Օրեր առաջ բանտին մէջ մահացած Լեւոն Հայրապետեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի այսօր:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմ Մացակ Փոլատեանէն,որ այս առթիւ կը գտնուի Մոսկուա:
Փոլատեան նաեւ փոխանցեց, որ հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Մոսկուայի առաջնորդանիստ Սուրբ Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ մէջ յետ միջօրէի ժամը 5:00-ին:
Յիշեցնենք, որ Հայրապետեան 2013 թուականին օծուած ու իր դռները բացած Սուրբ Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն մին էր: