image
Հրատապ լուրեր:

«Ալ Նուսրա» Ճակատը Քանդած Է Ղընէմյէի Հայոց Եկեղեցիները (Տեսանիւթ)

«Ալ Նուսրա»  Ճակատը   Քանդած Է  Ղընէմյէի Հայոց Եկեղեցիները  (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան «Ալ Մանար»  պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ  «Ալ Նուսրա»  ճակատը    քանդած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ղընէմյէ գիւղին եկեղեցիները։ Պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսագրութեան մէջ կը ներկայացուի Ժագ անունով անհատ մը, որ Ղընէմյէ գիւղին Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք‚ տարիներու սպասումէն ետք կ’այցելէ իր տունը‚ որ քարուքանդ եղած է։ Գիւղին հայկական եկեղեցին եւ աւետարանական եկեղեցին ենթարկուած են դիտաւորեալ քանդումի։ Քանդուած եւ պղծուած են նաեւ գերեզմանները։ Գիւղի հայ բնակիչներէն մէկը պատկերասփիւռի կայանին կը յայտնէ.«Այս չարիքի արմատը թուրքերն են, իրենք է որ կացութիւնը այս վիճակին հասցուցին, իրենք է որ քանդեցին։ Իսկ զինեալները հարազատ կրկնօրինակն են թուրքերուն‚ որոնք կրօնք չունին» ըսած  է ան:  Զինեալները գիւղին մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են։  «Ալ Նուսրա»  ճակատի զինեալները գիւղը վերածած են իրենց հրամանատարական կեդրոնին։ Գիւղը‚ որուն տուները   կառուցուած  են   քարերէ  եւ ժայռափոր են‚ զինեալ խմբաւորումներուն շրջանէն վտարուելէն առաջ վերածուած էր թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կեդրոնի‚ որ կը գտնուէր իրենց գլխաւոր կեդրոնին՝ Սալմա բնակավայրի թիկունքին։«Ալ Մանար»-ի լրագրող  Սոմար Հաթէմ  տեսերիզի վերջաւորութեան կը նշէ. «Հայերուն դէմ թուրքերուն ջարդերը կը կրկնուին 21-րդ դարուն. այդ է կարծիքը համեստ Ղընէմյէի  գիւղի բնակիչներուն»  Նշենք, որ «Ալ Մանար» կայանը կը պատկանի  լիբանանեան   «Հըզպալլա»  կուսակցութեան: