image

Հնդեհ Հիւսիսային պողոտայի «Հին Էրիվան» պանդոկին մէջ (Լուսանկարներ)

Հնդեհ Հիւսիսային պողոտայի «Հին Էրիվան» պանդոկին մէջ (Լուսանկարներ)

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը այսօր՝ 28 յունիսի առաւօտ, ժամը 08:36-ին ահազանգ ստացած է, Հիւսիսային պողոտայ 2 հասցէով գտնուող «Հին Էրիվան պանդոկի մէջ բռնկած հրդեհի մասին:

Դէպքի վայր մեկնած է ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի խումբերը, հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը, մէկ սանդուղք-ինքնաշարժ եւ երեք մարտական հաշուարկ:  

Հրդեհը յաջողած են մարել ժամը 09:02-ին: 

Այրած են «Հին Էրիվան» պանդոկի 7-րդ յարկի բացօթեայ սրճարանը (մօտ 20 քմ), վերելակի արտաքին երեսպատումը, ջերմահարուած է առաստաղը, երկու հեռատեսիլ եւ գույք: 

ԱԻՆ կայքը կը յայտնէ, որ հրդեհի պատճառի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւն կը տրուի աւելի ուշ: