image

Կարէն Կարապետեան բարձր դրական վարկանիշ կը պահպանէ. 82,8 տոկոսը անոր կրկին վարչապետ կ'ուզէ տեսնել. Gallup International Association

Կարէն Կարապետեան բարձր դրական վարկանիշ կը պահպանէ. 82,8 տոկոսը անոր կրկին վարչապետ կ'ուզէ տեսնել. Gallup International Association

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը շարունակէ ամենաբարձր դրական վարկանիշը պահպանել, որպէս քաղաքական գործիչ եւ անոր պատկերը սկսած է ազդել նաեւ կուսակցութեան վարկանիշին վրայ։ Հարցումին պատասխանած ՀՀ քաղաքացիներու 82,8 %-ն ընտրութիւններէն ետք կ'ուզէ կրկին վարչապետ տեսնել Կարէն Կարապետեանին: 

 

Այսօր հրաւիրուած ասուլիսին  Gallup International Association-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան հարցման արդիւնքները ամփոփելով՝ այս մասին ըսած է ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը։ 

 

Արման Նաւասարդեանը նաեւ նշած է, որ հարցումներ եղած են նաեւ կուսակցութիւններու վարկանիշի վերաբերեալ եւ նախորդ հարցման համեմատ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցանիշը առաջ անցած է «Ծառուկեան» դաշինքի ցուցանիշէն: Անոր խօսքով՝ Կարէն Կարապետեանի մասնակցութիւնը քարոզարշաւին եւ անոր պատկերը նպաստած է ՀՀԿ վարկանիշի աճին։ 

 

«Նրա իմիճը միանշանակ դրականօրէն ազդել է ՀՀԿ ցուցանիշի վրայ, եւ գրանցել են աւելի բարձր ցուցանիշներ»,-ընդգծած է ան: