Սինճարի (Իրաք) մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին հիմնայատակ քանդուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Իրպիլի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ վերջերս եկեղեցիին մօտ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդկանց կմախքներ եւ կը կարծուի, որ գտնուած աճիւնները կը պատկանին շրջանին մէջ ապրող եզիտիներու: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Տահէշի այդ շրջան մուտք գործելէն առաջ հայ բնակչութիւնը հեռացած է շրջանէն: Նշենք, որ երկրի հիւսիսը գտնուող Սինճար քաղաքը (Նինուէի նահանգ) կը համարուի Իրաքի եզիտի համայնքի գլխաւոր կեդրոնատեղին: Սինճարի հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող եկեղեցիին պատմութեան մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: