image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Հայկական Վարժարանները Այսօր Փակ Կը Պահեն Իրենց Դռները

Հալէպի  Հայկական     Վարժարանները   Այսօր Փակ Կը Պահեն Իրենց Դռները

«Արեւելք»ի թղթակից Ժիրայր Կարապետեան կը տեղեկացնէ, որ  Հալէպի հայկական հիմնական    վարժարանները՝ Ազգային Սահակեան-Զաւարեան վարժարան, Ազգային  Հայկազեան- Կիւլպէնկեան  միացեալ վարժարան    եւ Ազգային  Քարէն Եփփէ Ճեմարան ապահովական      մտահոգութիւններով այսօր  փակ  պիտի պահեն իրենց  դռները: Մեր լրագրողին   ունեցած տեղեկութիւններով երէկ ծանր օր մը եղած է Հալէպի,  մասնաւորապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն վերոնշեալ  վարժարանները: Երէկ  գրանցուած հրթիռարաձկումներէն ետք  խուճապի մթնոլորտ ստեղծուած  է   վերոնշեալ  դպրոցներուն մէջ:  Յիշեցնենք, որ երէկ  ծանր հրթիռարձակման  ենթակայ եղած էին   Հալէպի հայաբնակ շրջանները    եւ   ահաբեկիչ զինեալներ, խախտելով  առկայ հրադադարը, կրակ  տեղացուցած էին      Վիլլաներու, Սրբոց Նահատակաց  եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ   Արքուպ  շրջանի  Սահաթ Բէժո եւ Քաբրի հատուածներուն   վրայ: Գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ,   որոնց մէջ,  մեր տեղեկութիւններով, հայեր չկան:  Կը նշուի նաեւ, որ նախնական տեղեկութիւններով    հայկական   վարժարանները   իրենց դռները  պիտի վերաբանան    յառաջիկայ շաբաթ: