image

Հալէպի Աւետարանական Էմանուէլ Եկեղեցին Հրթիռի Թիրախ. Վնասները Նիւթական Են (Լուսանկար)

Հալէպի  Աւետարանական  Էմանուէլ Եկեղեցին   Հրթիռի Թիրախ. Վնասները Նիւթական Են (Լուսանկար)

Հրթիռ մը ինկած է  Հալէպի   Հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցիին վրայ: Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրթիռը ինկած է  Կիրակի   յետմիջօրէի  ժամը 2:00-ին: Հրթիռին հետեւանքով մեծ վնասներ կրած են  եկեղեցիին     երդիքն ու նստարանները:  Նշենք, որ Հալէպի հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցին կը գտնուի Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանին մէջ եւ   շուրջ 100  տարուան կեանք ունեցող   աղօթքի տուն մըն է:  Երէկ  եկեղեցիին մէջ     տեղի ունեցած է առաւօտեան պաշտամունք: