image

Տեղի ունեցաւ գրող Թորոս Թորանեանի հոգեհանգստեան կարգը

Տեղի ունեցաւ գրող Թորոս Թորանեանի հոգեհանգստեան կարգը

Երեւանի Սեբաստիա Մալաթիա շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ այսօր յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ օրերս մահացած գրող, մտաւորական, հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեանի հոգեհանգստեան կարգը:

Ի ներկայութիւն սգակիրներու, ընտանեկան պարագաներու, ինչպէս նաեւ բարեկամներու, ներկաները հետեւեցան հոգեպարար արարողութեան եւ միասնաբար կատարեցին Հայր մեր աղօթքը:

Նշենք որ Թորոս Թորանեանի թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը: Այն ընթացք պիտի առնէ նոյն վայրէն եւ յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, ներկաները միասնաբար պիտի ուղղուին Շահումեանի գերեզմանատուն, ուր հանգուցեալի աճիւնները պիտի յանձնուին հողին:

Թորոս Թորանեանի շիջումով կարեւոր էջ մը կը փակուի սփիւռքահայ մտաւորականութեան տոմարէն. էջ մը, որ կը բաբախէր Հայաստանով ու հայութեամբ եւ որուն արմատները կ'երթան մինչեւ վաղ յիսունականներ, երբ Հայաստանի երազը նոր բողբոջներ կու տար ամբողջ սփիւռքի մէջ:

Ճիշդ է, խօսքը խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանի մասին է, սակայն Թորոս Թորանեանի եւ իր սերնդակիցներու աչքերուն մէջ անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի երազանքը միշտ վառ մնացած է: