image

Թրամփի ձախող նախագահութիւնը հասաւ աւարտին. խմբագրական «Մասիս»ի

Թրամփի ձախող նախագահութիւնը հասաւ աւարտին. խմբագրական «Մասիս»ի

Յունուար 20-ին, Ուաշինկթընի ժամով կէսօրուայ ճիշդ ժամը 12-ին, Ճօ Պայտըն Քափիթոլի շէնքի պատշգամներուն վրայ տալով իր երդումը կը դառնայ Ամերիկայի 46-րդ նախագահը: Նոյն օրը երդում կու տայ նաեւ Քամալա Հարրիս, դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին կին փոխ-նախագահը:

Նոյն պահուն կը փակուի Տանոլտ Թրամփի քառամեայ պաշտօնավարութեան էջը, որու ընթացքին երկիրը անցաւ բազմաթիւ փոթորիկներէ ու փորձութիւններէ: Վերջինը Յունուար 6-ին, ամբոխի ներխուժում էր Քափիթոլի շէնքէն ներս, այն պահուն երբ Փոխ-նախագահ Մայք Փէնսի գլխաւորութեամբ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու Տան անդամները համատեղ նիստ կը գումարէին կատարելու համար իրենց սահմանադրական պարտականութիւնըª հաստատելու նոր նախագահի ընտրութիւնը: Թրամփ իր աջ ծայրայեղական կողմնակիցները դրդելով այդ արարքին, վերջին յուսահատական քայլը կատարեց, ոմանց կարծիքով յեղաշրջումի փորձը, մնալու համար աթոռին:

Թրամփ կը հեռանայ Սպիտակ Տունէն ընկճուած ու վարկաբեկուած, մինչեւ վերջ մերժելով ընդունիլ իր պարտութիւնը:

Անցնող չորս տարիներուն Տանոլտ Թրամփ խախտեց բոլոր սովորութիւններն ու կանոնները: Ան անտեսեց երկրի օրէնքները, պաշտօնը օգտագործեց անհատական շահ ապահովելու համար, բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն պահանջեց իր անձին հանդէպ հաւատարմութիւն, քաջալերեց ու զօրացուց սպիտակ ցեղապաշտականները ու նացիստական շարժումները, քաղաքականացուց պետական հիմնարկները սկսեալ արդարադատութենէն, հասնելու համար գաղտնի սպասարկութիւնները, նոյնիսկ մարդահամարը եւ համաճարակի դէմ պայքարը: Ան գաղթական ընտանիքներու երեխաները անջատեց իրենց ծնողներէն, իսկ անկախ մամուլը կոչեց «ժողովուրդի թշնամի»:

Թրամփի ընտրութենէն առաջ եղած բոլոր մտավախութիւնները իրականութիւն դարձան: Ան կը հեռանայ ետին ձգելով բաժան-բաժան դարձած երկիր, տնտեսական եւ ընկերային մեծ տագնապներ, ահագնացող համաճարակ ու 400 հազար զոհ:

150 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնաւարտ նախագահը ներկայ չի գտնուիր իր յաջորդի երդման արարողութեան, որ կը նկատուի Ամերիկեան ժողովրդավարութեան ու իշխանութեան խաղաղ փոխանցումի խորհրդանիշերէն մէկը:

Հեռանալէն ետք իսկ, Թրամփին կը սպասէ Ծերակոյտէն ներս դատավարութիւն՝ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ երկրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնազրկման ենթարկուելէ ետք:

Նման պայմաններու տակ աւարտին կը հասնի Տանոլտ Թրամփի ձախող ու քաոսային պաշտօնավարումը, իսկ նոր նախագահին կը սպասէ բազում մարտահրաւէրներª ուղղելու համար նախորդի ձգած տխուր աւանդը եւ յաղթահարելու երկրի դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւնները:

 
«ՄԱՍԻՍ»