image

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հանդիպում մը ունեցած է սուրիահայ համայնքի եւ հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներու, համայնքային խնդիրներով զբաղող բարերարներու եւ պատասխանատու պաշտօնեաներու հետ: Այս մասին  կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Հանրապետութեան Նախագահը նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները հրաւիրուած են քննարկելու աջակցութեան նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն անմիջականօրէն տեղեկանալու վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին, այդ իրավիճակին մէջ գտնուող հայկական համայնքի ներկայ կարիքներուն մասին, մտքեր փոխանակելու նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ ներգաղթող սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան ծրագիրներու վերաբերեալ:

«Ցաւօք, արդէն տեւական ժամանակ է, որ Սիրիան եւ, յատկապէս, Հալէպը դուրս չեն գալիս միջազգային լրահոսից՝ այնտեղ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւնների պատճառով: Մեզ համար, նկատի ունեմ հայերիս, Սիրիան, Հալէպը սոսկ ծանօթ անուններ չեն, ինչպէս շատ-շատերի համար, այլ երկիր, բնակավայր, որտեղ ապրում են մեր հայրենակիցները: Եւ հէնց այդ պատճառով է, որ մինչ այսօր Հալէպում գործում է մեր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, այն դէպքում, երբ բոլոր երկրների դիւանագիտական ներկայացուցիչները վաղուց լքել են Հալէպը:

Միանշանակ կարող եմ ասել, որ մեր մօտեցումը եղել է եւ այսօր էլ մնում է հետեւեալը՝ իւրաքանչիւր սիրիահայ իրաւունք ունի Հայաստան գալու, աւելին, եթէ նա այնուամենայնիւ լքում է Սիրիան, ցանկալի է, որ գայ Հայաստան: Մենք պատրաստ ենք անել հնարաւորը, որպէսզի գոնէ նուազագոյն պայմաններ ստեղծենք, որ ժամանակի ընթացքում այդ մարդիկ կարողանան ինտեգրուել մեր հասարակութեանը եւ արդէն իրենք կարողանան լուծել իրենց խնդիրները»,- ըսած է Նախագահը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան եւ հանդիպման միւս մասնակիցները հանրապետութեան նախագահին հետ կիսուած են Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմական իրադարձութիւններու պատճառով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւններով, սուրիահայ համայնքին միասնական ուժերով սատար կանգնելու առաջարկութիւններով եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կառոյցներուն կողմէ մեր հայրենակիցներուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն ցուցաբերուող սրտցաւ ու հոգատար վերաբերումին եւ աջակցութեան համար:





Լուրը ՝ ՀՀ նախագահի  պաշտօնական կայքէն: