image
Հրատապ լուրեր:

Վերյիշելով անցեալը. «Ճիշդ է, որ ես Հալէպ ծնած եմ, բայց Ճարապլուսը ծննդավայրէն աւելին էր ...» Շուշիկ Պարսումեան-Սաֆար

Վերյիշելով անցեալը. «Ճիշդ է, որ ես Հալէպ ծնած եմ, բայց Ճարապլուսը ծննդավայրէն աւելին էր ...» Շուշիկ Պարսումեան-Սաֆար

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Շուշիկ Պարսումեան Սաֆար

- Այս տարիներուն յաճախ Ճարապլուս քաղաքի անունը կը լսենք, որպէս Սուրիոյ մէջ թրքական հովանաւորութեամբ գործող հրոսակներու կեդրոն: Ամէն անգամ, որ այդ անունը լսէք ինչ զգացումներ կ'ունենաք:

Երբ ես Ճարապլուսի մասին կարդացի «Արեւելք»-ի մէջ, շատ ուրախացայ, որովհետեւ ուրիշ որեւէ մէկ օրաթերթ կամ լրատուամիջոց չէր անդրադարձած այս հայաբնակ գիւղին: Պատերազմէն ետք, արաբական լրատուամիջոցները սկսան անդրադառնալ Ճարապլուսի մասին, երբ Թուրքիան ներխուժեց ու գրաւեց ճարապլուսը:

Ճարապլուսի համար բաւական վերնագիրներ հաւաքած եմ, եւ պիտի ամփոփեմ զանոնք պզտիկ գրութեամբ մը իմ սճարապլուսի մասին:Ճարապլուս Թուրքիոյ սահմանին գտնուող քաղաք է, պատմական անունը՝ Կարկէմիշ։Ճարապլուսի հայ գաղութը ընդհանրապէս Պէրէճիկէն, Ուրֆայէն եւ Կարմուճէն բռնագաղթած հայերէ բաղկացած էր։

 

- Ձեր մանկութեան օրերէն վերյուշ մը կայ կապուա Ճարապլուսի հետ։

Ճարապլուսը ինծի համար ծննդավայրէ  աւելին  է, չնայած որ ես Հալէպ ծնած եմ: Մեծ հայրս իր երեք եղբայրներով գաղթականութենէն եկած են Կարմուճէն, մէկը հաստատուած է Ճարապլուս, միւսը Հալէպ, իսկ երրորդը՝ Իրաք: Ցեղասպանութեան հետեւանքով եղած բռնագաղթի տարիներէն անմիջապէս ետք Ճարապլուսի հայկական համայնքը սկսաւ աճիլ։

 Մեր նախնիները սկիզբը չեն ունեցած դպրոց եւ եկեղեցի: Իրենց անձնական ծախսերով կառուցած են եկեղեցի մը եւ անոր կողքին երեք սենեակնոց դպրոց մը, ու նաեւ խոշոր սրահ մը: Դպրոցը ունեցած 600 աշակերտ, իսկ ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները Հալէպէն կու գային, եւ բոլորն ալ օժտուած բարձր վկայականներով: Ազգային վարժարանը կը կոչուէր «Մեսրոպեան» վարժարան, իսկ պետութեան հրամանով ալ դպրոցը պէտք է արաբական անուն մըն ալ ունենար անուն մըն ալ ունենար, ու այդ պատճառով ալ դպրոցը նաեւ կոչուած էր «Ալ Ֆուրաթ» անունով, իսկ այդ անունը կրելուն պատճառն այն էր, որ Եփրատ գետը կ՚անցնէր Ճարապլուսի միջով։

Ճարապլուսի Ազգ. Դպրոցի Մանկապարտիզպանուհին իմ հօրաքոյրս էր՝ օր. Զաքիէ Պարսումեան, որ նաեւ նախակրթարանի բոլոր կարգերուն հայերէն լեզու կը դասաւանդէր:

Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համայնքներն ալ ունէին իրենց դպրոցները, բայց ամէնէն շատ թիւ ունեցող դպրոցը Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանն էր:

Դժբախտաբար 1965-էն սկսեալ, հայկական դպրոցները սկսան փակուիլ , որովհետեւ հայերը սկսան գաղթել դէպի Հալէպ , Լիբանան եւ Ամերիկա, եւ աշակերտութեան թիւը արագօրէն նուազեցաւ: Հայ ընտանիքներու հայրերը մնացին Ճարապլուս աշխատանքի, իսկ կիներն ու զաւակները փոխադրուեցան այն քաղաքները, ուր աւելի ուշ ալ պիտի մեկնէին  այդ ընտանիքները՝ հաստատուելու։ Այդ ընտանիքներէն մէկը մենք էինք, ես Հալէպ ուսանած եմ, նախ Ազգ.Սահակեան վարժարան, ապա Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանէն շրջանաւարտ: Բայց ամառները ընդհանրապէս Ճարապլուս կ'անցնէինք, քանի որ հայրս այնտեղ կը մնար:

Մինչեւ 1990ական թուականները, Ճարապլուսի վիճակը լաւ էր, բաւական զարգացում ապրեցաւ, երկրորդական պետական դպրոցներ բացուեցան, հայկականները ինչպէս ըսի, 1965-էն արդէն սկսած էին փակուիլ: Ճարապլուսի չորս կողմի գիւղերէն գաղթ սկսաւ դէպի քաղաքի կեդրոն, որ աւելի զարգացած գիւղաքաղաք մը դարձած էր։ Նոր հասնողները կը պատկանէին Սուրիոյ տարբեր համայնքներուն ու ատոր հետեւանքով քաղաքին մէջ կազմուեցաւ կրօնական զանազանութեան նոր պատկեր մը, որուն մէջ ալ կարեւոր տեղ գրաւեցին աւելի ծայրայեղ սիւննիները։ Անոնք շատ «ինքնավստահ» էին, այնքան մը որ սկսան ոտնձգութիւններ կատարել, որոնց ալ յաճախ զոհ գացին հայկական դպրոցներն ու ակումբը։ Հայրս շատ կանուխէն զգացած էր այդ վտանգը ու ատոր համար ալ ամէն ինչ ըրաւ, որ մենք շուտ հեռանանք Ճարապլուսէն։

Հայրս եկեղեցւոյ թաղականներէն էր, առաւել հայկական ազգային դպրոցի հոգաբարձուներէն, եւ իր մօտ կը պահուէին եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ ակումբի բանալիներն ու գոյքերը: Եւ այդպէս համատարած մտավախութիւններուն հետեւանքով հետզհետէ նօսրացաւ հայութեան թիւը։1990-ին, իմ վերջին այցելութեանս ատեն, Ճրապլուսի մէջ գրեթէ հայ չէր մնացած, հազիւ 2-3 տղամարդ:

Նոյն ատեններուն ալ շատեր հօրս խրատեցին, որ ի վերջոյ հեռանայ Ճարապլուսէն, բայց ան դէմ էր, ու կ'ըսէր այնքան ատեն որ մէկ հայ կայ ճարապլուսի մէջ ՝ «ես անոր տէր ու տիրական պիտի ըլլամ, եւ առանձինն պիտի չլքեմ մեր գաղութը»։ Ի դէպ մեր տունն ալ շատերու կողմէ «Ազգային տուն»  կը կոչուէր, որովհետեւ այլ շրջաններէ Ճարապլուս այցելող հայորդիներ մեր տան մէջ կը հիւրընկալուէին։

Մարդագրական պատկերի փոփոխութիւնէն ետք Ազգային Առաջնորդարանը ստիպուած եղաւ վաճառելու Ճարապլուսի դպրոցն ու եկեղեցին: Առաջնորդարանէն եկան ներկայացուցիչներ, վերցուցին խորանի մասունքները, սկիհը, պատարագի բաժակները, ակումբի գոյքերն ու ապրանքները նաեւ դպրոցի գիրքերը եւ այլն: Եւ այն ատեն միայն հայրս լքեց Ճարապլուսը եւ վերջնականապէս փոխադրուեցաւ Հալէպ:

 

- Պայմաններու բերումով դուք Սուրիան լքեցիք եւ ստիպուած եղաք հեռանալ: Հիմա այսքան տարուայ պատերազմէն ետք ի՞նչ կը մտածէք Սուրիոյ մասին:

Մենք Հալէպի պատերազմին տոկացինք 4 տարի, ապա փոխադրուեցանք Լիբանան։ Աղջիկս բժշկական համալսարանի (դեղագործութիւն)  4-րդ տարուան ուսանող էր, սակայն չկարողացաւ Լիբանանի մէջ ուր ուսումը շարունակել ու այդ պատճառով ալ վերադարձաւ Հալէպ։ Ան հրթիռներու սպառնալիքներուն տակ մեծ ճիգեր իրականացուց եւ ուսումը լիարժէք կերպով աւարտելէ ետք դարձեալ միացաւ մեզի։ Ներկայիս զաւակներս աղջիկս ու տղաս Հայաստան են ու վստահ եմ, որ բոլոր հայերու ապագան վերջ ի վերջոյ հայրենիքը պիտի ըլլայ: Մեր երիտասարդները, ուսեալները պէտք է երթան մեր հայրենիքը ու այնտեղ շէնցնեն, ու զարգացնեն:

