image

«Զայրոյթի երկուշաբթի». Բողոքի նոր ալիք Պէյրութի մէջ

«Զայրոյթի երկուշաբթի». Բողոքի նոր ալիք Պէյրութի մէջ

Այսօր առաւօտեան ժամերէն ի վեր բողոքի  նոր ալիք մը գոյացած է Լիբանանի մէջ։

 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանեան  լրասփիւռներէ,  որոնք կը նշեն, որ  մասնաւորապէս մայրաքաղաք Պէյրութի, ինչպէս նաեւ կարեւոր մեծ քաղաքներու՝ Թրիփոլիի, Սայտայի, Սուրի եւ այլ շրջաններու մէջ մեծ թիւով քաղաքացիներ անիւներ հրկիզելով փակած են գլխաւոր ճանապարհները։

Sky News Arabya կը հաղորդէ, որ  առաւօտեան առաջին ժամերուն արդէն դէպի Պէյրութ տանող բոլոր հիմնական ճանապարհները փակ եղած են։

Քաղաքացիներ կը բողոքեն, երկրին մէջ ստեղծուած ծանր վիճակին դէմ, յատկապէս որ վերջին օրերուն ամերիկեան տոլարի սակը հատած է 10 հազար լիբանանեան լիրայի սահմանը։

Այդ մագլցումը, իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ  նաեւ ներքին շուկային վրայ եւ քաղաքացիք անկարող կը դառնան իրենց առօրեայ եւ ամենանախնական պէտքերը հոգալու։

Կառավարութեան գոյութեան բացակայութիւնը ու նաեւ քաղաքական պատկերի անորոշութիւնը աւելիով կը բարդացնէ, առանց անոր ալ ծանր վիճակի մէջ գտնուող Լիբանանը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 2019 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր երկիրը կ՚ապրի անհանգիստ վիճակ մը եւ ցոյցերու տարողութիւնը  Պէյրութը դարձուցած է ծայր աստիճան լարուած եւ զարգացումներով յղի քաղաք մը։