image

Մահացած է անցեալ օգոստոսին Պէյրութի պայթումէն վիրաւորուած՝ Արտեմ Նանէճեանը

Մահացած է անցեալ օգոստոսին Պէյրութի պայթումէն վիրաւորուած՝ Արտեմ Նանէճեանը

Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք.  այսօր իր մահկանացուն կնքած է անցնող օգոստոսին Պէյրութի մէջ գրանցուած մեծ պայթումի ժամանակ  ծանրօրէն վիրաւորուած՝ Արտեմ Նանէճեանը։

Այս մասին նոյնպէս գրած է ՀԲԸՄ-ի ՀԵԸ-ի Պէյրութի Անդրանիկ մասնաճիւղը, նշելով նաեւ որ հանգուցեալը եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեան սկաուտական շարժումի երկարամեայ աշխոյժ անդամներէն մին եւ պայթումէն վիրաւորուելէ ետք յանձնուած է բժիշկներու խնամքին։

58 տարեկան Արտեմ ամուսնացած էր եւ ունէր մէկ դուստր։

ՀԲԸՄ-ը այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնած է հանգուցեալի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ միութենական իր ընկերներուն։

Այսպիսով Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը կը բարձրանայ 16-ի։

 Վերջին անգամ «Արեւելք» այս թեմային մասին գրած էր,  երբ հիւանդանոցային պայմաններու մէջ  իր մահկանացուն կնքած էր Անէթ Խաչիկեանը, որ նոյնպէս պայթումէն վիրաւորուելէ անմիջապէս ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ մինչեւ յաւերժութեան երթալը մնացած էր բժշկական խնամքի տակ։