image

«Մենք կարիքն ունինք լուրջ իշխանութեան , որովհետեւ Հայաստանը յաւելեալ ցնցումներ չի կրնար տանիլ...» Ալեքսան Քէօշկէրեան

«Մենք կարիքն ունինք լուրջ իշխանութեան , որովհետեւ Հայաստանը յաւելեալ  ցնցումներ չի կրնար տանիլ...» Ալեքսան Քէօշկէրեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, լիբանանահայ ազգային գործիչ՝ Ալեքսան Քէօշկէրեանը: 

 

-Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք Հայաստանի մէջ կայանալիք  խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններէն՝ նախ եւ առաջ որպէս սփիւռքահայ, հայրենիքի խնդիրներով ապրող հայ եւ նաեւ որպէս կուսակցական գործիչ: 

 

Յառաջիկայ 20 Յունիսին խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ արտակարգ պայմաններու տակ: Երկիրը պարտուած է, պատերազմէ նոր ելած, հող կորսնցուցած ենք, հազարաւոր զոհեր ունինք, մէկ տասնեակ հազարէ աւելի վիրաւորներ ունինք, անյայտ թիւով գերիներ եւ այլ ծանր վնասներ կրած ենք: Այս բոլոր ճնշիչ պայմաններուն տակ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ ընտրութիւնները:

Գալով ընտրութեան ընդհանուր գաղափարին, գիտենք, որ որեւէ ընտրական գործընթաց ընդհանրապէս կը բնութագրուի երեք հանգրուաններով՝ նախընտրական քարոզարշաւի հանգրուանը, ընտրութեան օրը եւ նոր խորհրդարանի կազմաւորումն ու կառավարութեան ծնունդը: Յաճախ առաջին հանգրուանէն կարելի կ'ըլլայ մօտաւոր կերպով կանխատեսել եւ յաջորդ հանգրուաններուն վերաբերեալ պատկերացում մը կազմել, մինչեւ իսկ կարելի է պատկերացում կազմել յառաջիկայ կազմուելիք խորհրդարանին եւ կառավարութեան մասին:

Դժբախտաբար, օրերս սկսած քարոզարշաւի հանգրուանին եղած ելոյթներուն բովանդակութիւնը, հայերէն լեզուի ցած որակը, անձնական քինախառն եւ վիրաւորական խօսքերը, մինչեւ իսկ զինեալ մենամարտի հրաւէրները կը խրտչեցնեն զիս։ Տեսնելով այս տխուր եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը անհարիր երեւոյթները եւ առաջնորդուելով վերը իմ նշած տրամաբանութեան վրայ, կրնամ ըսել, որ մեծ ակնկալիքներ չունիմ ընտրական ասպարէզ իջած թեկնածուներէն:

Եթէ ընտրական ուժերու ընդհանուր համայնապատկերին նայինք, այնտեղ գլխաւոր ուժերն են՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւն»ը՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, իմ կարծիքով, ասոր կու գայ հետեւելու «Հայաստան» դաշինքը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, որուն կրնայ հետեւիլ ՝ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած դաշինքը, որ կը կոչուի «Պատիւ ունեմ», որուն իսկական գլխաւոր ղեկավարողը Սերժ Սարգսեանն է, եւ ասոր կրնայ հետեւիլ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Հայ Ազգային Քոնկրէս» կուսակցութիւնը եւ այսօրուայ խորհրդարանին մէջ գոյութիւն ունեցող «Լուսաւոր Հայաստան»ը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, իրենց ղեկավարներով հերթաբար՝ Էտմոն Մարուքեան եւ Գագիկ Ծառուկեան:

Այս բոլոր ուժերը որ թուարկեցի, իրենց արտաքին ընդհանուր քաղաքականութեամբ կը պատկանին այն խումբին, որ Ռուսաստանը կը համարէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից: Կրնայ ըլլալ Էտմոն Մարուքեանը քիչ մը առանձնացնել միւս ուժերէն , որ աւելի չափաւոր է այս ուղղութեամբ: Այս խումբին դիմաց այսօր ծառացած են մի քանի ուրիշ ուժեր, որոնք արեւմտամէտ կուսակցութիւններն են: Արեւմտամէտ ուժերու ներկայացուցիչներն են՝ Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը՝ Արամ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Շիրինեան-Պապաճանեան «ժողովրդավարական դաշինք»ը եւ «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ը:

Հիմա, գալով բուն հարցումին, եթէ ինծի կը հարցնէք իմ ակնկալութիւններս ինչ են, Ճիշդն ասած, ես այս բոլորին մէջ իմ ակնկալութիւններս բաւարարող ոչ մէկ ուժ կը տեսնեմ:

Եթէ իշխանութեան պիտի գայ Քոչարեանը՝ իր խումբով, մենք գիտենք, որ Քոչարեանը կը պատկանի այդ հին իշխանութեան, որ Հայաստանը հասցուց այստեղ, որուն վզին եւս կը բարդանայ այս պատերազմին պատասխանատուութեան որոշ մասը, նաեւ բոլորս գիտենք Քոչարեանի իշխանութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած քաղաքական սպաննութիւնները, փտածութիւնը՝ արեւելահայերէնով ըսած «քորուփցիան», եւ մնացեալ մանրամասնութիւնները: Նոյնը կարելի է ըսել Սերժ Սարգսեանի ժամանակահատուածին մասին, բայց այս պարագային ի հարկէ քաղաքական դաշտը շատ աւելի բարենպաստ էր, սակայն փտածութիւնը գլուխը առած գացած էր: Այսինքն, փտածութեան իմաստով, հիները՝ ըլլայ Սերժ Սարգսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ինչու չէ նաեւ,Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Հայաստանին փրկութիւն չեն կրնար բերել: Գալով Նիկոլ Փաշինեանին, ան իր երեք տարուայ իշխանութեան ժամանակահատուածին իր տուած խոստումները չկրցաւ կատարել, այո՛, կարելի է ըսել որ մասնակի յաջողութիւններ ունեցաւ՝ կաշառակերութիւնը զսպել եւ այլն, բայց անդին չկրցաւ կառուցել ամուր պետութիւն մը, չկրցաւ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ճիշդ տնօրինել եւ, վերջ ի վերջոյ, պատերազմ պարտուած վարչապետ մըն է: Եւ գալով վերջին խմբակին, որ արեւմտամէտ խմբակն է, այս խմբակը ոչ միայն ռազմավարական դաշնակից չի նկատեր, այլ նաեւ կը նկատէ Հայաստանին թշնամի երկիր կը համարէ Ռուսաստանը։ Անոնք նաեւ Հայաստանի բոլոր դժբախտութիւնները կը վերագրեն Ռուսաստանին եւ Ռուսաստան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն, եւ կը գտնեն, որ մեր պատերազմին պարտուելու պատճառը Ռուսաստան-Թուրքիա գործակցութիւնն է, եւ բնականաբար կը մերժեն բոլորին՝ Նիկոլ Փաշինեանին եւ մնացած բոլոր ուժերուն։

Վերադառնալով իմ ակնկալիքներուս, ես կը կարծէի որ այս ընտրութիւնները մեր երկիրը լրիւ ուրիշ տեղ պիտի տանին, պիտի ծնի այնպիսի երրորդ հոսանք մը, որ պիտի կարողանայ միջին եզր մը գտնել, յստակ ծրագիրներ ունենալ, սակայն այդպէս չեղաւ։

Երբ կը նայիմ եւ կը լսեմ քաղաքական ուժերուն ելոյթները, որեւէ մէկը չեմ տեսներ այդ ակնկալիքներուն համապատասխանող:

Յաճախ ինծի կը հարցնեն, - լաւ, քու նախընտրանքդ ո՞վ է, ինչպիսի տիպար մը կ'ուզես տեսնել, - ես այստեղ պարզապէս որպէս օրինակ պիտի ըսեմ՝ Հայաստանի ղեկավար ողբացեալ Կարէն Տէմիրճեանի մակարդակին ղեկավար մը. այնպիսի ղեկավար մը, որ կարողանայ առաջնորդ ըլլալ, որ կարողանայ երկիրը այս ճգնաժամէն դուրս բերել, որ յստակ տեսլական մը ունենայ ապագայի, որ երբ որ խօսի, ժողովուրդին վստահութիւնը գրաւէ: Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ այսօր ասպարէզ իջած ուժերը բոլորն ալ փորձուած են, բոլորն ալ իրենց հերթին շատ ժխտական կողմեր ցոյց տուած են, սակայն ի վերջոյ որոշողը մեր հայրենաբնակ ժողովուրդն է, մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը ինքն է որ պիտի կողմնորոշուի եւ ինքն է որ պիտի ընտրէ յաջորդ խորհրդարանը:

Աւարտին, ես կը ցանկամ, որ   բոլոր  ուժերէն խորհրդարան մը կազմուի, ուր իշխանութիւն ըլլայ եւ ընդդիմութիւն, բայց ընդդիմութիւնը ըլլայ  այնքան մը ուժեղ , որ իշխանութիւնը տասը եւ  չափէ մէկ գործէ։ Այսինքն ըլլայ այնպիսի ընդդիմութիւն մը, որ կարողանայ լաւ վերահսկել իշխանութիւններուն գործը։ Ի վերջոյ մեր երկիրը, մեր պետութիւնը յաւելեալ ցնցումներ չի տանիր, իր առջեւ ունի շատ ծառացած խնդիրներ՝ գերիներու հարց, սահմաններու խնդիր, Ղարաբաղի չլուծուած հարց: Այսինքն, գալիք իշխանութիւնը այնպիսի լուրջ իշխանութիւն մը պէտք է ըլլայ, որ մեր ժողովուրդի այս անկիւնադարձային եւ շատ դժուար ժամանակահատուածին կարողանայ այս ալեկոծ ծովուն մէջէն նաւարկել եւ Հայրենիքի նաւը խաղաղ ափեր հասցնել։