանիքներուն ու ըսաւ.«Հալէպը եղած է մեր երգը, մենք անօթի, թշուառ վիճակի մէջ հասնելով ասպնջական Սուրիոյ ափերը, ծաղկեցանք, կենդանացանք եւ շուրջ մէկ դար Հալէպի մէջ երգեցինք ու կենսաւորուեցանք, եւ այսպիսով հաւաքականութիւնը աճեցաւ, հասունցաւ, Բերք դարձաւ եւ այդ Բերքը տարածուեցաւ սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն մէջ, աշխարհի չորս կողմը հալէպցիներ իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ առաջնորդներ եւ հայութեան դեսպաններ դարձան եւ այսօր Հալէպը  ամբողջ դար մը այս կեանքը ապրելէն ետք, անոր Երգն ու Բերքը, դարձան Վէրք  եւ այդ արիւնահեղութիւնը սկսաւ հիւծել մայր գաղութը, այդ կենսունակ գաղութը, որուն կապը մեր կորսուած հայրենիքի եւ մեր դատին հետ չի նմանիր ուրիշ որեւէ գաղութի» եւ կարեւորեց անոր օգնութեան հասնելու աշխատանքները, որու գիտակցման համար նախ արթնութիւնը պէտք է  եւ նշեց, որ ինք ջանացած է այդ արթնութեան օգտակար ըլլալ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափերու գաղութի միաւորներուն հետ միասնաբար ստեղծելով  Syrian Armenian Relife Fund –ը (SARF), որ երկու տարուան ընթացքին արդէն մեծ քարոզչութիւն, գիտակցութիւն ստեղծած է ժողովուրդին մօտ եւ ապահոված՝ նիւթական մեծ օժանդակութիւն: Խանճեան յայտնեց, որ  Սեպտեմբեր  2014-էն  ի վեր փոխադրուելով  Ամերիկայի Արեւելեան ափ ստանձնած է  կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, աւելի կենսաւորելով սուրիահայութեան հանդէպ ունեցած օժանդակութեան աշխատանքը, որպէսզի հայ գաղութը շարունակէ ապրիլ եւ արժանավայել գոյութիւն մը ունենալ մինչեւ այս տխուր վիճակի աւարտին հասնիլը, երբ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել  խաղաղութեան ծիածանը Սուրիոյ հորիզոններուն տակ:

Զրոյցի աւարտին Խանճեան  նշեց, որ ինք թէեւ լաւատես է Սուրիոյ ապագայով, սակայն ան այդքան վստահ չէ, թէ սուրիահայութիւնը պիտի կարենայ պահել իր նախկին կենսունակութիւնը, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ  տարրը արդէն 1950-ական թուականներէն ի վեր հսկայական տոկոսներով կը նուազի եւ հայութիւնն ալ այդ փոքրամասնութեան մաս կը կազմէ, «Ես մեր գաղութի գոյատեւման վստահութիւնը ունիմ , բայց եւ այնպէս գաղութը չի կրնար նոյն քանակով եւ որակով շարունակել» եզրափակեց ան, աւելցնելով, որ այսօր առաւել գործօն մը կայ, որ կ'ազդէ այդ հանգամանքին վրայ, որ հայրենիքի գոյութիւնն է, ուր սուրիահայութեան մեծ տոկոսը վերադառնալով օգտակար պիտի դառնայ Հայաստանի ծաղկման: