image

Հալէպ ծնած Կարօն՝ հայրենիքի նահատակ

Հալէպ ծնած Կարօն՝ հայրենիքի նահատակ

Կարօ Յովակիմեանի անունը կը միանայ այն հազարաւոր հերոսներու մեծ ցուցակին, որոնք մահ ու կենաց կռիւ տուին յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։

 «Արեւելք»  անոր նահատակութեան լուրը   ստացաւ  համացանցէն։

Քսանամեայ Կարօն, որուն անշնչացած մարմինը գտնուած է օրեր առաջ ծնած է Հալէպի մէջ։

Ան  2.5  տարեկանին   իր ծնողներու առաջնորդութեամբ եկած ու հաստատուած է Երեւան։

Նշենք, որ   Կարօ  Յովակիմեանի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կայացուի վաղը՝ ուրբաթ, 08.01.2021 երեկոյան ժամը 18:00-էն սկսեալ, Քանաքեռի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ներս, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը Շաբաթ 09.01.2021 ժամը 13:00-ին` զինուորական Պանթէոն՝ Եռաբլուրի մէջ:

 

 Յաւե՜րժ փառք մեր հերոսներուն։