Ինչ կը վերաբերի Ճարապլուսին, ապա չեմ կարծեր, որ Ճարապլուսի հայկական գաղութը կը վերականգնուի, ցաւօք հայկական Ճարապլուսը մնաց անցեալին մէջ։ սակայն Հալէպի պարագան նոյնը չէ եւ այդ մէկը ուրախացնող է։ Հալէպի մեր գաղութը կանգուն է, ու կանգուն ալ պիտի մնայ իր եկեղեցիներով ու դպրոցներով ու ակումբներով:

 

- Տեսակէտ մը կայ, որ մենք հայերս ամէն դժուարութեան առջեւ տեղի կու տանք եւ կը ձգենք այդ երկիրը ուր ապրած ենք, ուր մեծցած ենք, ուր հասակ առած ենք, եւ հազիւ դժուարութիւն մը ըլլայ լքած ենք այդ երկիրները։ Նոյնը պատահեցաւ Սուրիոյ մէջ, երբ պատերազմին հետեւանքով, մեծ թիւով հայեր լքեցին ու հեռացան...։ Իսկ այսօր շատ մը սուրիահայեր Հայաստան կամ Լիբանան կ'ապրին, եւ եթէ դժուարութիւններու առջեւ կանգնին, կրնայ ըլլալ լքեն ու հեռանան։ Ինչի՞ն կը վերագրէք այս մօտեցումը եւ արդեօք ճիշդ է: Դէպի ո՞ւր կ'երթայ այս ձեւով հայութիւնը ձեր կարծիքով:

Ես քաղաքագէտ վերլուծաբան չեմ անշուշտ, որ այսպիսի կարծիք տամ, բայց ըստ երեւոյթին, կրօնական հարցեր պիտի ծագին, մանաւանդ իսլամի եւ քրիստոնեայի միջեւ: Հետեւաբար, իմ կարծիքով, մեր միակ ապաստանը հայրենիքը՝ Հայաստանը պէտք է ըլլայ:

 

 - Սուրիան իբրեւ երկիր ապագայ ունի՞ եւ ամենակարեւորը, 10 տարուայ պատերազմէ ետք, ինչ ապագայ կը սպասէ սուրիահայերուն:

Հայը միշտ յոյսով կ'ապրի։ Սուրիոյ պարագային ալ, ես վստահ եմ որ հայութիւնը դարձեալ ոտքի պիտի հանէ այդ վիրաւոր գաղութը։Մեծամասնութիւնը գաղթած է, դպրոցներ փակուած են, եկեղեցիներ քանդուած, այս բոլորը ետ վերականգնելու համար, ուժ, կորով եւ աշխատանքի կը կարօտի եւ ամենակարեւորը յոյսի, որովհետեւ ամէն մարդ չի կրնար պարզապէս ձգել ու ելլել Սուրիան, հետեւաբար մնացողին պէտք է յոյս տալ...։ Իւրաքանչիւրս պէտք է օգնենք իր կարողութեան համեմատ, պայման չէ միայն նիւթականով, որպէսզի գոնէ մնացող հայերը Սուրիոյ մէջ հանգիստ ապրին, եւ իրենց կեանքը շարունակեն ու ետ կազմեն այդ զօրաւոր գաղութը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիահայերուն եւ լիբանանահայերուն տնտեսական վիճակին, իսկապէս շատ ահռելի է: Այս տարի Լիբանանի մէջ շատ զգալի է, հայութեան տնտեսական ծանր վիճակը, սղութիւնը մէկ կողմէ, անգործութիւնը միւս կողմէ: Նոյն է պարագան նաեւ Սուրիոյ, սղութիւնը ամէն տեղ է: Ան որ կրնայ նիւթական օգնութիւն հասցնել, այս երկու գաղութներուն, թող հասցնէ, որովհետեւ իրապէս օժանդակութեան մեծ կարիք կայ։

 

Լուսանկարին մէջ Ճարապլուսի մեր տան բակն է, 1967-ին։

Կ՚երեւին երջանկայիշատակ՝ Տ. Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, հայրս՝ Խաչիկ Պարսումեան,

ձախին պր. Յարութիւն Նիկողոսեան (տնօրէն՝ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի) տարիքոտ տիկինը՝ մեծ մայրս, աջէն առաջինը մայրս, մօտը՝ հօրաքոյրս, Պր. Նիկողոսեանին մօտ կանգնող անոր տիկինն է իր կինն է, իսկ փոքրիկները՝ քոյրերս են: