image

Հալէպին նոր յոյս. Լուսանկարիչ Ճօրճ Ուրֆալեան ուշագրաւ պատկերներ հրապարակեց (Լուսանկարներ)

Հալէպին նոր յոյս. Լուսանկարիչ Ճօրճ Ուրֆալեան ուշագրաւ պատկերներ հրապարակեց   (Լուսանկարներ)

Հալէպահայ լուսանկարիչ Ճօրճ Ուրֆալեան օրերս հրապարակած է Հալէպի տարբեր թաղամասերէն իր առած պատկերները։

Ուրֆալեանի կողմէ ներկայացուած լուսանկարներու «փունջ»ը աւելիով իմաստաւորուած է, երբ ան միեւնոյն ժամանակ ընթերցողներու լայն հասարակութեան ներկայացուցած է պատերազմի ընթացքին նոյն այդ վայրերէն առնուած լուսանկարները։

Ճօրճի կողմէ եղած այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս տարածուած է, եւ երկրի թիւ մէկ լրատուական գործակալութիւնը՝ «Սանա» նոյնպէս թողարկած է այդ լուսանկարները։

Պատերազմի փոշիին միախառնուած լուսանկարներ ու ատոնց կողքին վերաշինուած Հալէպի լուսանկարներ, որոնք տարբեր առումներով ալ մեծ յոյս կը ներշնչեն սուրիացիներուն ու մասնաւորապէս Հալէպով ապրող եւ նոյնիսկ Հալէպէն հեռացած մեր հայրենակիցներուն։

Ճօրճ ըլլալով, «Արեւելք»ի սերտ բարեկամներէն մին, նոյն այդ լուսանկարները դրաւ մեր տրամադրութիւն տակ, որուն համար ալ կը յայտնենք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները։

Մեր հայրենակից Ճօրճ հաւատացող է սուրիական հայրենիքի յաղթանակին ու որպէս հայ ալ կը շարունակէ ծառայել իր երկրին ու ծննդավայրին։

Ճօրճի համար հայրենասիրութեան թելը չի պարփակուիր միայն Սուրիոյ ու Հալէպի թաղերուն մէջ, այլ կը զանցէ բոլոր տեսակի սահմանները ու սաւառնելով կը հասնի Հայաստան ու Արցախ։

Շնորհակալութիւն մեր ազնիւ բարեկամին ու միշտ նորանոր  նուաճումներ մաղթելով անոր ու անոր տաղանդով պարուրուած լուսանկարչական ոսպնեակին։