image

Երբեք չեմ զղջացած, որ Լիբանանը ձգելով հայրենիք հաստատուեցայ. Հայրենադարձած՝Վահէ Հալաճեան

Երբեք չեմ  զղջացած,  որ Լիբանանը ձգելով հայրենիք  հաստատուեցայ.  Հայրենադարձած՝Վահէ Հալաճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ Վահէ  Հալաճեանը:

 

-Արցախի պատերազմէն ետք ի՞նչ են զգացումներդ, որպէս հայրենադրձած, եւ ի՞նչ մտահոգութիւններ, մտավախութիւններ ունիս:

-Մեծ ցաւ: Ցաւը որ ապրեցանք շատ մեծ է, բայց ապագայի ակնկալիքներ անշուշտ կան:

Մտավախութիւնս հիմնական ապագայի ղեկավարութեան եւ ձեւաւորուելիք իշխանութեան ձեւին, գործելաոճին կը վերաբերի, որովհետեւ ինչ որ պատկերացուցած էինք, աղաւաղուեցաւ, եւ յստակ է որ որոշ շրջան մը վերջ պիտի փոխուի ներկայ ղեկավարութիւնը, բայց այդուհանդերձ, չեմ  փափաքիր նախկին տհաճ երեւոյթները անգամ մը եւս ապրիլ եւ ապրեցնել...:

 

-Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ եղած դէպքերը, զարգացումները ձեզ  կը մտահոգե՞ն, եւ ի՞նչ է այդ մտահոգութիւններուն պատճառը:

Ինչպէս վերը ըսի, ապագայի համար փոփոխութեան ակնկալիք ունինք, պայմանաւ, որ գալիքը   իշխանութիւնները   մեր երկիրը  դուրս բերեն  այս վիճակէն:

Յստակեցման համար ըսեմ, որ  ես կուսակցական չեմ, բոլոր կուսակցութիւնները կը յարգեմ: Ինծի համար ամենաբարձրը հայն է, հայութիւնն է, հայութեան եւ Հայաստանին պատկանելիութիւնս է, այս մէկը բոլոր կուսակցութիւններէն վեր է: Ինչ որ իմ հայրենիքիս, Հայաստանին լաւութիւն կը բերէ, այդ գաղափարին հետ կ'ըլլամ:

 

-Այսօր Հայաստանը ամէնէն շատ ինչի՞ պէտք ունի, այս մեծ համատարած ցաւէն դուրս գալու համար: Ձեր կարծիքով, ի՞նչն է որ կը պակսի Հայաստանին:

- Համատարած ցաւէն դուրս գալու համար Հայաստանին այսօր կը պակսի նոր, արդար, ուժեղ եւ  արդիական  ոճի պետութիւն, որ տակաւին չենք ունեցած...:

 

-Մերձաւոր Արեւելքէն՝ Լիբանանէն կու գաք: Այս շրջանին յատկապէս որեւէ զղջումի զգացում ունեցաք ծննդավայրը լքելու եւ մեր երկիր՝ Հայաստան հաստատուելու համար:

Երկմտանքի եւ վերահաշուարկի գաղափարներ շատ կարճ ժամանակի համար՝ երկու օր մը ունեցայ միայն... բայց շատ շուտ անդրադարձայ որ՝ ոչ, Հայաստան հաստատուելու որոշումս բնաւ սխալ չէր, մանաւանդ որ այն երկիրը ուրկէ եկայ, շատ աւելի  ծանր  վիճակի էր ու դեռ այդ վիճակը  կը շարունակուի...: Բացի այդ, ինչպէս վերը ըսի, ինծի համար առաջնային է հայութեան եւ Հայաստանին պատկանելիութիւնս: