ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին պատկանող տարածքներու մէջ խուզարկութիւն կատարուած է: Այս մասին կը յայտնեն Յատուկ քննչական ծառայութենէն:
«Մարտ 1-ի գործի ծիրէն ներս խուզարկութիւն կատարուած է Ռոպերթ Քոչարեանի առանձնատան ու գրասենեակին մէջ,- կը հաղորդէ ՀՔԾ-ն` նշելով, որ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: